
Ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք երէկ ներքին գործոց նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին անդրադարձաւ անցեալ շաբաթավերջէն սկսեալ երկրին մէջ տեղի ունեցող ցոյցերուն եւ անոնց ընթացքին արձանագրուած բռնութիւններուն:
Մաշնուք շեշտեց, որ ցոյցի իրաւունքը սուրբ է, եւ իրենք պիտի չարգիլեն այդ իրաւունքը, պայմանաւ որ ցոյցը, արտայայտուիլը կամ այդ ընթացքին օգտագործուած որեւէ միջոց պետական եւ սեփական ինչքերուն վնաս չհասցնեն:
«Պէտք է նաեւ ի մտի ունենալ, որ անկարելի է, որ որեւէ պայմանի ներքեւ արտօնուի ցուցարարներուն վարչապետարան կամ խորհրդարան հասնիլ, որովհետեւ անոնք պետական կառոյցներ են, եւ ազատութեան կարգախօսին տակ կարելի չէ հոն մուտք գործել», ըսաւ Մաշնուք` շեշտելով, որ ներքին ապահովութեան ուժերը իրենց պարտականութիւնը պատասխանատուութեամբ կատարած են:
Ան աւելցուց, որ ներքին ապահովութեան ուժերուն շարքերուն մէջ արձանագրուած են 146 վիրաւորներ, իսկ քաղաքացիներուն շարքերուն մէջ 61 վիրաւորներ` դիտել տալով, որ անցեալ շաբաթ օր արձանագրուած են սխալներ` ցուցարարներուն դէմ բիրտ ուժի օգտագործումով եւ այդ իմաստով հաշուետուութիւն պիտի կատարուի:
Մաշնուք շեշտեց, որ ապահովութեան ուժերը պէտք չէ ներկայացնել իբրեւ հրէշներ, ի վերջոյ անոնց պարտականութիւնն է պահպանել քաղաքացիներուն անվտանգութիւնը, եւ անոնք յանձնառու են իրենց առաքելութեան:
Ան զգուշացուց ցուցարարները համայնքային եւ յարանուանական կիրքեր հրահրելու փորձերէ եւ ատելութիւն սերմանելէ:
Մաշնուք երեկոյեան ուղղուեցաւ Սայֆի, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլի հետ:
Հանդիպումէն ետք Մաշնուք հաստատեց անյապաղ նախագահական ընտրութիւն կատարելու կարեւորութիւնը` շեշտելով, որ այդպիսով կարելի կ՛ըլլայ գործադրել սահմանադրութիւնը:


