Լիբանանեան

Քրիստոնեայ Հոգեւոր Պետերը Կոչ Կ՛ուղղեն  Ընտրելու Հանրապետութեան Նախագահը  Եւ Ապա Կազմելու Նոր Կառավարութիւն Մը

Քրիստոնեայ Հոգեւոր Պետերը Կոչ Կ՛ուղղեն Ընտրելու Հանրապետութեան Նախագահը Եւ Ապա Կազմելու Նոր Կառավարութիւն Մը

Քրիստոնեայ հոգեւոր պետերը, որոնց շարքին մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը, Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքը, Անտիոքի եւ համայն արեւելքի յոյն ուղղափառ համայնքի Եուհաննա Ժ. Եազիժի պատրիարքը, Անտիոքի եւ համայն արեւելքի յոյն կաթողիկէ համայնքի Կրեկորիոս Գ. Լահհամ պատրիարքը, ինչպէս նաեւ քրիստոնեայ այլ յարանուանութիւններու հոգեւոր պետեր երէկ առաւօտեան Պքերքէի մէջ գումարեցին վեհաժողով...

Քաղաքական Տարբեր Ուժեր Կ՛ողջունեն  Պըրրիի Առաջադրած  Երկխօսութեան Նախաձեռնութիւնը

Քաղաքական Տարբեր Ուժեր Կ՛ողջունեն Պըրրիի Առաջադրած Երկխօսութեան Նախաձեռնութիւնը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կողմէ առաջադրուած ազգային երկխօսութեան հրաւէրը արժանացաւ լիբանանեան քաղաքական տարբեր ուժերու ողջոյնին: Այս շրջագիծին մէջ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ հաստատեց, որ իրենք կը զօրակցին երկխօսութեան հրաւէրին եւ կը յուսան, որ անիկա յաջողութեամբ պսակուի: Հըզպալլա պաշտօնական հաղորդագրութեամբ մը ամբողջական զօրակցութիւն յայտնեց Պըրրիի նախաձեռնութեան` հաստատելով, որ երկխօսութեան այդ հրաւէրը իսկական առիթ մըն է` լուծելու համար շարք մը...

Մաշնուք Հրաժարեցաւ Աղբի Տագնապի  Լուծման Նախարարական Յանձնախումբէն

Մաշնուք Հրաժարեցաւ Աղբի Տագնապի Լուծման Նախարարական Յանձնախումբէն

Մոհամետ Մաշնուք Կենսոլորտի նախարար Մոհամետ Մաշնուք երէկ հրաժարեցաւ աղբի տագնապի լուծման նպատակով կազմուած նախարարական յանձնախումբէն եւ վարչապետ Թամմամ Սալամէն խնդրեց զինք փոխարինել այլ նախարարով մը: Այս որոշումին լոյսին տակ նախարարական յանձնախումբին գումարելիք երէկուան նիստը առկախուեցաւ: Վարչապետ Թամմամ Սալամ իր կարգին յանձնախումբի նախագահ նշանակեց երկրագործութեան նախարար Աքրամ Շեհայէպը` անոր յանձնելով երկրին աղբերու տագնապին անմիջական լուծում մը գտնելու առաքելութիւնը: Շեհայէպ յայտնեց, որ...

Սիկրիտ Քաակ Այցելեց Ժեմայէլի Եւ Հաժ Հասանի

Սիկրիտ Քաակ Այցելեց Ժեմայէլի Եւ Հաժ Հասանի

Հաժ Հասան եւ Քաակ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Սիկրիտ Քաակ երէկ այցելեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլի, որուն հետ քննարկեց տեղական իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Քաակ յայտնեց, որ Լիբանան կայուն եւ միասնական երկիր է, որ հզօր հաստատութիւններ, ինչպէս նաեւ շրջանին մէջ իւրայատուկ դերակատարութիւն ունի: Քաակ յայտնեց, որ իրենք կը գտնուին Լիբանանի նուիրատու երկիրներու յատուկ նիստին գումարումին նախօրեակին,...

Ընդհանուր Ապահովութեան Ուժերը  Կը Ձերբակալեն ՏԱՀԵՇ-ի Անդամ Լիբանանցի Մը

Ընդհանուր Ապահովութեան Ուժերը Կը Ձերբակալեն ՏԱՀԵՇ-ի Անդամ Լիբանանցի Մը

Ընդհանուր ապահովութեան ուժերը հրապարակեցին հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նկատել տուին, որ ձերբակալած են լիբանանցի ահաբեկիչ մը, որ ՏԱՀԵՇ-ի անդամ է եւ կը զբաղի ահաբեկիչներ զինուորագրելու առաքելութեամբ: Հարցաքննութեան ընթացքին ան ընդունած է նաեւ, որ ինք ենթարկուած է ականներ պատրաստելու եւ ինքնաշարժներ ականելու վարժութիւններու, ինչպէս նաեւ հետապնդած է բանակայիններ` զանոնք ահաբեկչութեան թիրախ դարձնելու նպատակով: Ան խոստովանած է նաեւ, որ ինք ականուած գօտիներ...

Ռաատ. «Եթէ Ուզենք Փտածութեան  Թղթածրարներ Բանալ,  Ապա Վարչակարգը Փուլ Կու Գայ»

Ռաատ. «Եթէ Ուզենք Փտածութեան Թղթածրարներ Բանալ, Ապա Վարչակարգը Փուլ Կու Գայ»

Մոհամետ Ռաատ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ նկատել տուաւ, որ փտածութեան դէմ կազմակերպուած ցոյցերուն վերաբերեալ Հըզպալլա ժխտական կեցուածքներ չունի, ընդհակառակն` ան կը փափաքի, որ երկրին ընկերային հարցերն ու ապրուստի հետ կապուած խնդիրները լուծուին: «Սակայն բոլորս ալ գիտենք, որ կան ռազմավարական վտանգներ, որոնք կը սպառնան Լիբանանին եւ կ՛ուզենք նաեւ բողոքի ձայն բարձրացնել հաւատադրժողականներուն, սիոնականներուն եւ ահաբեկչութիւնը քաջալերող ու ֆինանսաւորող...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կողմէ առաջադրուած երկխօսութեան հրաւէրները առաւելագոյնը տասը օրուան ընթացքին պիտի հասնին քաղաքական ուժերու ղեկավարութիւններուն: ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը Պաալպեքի մէջ ձերբակալեց 20 սուրիացիներ, որոնք առանց փաստաթուղթի մուտք գործած էին Լիբանան: ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ զարմանք եւ գարշանք արտայայտեց այն իրականութեան համար, որ կառավարութիւնը երկու ամիսէ ի վեր...

Լիբանանեան Քաղաքացիական Ընկերութիւնը  Բազմամարդ Ցոյցով Մը  Կը Վերահաստատէ Իր Պահանջները

Լիբանանեան Քաղաքացիական Ընկերութիւնը Բազմամարդ Ցոյցով Մը Կը Վերահաստատէ Իր Պահանջները

«Հոտերնիդ ելաւ» արշաւը անցեալ շաբաթ օր, երեկոյեան ժամը 6:00-ին Պէյրութի Նահատակաց հրապարակին վրայ կատարեց քաղաքացիական ընկերութեան մեծագոյն ցոյցը, որուն մասնակիցներուն թիւը, անպաշտօն աղբիւրներու համաձայն, գնահատուեցաւ աւելի քան 150 հազարով: Դէպի Նահատակաց հրապարակ ցուցարարներուն հոսքը սկսաւ կէսօրուան ժամերէն, իսկ ցուցարարներու այլ խմբաւորում մը հաւաքուեցաւ ներքին գործոց նախարարութեան դիմաց եւ հոնկէ ուղղուեցաւ դէպի ցոյցին վայրը: Քաղաքացիական ընկերութեան զանազան խմբաւորումներուն պատկանող երիտասարդներն ու...

Նապաթիէի Մէջ.  Իմամ Մուսա Սատըրի Անհետացման 37-Ամեակը  Դարձաւ Ազգային Երկխօսութեան Կոչի Առիթ Մը

Նապաթիէի Մէջ. Իմամ Մուսա Սատըրի Անհետացման 37-Ամեակը Դարձաւ Ազգային Երկխօսութեան Կոչի Առիթ Մը

Նեպիհ Պըրրի Կազմակերպութեամբ Ամալ շարժումին, երէկ Նապաթիէի Աշուրա հրապարակին վրայ նշուեցաւ իմամ Մուսա Սատըրի եւ անոր ընկերակիցներուն անհետացման 37-ամեակը, որուն ներկայ գտնուեցան մեծ թիւով քաղաքական անձնաւորութիւններ, բոլոր համայնքները ներկայացնող հոգեւորականներ, որոնց կարգին նաեւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, ինչպէս նաեւ Ամալ շարժումի հետեւորդներու ծովածաւալ բազմութիւն մը: Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի այս առիթով արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ հաստատեց,...

Ժորժ Ռիֆի Ընտանիքը Քայլարշաւ Մը  Կը Կատարէ Անոր Քառասունքին Առիթով

Ժորժ Ռիֆի Ընտանիքը Քայլարշաւ Մը Կը Կատարէ Անոր Քառասունքին Առիթով

Ժմմայզէի մէջ քառասուն օրեր առաջ դանակոծուած Ժորժ Ռիֆի ընտանիքը, հարազատներն ու բարեկամները, երէկ երեկոյեան ժամը 7:00-ին Նահատակաց հրապարակէն մինչեւ անոր սպանութեան վայրը կատարեցին քայլարշաւ մը: Անոնք խստիւ դատապարտեցին կատարուած անարգ ոճիրը` պահանջելով խստագոյն պատիժի ենթարկել ոճրագործը:    

«Այս Հանգրուանին Խիստ Կարիքը Ունինք  Իմամ Մուսա Սատըրի Իմաստուն Միտքերուն`  Դարձեալ Համախոհութիւն Գոյացնելու Համար»  Շեշտեց Վարչապետ Սալամ

«Այս Հանգրուանին Խիստ Կարիքը Ունինք Իմամ Մուսա Սատըրի Իմաստուն Միտքերուն` Դարձեալ Համախոհութիւն Գոյացնելու Համար» Շեշտեց Վարչապետ Սալամ

Թամմամ Սալամ Վարչապետ Թամմամ Սալամ շաբաթավերջին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ իմամ Մուսա Սատըրի անհետացման 37-ամեակին առիթով պէտք է հաստատել, որ այս հանգրուանին խիստ կարիքը ունինք Սատըրի իմաստուն միտքերուն, որոնց շնորհիւ լիբանանցիները կրնան դուրս գալ իրենց ներկայ իրավիճակէն եւ համախմբուիլ` թօթափելու համար Լիբանանին սպառնացող դժուարութիւնները: Միւս կողմէ, վարչապետ Սալամին մօտիկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ ան կ՛ողջունէ ներքին լիբանանեան մակարդակի...

Ռայի Պատրիարքը Կոչ Կ՛ուղղէ Անմիջապէս  Նախագահական Ընտրութիւն Կատարելու

Ռայի Պատրիարքը Կոչ Կ՛ուղղէ Անմիջապէս Նախագահական Ընտրութիւն Կատարելու

Պատարագէն պահ մը Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Տիմանի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան Ս. պատարագին, որուն ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ  հաստատեց, որ երկրին հարցերուն լաւագոյն լուծում ապահովելու համար պէտք է անմիջապէս նախագահական ընտրութիւն կատարել` սահմանադրութեան համաձայն: Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ տիրող ներկայ իրավիճակը հետեւանք է քաղաքական, նիւթական եւ բարոյական սպառողական մտայնութեան, որ առաջնահերթութիւն կը նկատուի` լիբանանեան...

Պարաքէ. «Պաղեստինեան Միացեալ Ուժերը  Երկաթեայ Բազուկով Պիտի Հարուածեն  Գաղթակայանին Ապահովութիւնը  Խանգարող Ոեւէ Կողմ»

Պարաքէ. «Պաղեստինեան Միացեալ Ուժերը Երկաթեայ Բազուկով Պիտի Հարուածեն Գաղթակայանին Ապահովութիւնը Խանգարող Ոեւէ Կողմ»

Պահիա Հարիրի` պաղեստինեան պատուիրակութեան հետ Լիբանանի մէջ Ֆաթհ շարժումի ներկայացուցիչ Ալի Պարաքէ շաբաթավերջին այցելեց Մաժտալիուն, ուր հանդիպում մը ունեցաւ երեսփոխան Պահիա Հարիրիի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ վերջերս արձանագրուած զինեալ բախումները, որոնց լոյսին տակ Պարաքէ շեշտեց, որ Պաղեստինեան միացեալ ուժերը երկաթեայ բազուկով պիտի հարուածեն գաղթակայանին ապահովութիւնը խանգարող ոեւէ կողմ: Պարաքէ հաստատեց, որ Այն Հելուէի մէջ անցեալ հինգշաբթի...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՏԻՒՐԶԻ համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասան յայտնեց, որ երկրին սահմանադրական հաստատութիւններուն աշխատանքը կասեցնելու ժամանակաշրջանին մէջ, կառավարութիւնը սահմանադրական իմաստով գոյութիւն ունեցող միակ ամրոցն է: ԶԱՊԱՏԱՆԻԻ մէջ Դիմադրութեան եւ ահաբեկչական խմբաւորումներուն միջեւ շարունակուող ճակատումներուն ընթացքին սպաննուած է Մաժտալ Այնճարի բնակիչ` ՏԱՀԵՇ-ի պատասխանատու Հիւսէյն Եասին, որ ծանօթ է Սոմօ անունով: ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը յայտնեց, որ Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ ձերբակալած են...

Լիբանանցիները Այսօր Ցոյցի Մը Ընդմէջէն  Պիտի Բողոքեն Աղբի Տագնապին Դէմ

Լիբանանցիները Այսօր Ցոյցի Մը Ընդմէջէն Պիտի Բողոքեն Աղբի Տագնապին Դէմ

Լուսանկարը՝ Սագօ Պեքարեանի «Հոտերնիդ ելաւ» արշաւը այսօր երեկոյեան ժամը 6:00-ին Նահատակաց հրապարակին վրայ պիտի կատարէ ցոյց մը, իսկ արշաւին անդամները երէկ երեկոյեան Նահատակաց հրապարակին վրայ լարեցին վրաններ: «Հոտերնիդ ելաւ» արշաւի պատասխանատու Ասաատ Զըպիան մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին հաստատեց, որ իրենք այսօր պիտի իջնեն փողոց հիմնական չորս պահանջներով, որոնք են. ա) Պատժել անցեալ շաբաթ երեկոյեան անզէն քաղաքացիները խոշտանգած եւ անոնց դէմ...

Վարչապետ Սալամ Տաւութօղլուի  Օժանդակութիւնը Կը Խնդրէ

Վարչապետ Սալամ Տաւութօղլուի Օժանդակութիւնը Կը Խնդրէ

Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ թուրք իր պաշտօնակիցին` Ահմեթ Տաւութօղլուի հետ եւ անկէ օժանդակութիւն խնդրեց աղբերու տագնապին լուծման գծով: Տաւութօղլու խոստացաւ այս իմաստով մասնագէտներու յանձնախումբ մը գործուղել Լիբանան: «Անատոլու» լրատու գործակալութեան համաձայն, Տաւութօղլու վարչապետ Սալամին յայտնած է Լիբանանին օժանդակելու Թուրքիոյ պատրաստակամութիւնը, որպէսզի ան կարենայ լուծել ներկայ տագնապը: Այս իմաստով, Տաւութօղլու իր ցուցմունքները տուած է Թուրքիոյ կենսոլորտի նախարար...

Մաշնուք. «Ցոյցի Իրաւունքը Պիտի Չարգիլենք,  Սակայն Վարչապետարան Եւ Խորհրդարան  Մուտքը Պիտի Չարտօնենք»

Մաշնուք. «Ցոյցի Իրաւունքը Պիտի Չարգիլենք, Սակայն Վարչապետարան Եւ Խորհրդարան Մուտքը Պիտի Չարտօնենք»

Ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք երէկ ներքին գործոց նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին անդրադարձաւ անցեալ շաբաթավերջէն սկսեալ երկրին մէջ տեղի ունեցող ցոյցերուն եւ անոնց ընթացքին արձանագրուած բռնութիւններուն: Մաշնուք շեշտեց, որ ցոյցի իրաւունքը սուրբ է, եւ իրենք պիտի չարգիլեն այդ իրաւունքը, պայմանաւ որ ցոյցը, արտայայտուիլը կամ այդ ընթացքին օգտագործուած որեւէ միջոց պետական եւ սեփական ինչքերուն վնաս չհասցնեն: «Պէտք է...

Զօր. Աուն Կ՛առաջադրէ Բարեկարգումի  Նախագիծ Մը, Որ Կը Սկսի Ժողովուրդին Կողմէ  Նախագահի Ընտրութեամբ

Զօր. Աուն Կ՛առաջադրէ Բարեկարգումի Նախագիծ Մը, Որ Կը Սկսի Ժողովուրդին Կողմէ Նախագահի Ընտրութեամբ

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Ռապիէի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին առաջադրեց բարեկարգումի նախագիծ մը, որ կը սկսի ժողովուրդին կողմէ հանրապետութեան նախագահի ընտրութեամբ, եթէ երեսփոխանական ընտրութիւններէն առաջ նախագահ մը ընտրելու տրամադրութիւն գոյութիւն ունի: «Այլապէս պէտք է վաւերացնել համամասնական դրութեամբ ընտրական օրինագիծ մը, որ կ՛երաշխաւորէ լիբանանցի ժողովուրդին արդար ներկայացուցչութիւնը, կատարել երեսփոխանական...

Պքերքէի Աղբիւրներ Ռայի Պատրիարքին  Եւ Զօր. Աունի Միջեւ Հանդիպումը  Դրական Կը Գնահատեն

Պքերքէի Աղբիւրներ Ռայի Պատրիարքին Եւ Զօր. Աունի Միջեւ Հանդիպումը Դրական Կը Գնահատեն

Պքերքէի յատուկ աղբիւրներ շեշտեցին, որ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին եւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի միջեւ հանդիպումը եղած է դրական եւ քննարկուած են բոլոր հարցերը: Միւս կողմէ, նոյն աղբիւրները շեշտեցին, որ իրենք կը զօրակցին ցոյցեր կատարելու լիբանանցիներուն իրաւունքին, սակայն կառավարութեան տապալումը այս հանգրուանին արկածախնդրութիւն է:

Page 909 of 985 1 … 908 909 910 … 985

Արխիւներ