Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այն Հելուէի Գաղթակայանը Կը Շարունակէ Մնալ Անկայուն

August 26, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ain_helwe_8-25-15

Պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ Ֆաթհի եւ ծայրայեղ իսլամականներուն միջեւ զինեալ բախումները բուռն կերպով շարունակուեցան ամբողջ գիշերուան ընթացքին եւ մինչեւ կէսօր:

Այն Հելուէի բախումները պատճառեցին Ֆաթհի շարքերէն այլ զոհ մը եւ վիրաւորեցին 13 ուրիշներ:

Կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Այն Հելուէի մէջ զինադադար հաստատուեցաւ, սակայն քանի մը ժամ ետք բախումները դարձեալ ծայր առին:

Նասըրական շարժումի նախագահ Ուսամա Սաատ հաստատեց, որ ամէն ջանք ի գործ կը դրուի Այն Հելուէի մէջ զինադադարի հասնելու նպատակով:

Ան նշեց, որ գաղթակայանին դէմ դաւադրութիւն մը նիւթուած է` պաղեստինեան ազգային պայքարին մէջ անոր դերակատարութիւնը ջնջելու միտումով:

Սաատ զգուշացուց պաղեստինեան խմբաւորումները այդ դաւադրութենէն` աւելցնելով, որ լիբանանեան ազգային անվտանգութիւնը վտանգուած է Այն Հելուէի մէջ տիրող կացութեան պատճառով:

Լիբանանի մէջ Պաղեստինեան իշխանութեան դեսպան Աշրաֆ Տապպուր շեշտեց, որ պաղեստինեան գաղթակայաններուն մէջ կացութեան ապակայունութենէն օգտուող միակ կողմը Իսրայէլն է` ընդգծելով, որ Ֆաթհ շարժումը յստակ պատասխաններ կու տայ գաղթակայանին ապահովական կայունութիւնը խախտել փափաքող կողմերուն:

Տապպուր յայտնեց, որ գաղթակայանին մէջ կան իսլամականներ, որոնք Այն Հելուէի ընտանիքները կը նկատուին, «սակայն անոնցմէ ոմանք արտաքին զօրակցութիւն եւ ֆինանսաւորում կը ստանան եւ հետեւաբար կը ծառայեն այլ օրակարգի եւ տարբեր յանձնառութիւններու», ըսաւ ան:

 

 

 

Նախորդը

«Վարչապետը Ոտնձգութիւններ Կը Գործէ Հանրապետութեան Նախագահին Իրաւասութիւններուն Դէմ» Շեշտեց Ժըպրան Պասիլ

Յաջորդը

Պըրրի – Ատուան Հանդիպում

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.