Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Ռապիէի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին առաջադրեց բարեկարգումի նախագիծ մը, որ կը սկսի ժողովուրդին կողմէ հանրապետութեան նախագահի ընտրութեամբ, եթէ երեսփոխանական ընտրութիւններէն առաջ նախագահ մը ընտրելու տրամադրութիւն գոյութիւն ունի:
«Այլապէս պէտք է վաւերացնել համամասնական դրութեամբ ընտրական օրինագիծ մը, որ կ՛երաշխաւորէ լիբանանցի ժողովուրդին արդար ներկայացուցչութիւնը, կատարել երեսփոխանական թափանցիկ ընտրութիւններ, ապա նորընտիր խորհրդարանին կողմէ կատարել նախագահական ընտրութիւն եւ ի վերջոյ կազմել կառավարութիւն մը, որ բարեկարգումի ծրագիր կը մշակէ` երկրին բարգաւաճման նպատակով», ըսաւ ան:
Զօր. Աուն գնահատեց անցեալ շաբաթավերջին եւ անցնող քանի մը օրերուն ընթացքին կատարուած ցոյցերը, որոնք արդարացի են եւ ցոյց կու տան լիբանանցիներուն գիտակցութիւնը եւ իրենց իրաւունքները պահանջելու կամքն ու ոգին:
«Այդ իրաւունքները նաեւ կ՛իյնան մեր ներկայացուցած պահանջներուն առանցքին մէջ», հաստատեց ան` աւելցնելով սակայն, որ մերժելի է ցուցարարներուն կողմէ կատարուած ընդհանրացումը` այն իմաստով, որ անոնք քաղաքական ամբողջ դասը փտածութեամբ ամբաստանած են:
Զօր. Աուն կոչ ուղղեց ցուցարարներուն հեռու մնալու բռնարարքներէ, որովհետեւ այդ արարքները կրնան ջրել իրենց պահանջներուն արդարացիութիւնը:
Զօր. Աուն կոչ ուղղեց մասնակցելու Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան կազմակերպած ցոյցին, որ տեղի պիտի ունենայ ուրբաթ, 4 սեպտեմբեր 2015-ին, երեկոյեան ժամը 5:30-ին, Նահատակաց հրապարակին վրայ:
Ան շեշտեց, որ իրենք կառավարութենէն չեն հրաժարած եւ չեն մտածեր հրաժարելու մասին, որովհետեւ այլ կառավարութիւն մը կազմելու կարելիութիւն չկայ:
Առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր երեկոյեան այցելեց զօր. Աունի, որուն հետ հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ կան որոշ միտքեր եւ նախաձեռնութիւններ, որոնց շնորհիւ կարելի է քաղաքական տագնապը լուծել: Ան աւելցուց, որ իրենք համոզուած են, թէ լուծումները կ՛օժանդակեն բաժանումները կանխելու եւ պետական հաստատութիւնները աշխուժացնելու: