ՏԻՒՐԶԻ համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասան յայտնեց, որ երկրին սահմանադրական հաստատութիւններուն աշխատանքը կասեցնելու ժամանակաշրջանին մէջ, կառավարութիւնը սահմանադրական իմաստով գոյութիւն ունեցող միակ ամրոցն է:
ԶԱՊԱՏԱՆԻԻ մէջ Դիմադրութեան եւ ահաբեկչական խմբաւորումներուն միջեւ շարունակուող ճակատումներուն ընթացքին սպաննուած է Մաժտալ Այնճարի բնակիչ` ՏԱՀԵՇ-ի պատասխանատու Հիւսէյն Եասին, որ ծանօթ է Սոմօ անունով:
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը յայտնեց, որ Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ ձերբակալած են լիբանանցի մը, որ Ֆաթհ Իսլամի անդամ է:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը Հասպայայի մէջ ձերբակալեց 7 սուրիացիներ, որոնք ապօրինի կերպով Լիբանան մուտք գործած էին:
ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս յայտնեց, որ զինուորական յեղաշրջումի մասին շրջանառութեան մէջ դրուող լուրերը վերացական են` աւելցնելով, որ իրենք բանակի հրամանատարութեան մասին արդէն իսկ չեն մտածեր:
ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ բարեկարգում կարելի պիտի չըլլայ գործադրել, այնքան ատեն որ երկրին պետական հաստատութիւնները սառած վիճակի մէջ են:
ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապ ողջունեց
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթը` Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունին անոր յղած պատգամին համար: Ան շեշտեց, որ տրուելիք պաշտօնական բոլոր որոշումներուն պարագային իրեն համար առաջնահերթութիւններ պիտի ըլլան երկու բանակներուն ամսական աշխատավարձի յաւելումը` լիբանանեան բանակին եւ ուսուցիչներու բանակին:
ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Զաայթեր շեշտեց, որ լիբանանցիները իրենց միասնականութեամբ կը կերտեն ուժ մը եւ ինչ ալ ըլլան դժուարութիւնները` կրնան դիմագրաւել զանոնք:
ԱՆՊԱՇՏՕՆ աղբիւրներ հաստատեցին, որ Ժալ Էլ Տիպի քաղաքապետ Էտուար Զարատ Ապու Ժաուտէ աղբերու հարցին գծով յատուկ լուծումներու մասին չի մտածեր:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Նաուաֆ Մուսաուի շեշտեց, որ իրենք համաձայն են, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը կառավարութեան լիիրաւ գործակից դառնայ:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Եասին Ժապեր յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երկխօսութեան յատուկ խորհրդաժողովի մը կը պատրաստուի` աւելցնելով, որ այդ իմաստով տակաւին կը սպասուին կարգ մը քաղաքական ուժերու պատասխանները:
ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Ռիատ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանան մուտք գործած է վտանգաւոր անցք մը եւ կացութիւնը կ՛ուղղուի դէպի յաւելեալ վատթարացում:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Թամմամ Սալամի մօտիկ աղբիւրներ անոր խորհուրդ տուած են մնալու վարչապետարանին եւ ոչ Մսայթպէի իր բնակարանին մէջ:
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը երէկ խզեց Լիբանանի օդային սահմանները եւ հետախուզական թռիչքներ կատարեց Հասպայայի, Խիամի, Արքուպի եւ Ռաշայա Ուատիի վերեւ:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ֆատի Ապպուտ շեշտեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան քաղաքական գործունէութեան հիմնական նպատակը պետութեան մէջ գտնուող փտածութեան դէմ պայքարն է:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ ներկայիս երկրին դիմագրաւած բոլոր հարցերուն լուծումը կարելի է ապահովել նախագահական ընտրութեամբ:
ՄԱՐՈՆԻ ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ, նախկին նախարար Ուատիհ Խազեն յայտնեց, որ կառավարութեան հրաժարականը ներքին լիբանանեան եւ միջազգային առումով կարելի չէ:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հիւսէյն Մուսաուի հերքեց այն ամբաստանութիւնները, թէ Հըզպալլա եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը Լիբանանը կը մղեն դէպի անիշխանութիւն:
ՍԱՅՏԱՅԻ քաղաքապետ Մոհամետ Սէուտի իմամ Մուսա Սատըրի անհետացման 37-ամեակին առիթով յայտնեց, որ այս հանգրուանին իրենք խիստ կարիք ունին կառչած մնալու իմամ Սատըրի կեցուածքներուն:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ շեշտեց, որ լիբանանեան քաղաքական տագնապին լուծումը կարելի է ապահովել ընտրական արդիական օրէնքի մը ընդմէջէն:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Հիքմաթ Տիպ շեշտեց, որ իրենց համար կարեւորը այն է, որ կառավարութեան աշխատանքին մէջ իսկական գործակցութիւն ունենան եւ խորհրդարանին մէջ ճշգրիտ ներկայացուցչութիւնը երաշխաւորուի: