Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նապաթիէի Մէջ. Իմամ Մուսա Սատըրի Անհետացման 37-Ամեակը Դարձաւ Ազգային Երկխօսութեան Կոչի Առիթ Մը

August 31, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Նեպիհ Պըրրի
Նեպիհ Պըրրի

Կազմակերպութեամբ Ամալ շարժումին, երէկ Նապաթիէի Աշուրա հրապարակին վրայ նշուեցաւ իմամ Մուսա Սատըրի եւ անոր ընկերակիցներուն անհետացման 37-ամեակը, որուն ներկայ գտնուեցան մեծ թիւով քաղաքական անձնաւորութիւններ, բոլոր համայնքները ներկայացնող հոգեւորականներ, որոնց կարգին նաեւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, ինչպէս նաեւ Ամալ շարժումի հետեւորդներու ծովածաւալ բազմութիւն մը:

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի այս առիթով արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ հաստատեց, որ իմամ Մուսա Սատըրի եւ անոր ընկերակիցներուն թղթածրարին հետապնդումը պիտի շարունակուի: Ան հաստատեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ դրած են այդ իմաստով եւ Լիպիոյ հետ յարաբերութիւններու վերահաստատումը պայմանական նկատած` Սատըրի անհետացման թղթածրարին իմաստով գործակցութեամբ:

Պըրրի կոչ ուղղեց լիբանանեան ապահովական կառոյցներուն գործակցելու Լիպիոյ հետ` իմամ Մուսա Սատըրի թղթածրարին ծալքերը բացայայտելու նպատակով: «Ամօթ է եւ ամօթալի, որ ամբողջ Լիբանանին պատկանող այս հարցին նկատմամբ ցուցաբերուի երկրորդական թղթածրարի մը նկատմամբ ցուցաբերուած վերաբերմունքը», ըսաւ ան:

Պըրրի հաստատեց, որ Ամալ շարժումը իմամ Մուսա Սատըրի մասին ոչ մէկ տեղեկութիւն ծածուկ կը պահէ:

Անդրադառնալով Պէյրութի մէջ ժողովրդային շարժումներուն` Պըրրի Ամալ շարժումին անունով զօրակցութիւն յայտնեց անոնց եւ իրաւացի գտաւ այդ շարժումները, կոչ ուղղելով կազմակերպողներուն ճշդելու իրենց պահանջները:

«Սրտանց եւ անկեղծօրէն կ՛ըսեմ ցուցարարներուն, որ հարցը երկրին համայնքային վարչակարգին եւ զրկանքին մէջ է, ինչպէս նաեւ փտածութեան, որ անկարելի է բարեկարգել համայնքային վարչակարգին ներքեւ: Հետեւաբար պահանջեցէք համամասնական դրութեամբ ընտրական օրէնք մը, որպէսզի կարելի ըլլայ կերտել քաղաքացիական պետութիւնը, ուր բարեկարգումները կարելի է իրականացնել», ըսաւ ան:

Կառավարութեան գործունէութեան առումով, Պըրրի յայտնեց, որ Ամալ շարժումը կառչած կը մնայ կառավարութեան եւ անոր աշխատանքներուն աշխուժացումին: «Կառավարութեան գործունէութեան շարունակութիւնը ազգային անհրաժեշտութիւն է այս հանգրուանին», ըսաւ ան:

Միւս կողմէ, Պըրրի կոչ ուղղեց, որ սեպտեմբերի առաջին տասը օրերուն ընթացքին լիբանանցի պատասխանատուները ընդառաջեն երկխօսութեան նիստի մը, որուն պիտի մասնակցին վարչապետն ու երեսփոխանական պլոքներուն նախագահները:

Ան նշեց, որ այդ երկխօսութիւնը իր ձեւին մէջ 2006-ի երկխօսութենէն տարբեր չէ, սակայն բովանդակութեան իմաստով տարբեր է:

Պըրրի նշեց, որ երկխօսութեան ընթացքին պիտի քննարկուին նախագահական ընտրութիւնը, խորհրդարանին ու կառավարութեան աշխատանքները, ընտրական օրէնքը, քաղաքացիութիւն ստանալու օրէնքը, վարչական ապակեդրոնացեալ դրութեամբ գործելու կարելիութիւնը, ինչպէս նաեւ բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն զինումը:

Ոգեկոչման ձեռնարկին աւարտին Պըրրի Զահրանի-Սուր-Նաքուրա մայրուղին անուանեց Մուսա Սատըրի անունով:

ՆՇԵՆՔ, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի անմիջապէս ընդառաջեց Պըրրիի կողմէ առաջադրուած երկխօսութեան նախաձեռնութեան, որ նկատուեցաւ դրական քայլ: Ան աւելցուց, որ նախագահական ընտրութեան հարցով գոյանալիք համախոհութիւնը առողջ մուտքը պիտի ըլլայ այլ հարցերու եւ տագնապներու լուծման:

Նախորդը

Ժորժ Ռիֆի Ընտանիքը Քայլարշաւ Մը Կը Կատարէ Անոր Քառասունքին Առիթով

Յաջորդը

Լիբանանեան Քաղաքացիական Ընկերութիւնը Բազմամարդ Ցոյցով Մը Կը Վերահաստատէ Իր Պահանջները

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.