Լիբանանեան

Երեսփոխան Միշել Մըր Ստացաւ Երկխօսութեան Նիստի Հրաւէրը

Երեսփոխան Միշել Մըր Ստացաւ Երկխօսութեան Նիստի Հրաւէրը

Միշել Մըր Երեսփոխան Միշել Մըր երէկ ստացաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի երկխօսութեան հրաւէրը, որ փոխանցուեցաւ Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Եասին Ժապերի կողմէ: Հանդիպումէն ետք Ժապեր յայտնեց, որ Մըրը հրաւիրած է երկխօսութեան նիստին, որովհետեւ անոր ներկայութիւնը կրնայ դրական ազդակ մը ըլլալ` դրական արդիւնքի յանգելու իմաստով: Իր կարգին, Մըր յայտնեց, որ ինք կ՛ընդառաջէ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հրաւէրին, որովհետեւ Պըրրի...

Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան Պլոքը Կ՛ընդառաջէ Երկխօսութեան Նիստին

Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան Պլոքը Կ՛ընդառաջէ Երկխօսութեան Նիստին

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատի: Նիստէն ետք երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա շեշտեց, որ պլոքը կ՛ողջունէ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի երկխօսութեան նիստի առաջարկը եւ զայն կը նկատէ առիթ մը, որմէ պէտք է օգտուիլ` լուծելու համար երկրին տագնապները: Ֆատլալլա հաստատեց, որ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքը պիտի մասնակցի երկխօսութեան նիստին եւ յանձնառու պիտի մնայ այդ...

Ահմետ Ասիր Կը Շարունակէ  Խոստովանիլ

Ահմետ Ասիր Կը Շարունակէ Խոստովանիլ

Ձերբակալեալ ահաբեկիչ Ահմետ Ասիր շարունակեց իր վկայութիւնները, որոնց շրջագիծին մէջ ան խոստովանեցաւ, որ իր մտերիմ գործընկերը` շէյխ Եուսեֆ Հնայնէ, որ մնայուն կերպով օժանդակած է իրեն եւ ընկերակցած, ռամատան ամսուան ընթացքին կեղծ փաստաթուղթերով Պէյրութէն մեկնած է Թուրքիա: Ասիր նշեց, որ Հնայնէի արձանագրած յաջողութիւնը քաջալերած է զինք նոյն միջոցներուն դիմելու` Լիբանանէն փախուստ տալու համար:  

Շեհայէպ. «Աղբերու Տագնապին  Լուծումը Պէտք Է Ապակեդրոնացուի»

Շեհայէպ. «Աղբերու Տագնապին Լուծումը Պէտք Է Ապակեդրոնացուի»

Աքրամ Շեհայէպ Երկրագործութեան նախարար Աքրամ Շեհայէպ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ իրենց նպատակն է աղբերու տագնապին լուծումը կեդրոնացեալ դրութենէն վերածել ապակեդրոնացեալ դրութեան, ինչպէս նաեւ տագնապին լուծման թղթածրարը յանձնել քաղաքապետարաններուն: Շեհայէպ շեշտեց, որ ինք հանդիպում մը ունեցած է կենսոլորտի յատուկ միութիւններուն ու կուսակցութիւններուն հետ եւ աղբերու թղթածրարին լուծման շուրջ հասարակ յայտարարներու յանգած անոնց հետ: Ան հաստատեց, որ քաղաքապետարաններուն նիւթական բոլոր...

«2015-2016 Կրթական Տարեշրջանը  Պիտի Սկսի Ատհայի Տօնէն Ետք»  Ըսաւ Ապու Սաապ

«2015-2016 Կրթական Տարեշրջանը Պիտի Սկսի Ատհայի Տօնէն Ետք» Ըսաւ Ապու Սաապ

Էլիաս Ապու Սաապ Կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապ յայտնեց, որ 2015-2016 կրթական տարեշրջանը պիտի սկսի Ատհայի տօնէն ետք` 5 հոկտեմբերին, աւելցնելով, որ դպրոցներուն մեծամասնութիւնը համաձայն է այդ թուականին: Ապու Սաապ շեշտեց, որ բոլոր դպրոցներուն պարագային աւանդական կաւիճի եւ գրատախտակի օգտագործումի ձեւը փոխելու ջանքեր ի գործ կը դրուին, ինչպէս նաեւ աշխատանք կը տարուի դպրոցներուն մէջ ըմպելի ջուրը բարելաւելու...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս յայտնեց, որ կենսոլորտի նախարար Մոհամետ Մաշնուքի հրաժարելուն պարագային ինք եւս պիտի հրաժարի առանց վարանելու: ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Թալալ Արսլան երկխօսութեան նիստի հրաւէրը ստանալէ ետք ընդգծեց ամէնէն արագ միջոցին համաձայնելու անհրաժեշտութիւնը: ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Ռամզի Ժրէյժ յայտնեց, որ ինք կը դատապարտէ լրագրողներուն դէմ բիրտ ուժի կիրարկումը` աւելցնելով, որ ցուցարար երիտասարդները պէտք չէ վարկաբեկիչ արտայայտութիւններ ունենան...

Մաշնուք. «Որեւէ Պետական Հաստատութեան Դէմ  Առնուելիք Գրաւումի Որեւէ Քայլ Բռնի Ուժով  Եւ Տեղւոյն Վրայ Պիտի Կասեցուի»

Մաշնուք. «Որեւէ Պետական Հաստատութեան Դէմ Առնուելիք Գրաւումի Որեւէ Քայլ Բռնի Ուժով Եւ Տեղւոյն Վրայ Պիտի Կասեցուի»

Ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք երէկ կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին շեշտեց, որ ապահովութեան ուժերը երկրին պատիւն են, արժանապատուութիւնը եւ քաղաքացիներուն պաշտպանը` դիտել տալով, որ այս օրերուն պատահածները այդ պատիւին եւ արժանապատուութեան դէմ յարձակումներ են: Մաշնուք նշեց, որ ապահովութեան ուժերուն դէմ վարկաբեկիչ արտայայտութիւնները սահմանադրական իրաւունք չեն` աւելցնելով, որ ապահովութեան ուժերուն անդամները իրենց կարգին...

Բագրատունի Ստացաւ  Երկխօսութեան Նիստի Հրաւէրը

Բագրատունի Ստացաւ Երկխօսութեան Նիստի Հրաւէրը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի անունով երեսփոխան Այուպ Հըմայէտ երէկ այցելեց Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիին եւ անոր յանձնեց նախագահ Պըրրիի կողմէ յատուկ հրաւէր` մասնակցելու երկխօսութեան սեղանին, որուն առաջին նիստը պիտի գումարուի չորեքշաբթի, 9 սեպտեմբերին, խորհրդարանին մէջ: Բագրատունի շեշտեց, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնն ու Հայկական երեսփոխանական պլոքը անվերապահ աջակցութիւն կը ցուցաբերեն նման երկխօսութեան մը, որուն յաջողութեան համար անհրաժեշտ է ամէն ճիգ...

«Կը Յուսանք, Որ Քաղաքական Բոլոր Ուժերը  Ընդառաջեն Երկխօսութեան,  Եւ Անիկա Տարբերի 2006-ի Երկխօսութենէն»  Շեշտեց Պըրրի

«Կը Յուսանք, Որ Քաղաքական Բոլոր Ուժերը Ընդառաջեն Երկխօսութեան, Եւ Անիկա Տարբերի 2006-ի Երկխօսութենէն» Շեշտեց Պըրրի

Չորեքշաբթի օրուան հանդիպումէն պահ մը Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ նախագահական ընտրութեան խորհրդարանական նիստը յետաձգեց 30 սեպտեմբերին` օրինաթիւի չգոյութեան պատճառով: Միւս կողմէ, Պըրրի Այն Թինէի մէջ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, որուն ընթացքին շեշտեց, որ միջլիբանանեան ազգային երկխօսութիւնը դարձած է անհրաժեշտութիւն` աւելցնելով, որ լիբանանցիները պէտք է նկատի ունենան այս տխուր իրականութիւնն ու ճշմարտութիւնը, յատկապէս շրջանին մէջ տիրող կացութիւնը, որուն ընթացքին...

«Մեր Պատասխանատուութիւնները  Ընթացքի Մէջ Են,  Իսկ Նախանցեալ Օրուան Կեցուածքը  Սխալ Անձին Դէմ Ուղղուած Էր»  Շեշտեց Մոհամետ Մաշնուք

«Մեր Պատասխանատուութիւնները Ընթացքի Մէջ Են, Իսկ Նախանցեալ Օրուան Կեցուածքը Սխալ Անձին Դէմ Ուղղուած Էր» Շեշտեց Մոհամետ Մաշնուք

Մաշնուք եւ Սալամ Կենսոլորտի նախարար Մոհամետ Մաշնուք երէկ առաւօտեան ուղղուեցաւ նախարարութիւն` շարունակելու իր սովորական աշխատանքները: Միւս կողմէ, ան այցելեց վարչապետարան, ուր հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Թամմամ Սալամի հետ: Հանդիպումէն ետք Մաշնուք շեշտեց, որ վարչապետ Սալամի հետ հանդիպումը բացառիկ էր` աւելցնելով, որ վարչապետը կը զօրակցի կենսոլորտի նախարարութեան ամբողջ պաշտօնէութեան: Մաշնուք աւելցուց նաեւ, որ նախանցեալ օրուան կեցուածքը սխալ անձին դէմ ուղղուած էր:...

«Պատասխանատուութեան Պիտի Կանչենք» Արշաւը Կը Մերժէ Նուհատ Մաշնուքի Յայտարարութիւնները

«Պատասխանատուութեան պիտի կանչենք» արշաւը երէկ կոչ ուղղեց քաղաքացիներուն համախմբուելու Ռիատ Սոլհ հրապարակ` բողոքելու համար իշխանութեան կողմէ քաղաքացիներուն դէմ գործադրուած բիրտ ուժին դէմ: Արշաւին կոչին քանի մը տասնեակ քաղաքացիներ ընդառաջեցին: Հաւաքին ընթացքին կարդացուեցաւ «Պատասխանատուութեան պիտի կանչենք» արշաւին կոչը, որուն մէջ խստիւ դատապարտուեցան եւ մերժուեցան ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի կատարած յայտարարութիւնները, յատկապէս այն իմաստով, որ ան ապահովութեան ուժերը ներկայացուցած էր իբրեւ...

Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութեան  Անդամները, Համակիրներն Ու Պատասխանատուները  Գործադրեցին Ինքնաշարժներով Երթ Մը

Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութեան Անդամները, Համակիրներն Ու Պատասխանատուները Գործադրեցին Ինքնաշարժներով Երթ Մը

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան երիտասարդական թեւն ու համակիրները երէկ երեկոյեան ժամը 6:00-ին Մեթնի, Ժունիէի, Ժիպէյլի, Միրնա Շալուհիի, Սին Էլ Ֆիլի, Էշրեֆիէի եւ այլ շրջաններու մէջ հաւաքուեցան իրենց ակումբներուն առջեւ եւ ինքնաշարժներով երթեր կազմակերպեցին լիբանանեան զանազան շրջաններու մէջ, իբրեւ նախապատրաստութիւն վաղը` ուրբաթ, 4 սեպտեմբեր 2015-ին, երեկոյեան ժամը 5:30-ին Կեդրոնական Պէյրութի մէջ տեղի ունենալիք խաղաղ ցոյցին: Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան անդամ նախարարներ,...

Նախարարներ Հաժ Հասան, Տը Ֆրէյժ  Եւ Դոկտ. Կիտանեան Քննարկեցին  Համագործակցութիւնը Ամրապնդելու Ծրագիրներ

Նախարարներ Հաժ Հասան, Տը Ֆրէյժ Եւ Դոկտ. Կիտանեան Քննարկեցին Համագործակցութիւնը Ամրապնդելու Ծրագիրներ

Ճարտարարուեստի նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան երէկ նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ ընդունեց վարչական բարեկարգումի պետական նախարար Նեպիլ տը Ֆրէյժը եւ Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան ընդհանուր տնօրէն դոկտ. Մարալ Կիտանեանը: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկու նախարարութիւններուն եւ Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան ընդհանուր տնօրէնութեան միջեւ համագործակցութիւնը ամրապնդելու ծրագիրները:

Հըզպալլայի Մարտիկները Եւ Սուրիական Բանակը  Իրենց Հակակշիռին Տակ Առած Են Զապատանին

Հըզպալլայի Մարտիկները Եւ Սուրիական Բանակը Իրենց Հակակշիռին Տակ Առած Են Զապատանին

Հըզպալլայի մարտիկներն ու սուրիական բանակը իրենց ամբողջական հակակշիռին տակ առած են Զապատանին, ուրկէ զինեալները փախուստ տուին դէպի Մատայա: Ապա անոնք սկսան շրջանը ականներէ վնասազերծելու աշխատանքին: Սէյիտ Նասրալլա-Ապտելլահեան Հանդիպում Ապտելլահեան եւ Նասրալլա Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ ընդունեց Իրանի արտաքին գործոց նախարարի արաբական եւ ափրիկեան հարցերով օգնական Հիւսէյն Էմիր Ապտելլահեանը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի, Սուրիոյ եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Մարոնի Եպիսկոպոսներու Խորհուրդը  Կը Զգուշացնէ Երկրին Ճակատագիրը  Այս Կամ Այն Կողմին Շահերուն  Ծառայեցնելու Փորձերէն

Մարոնի Եպիսկոպոսներու Խորհուրդը Կը Զգուշացնէ Երկրին Ճակատագիրը Այս Կամ Այն Կողմին Շահերուն Ծառայեցնելու Փորձերէն

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Տիմանի մէջ նախագահեց Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Նիստէն ետք մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ մտահոգութիւն յայտնուեցաւ երկրին մէջ տիրող անորոշ վիճակին եւ մութ թուացող ապագային գծով` լիբանանեան քաղաքական կեանքին սառած վիճակին պատճառով: Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը այս իրավիճակին հիմնական պատճառը նկատեց հանրապետութեան նախագահի բացակայութիւնը եւ կոչ ուղղեց անյապաղ...

«Հոտերնիդ Ելաւ» Արշաւի Անդամները  Նախ Գրաւեցին  Կենսոլորտի Նախարարութիւնը,  Ապա Դուրս Դրուեցան Անկէ

«Հոտերնիդ Ելաւ» Արշաւի Անդամները Նախ Գրաւեցին Կենսոլորտի Նախարարութիւնը, Ապա Դուրս Դրուեցան Անկէ

«Հոտերնիդ ելաւ» արշաւը, որ շաբաթ, 29 օգոստոս 2015-ին ցոյց մը կազմակերպած էր Նահատակաց հրապարակին վրայ եւ ներկայացուցած իր պահանջները, երեք օրուան պայմանաժամ մը ճշդած էր պետութեան գործադրելու իր պահանջներուն մէկ մասը, որուն շրջագիծին մէջ կ՛իյնար կենսոլորտի նախարար Մոհամետ Մաշնուքի հրաժարականը, ինչպէս նաեւ շաբաթ, 22 օգոստոսին Ռիատ Սոլհ հրապարակին վրայ երիտասարդները խոշտանգող ապահովական պատասխանատուներուն հաշուետուութեան կանչելը: Այս պահանջները չկատարելու պարագային, «Հոտերնիդ...

«Լիբանանեան Բանակն Ու Ապահովութեան  Ուժերը Սահմանադրութեան Համաձայն Երկիրը  Պաշտպանելու Առաքելութեան Մէջ Են,  Իսկ Քաղաքական Անձնաւորութիւններուն  Պարտականութիւնն Է Զօրակցիլ Անոնց»  Ընդգծեց Յ. Բագրատունի

«ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Բացարձակ Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ Պըրրիի Նախաձեռնութեան» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի շեշտեց, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքը բացարձակ զօրակցութիւն կը յայտնեն խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի նախաձեռնութեան եւ կոչ կ՛ուղղեն քաղաքական բոլոր ուժերուն առանց նախապայմանի ու կասկածամտութեան ընդառաջելու այդ կոչին, որովհետեւ Լիբանանի մէջ տիրող ներկայ կացութիւնը կարիքը ունի նման երկխօսութեան, որ թերեւս կրնայ օժանդակել ներկայ հարցերուն կարգ մը լուծումներ գտնելու,...

«Պիտի Մասնակցինք Պըրրիի  Առաջադրած Երկխօսութեան»  Շեշտեց Զօր. Աուն

«Պիտի Մասնակցինք Պըրրիի Առաջադրած Երկխօսութեան» Շեշտեց Զօր. Աուն

Զօր. Միշել Աուն Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ Ռապիէի մէջ` նախագահութեամբ համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի, գումարեց իր ընթացիկ նիստը: Նիստէն ետք զօր. Աուն մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ իրենք պիտի մասնակցին խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի առաջադրած երկխօսութեան: Զօր. Աուն շեշտեց, որ իրենք կը մերժեն, որ Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահը այս կամ այն կողմին ներկայացուցիչը ըլլայ եւ այդ պատճառով...

Ապտելլահեանի Լիբանան Կատարած   Պաշտօնական Այցելութիւնը

Ապտելլահեանի Լիբանան Կատարած Պաշտօնական Այցելութիւնը

Իրանի արտաքին գործոց նախարարի արաբական եւ ափրիկեան հարցերով օգնական Հիւսէյն Էմիր Ապտելլահեան երէկ պաշտօնական այցելութեամբ մը հասաւ Լիբանան: Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ Ապտելլահեան դիմաւորուեցաւ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ֆաթհալիի եւ դեսպանատան անձնակազմին կողմէ: Ապտելլահեան իրանեան դեսպանատան մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակ Սթեֆան տը Միսթուրայի հետ, որ կը գտնուէր Պէյրութ: Պըրրիի Մօտ Ապտելլահեան եւ Պըրրի Խորհրդարանի...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզ երէկ մեկնեցաւ Թուրքիա` աւարտելէ ետք դեսպանի իր պաշտօնը: ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի չորեքշաբթի, 9 սեպտեմբեր 2015-ը ճշդեց երկխօսութեան նիստի օր: Նիստը տեղի պիտի ունենայ խորհրդարանին մէջ: ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապ շեշտեց, որ անարդար է, որ կենսոլորտի նախարար Մոհամետ Մաշնուք առանձին պատասխանատու նկատուի թղթածրարի մը, որ 25 տարուան կեանք ունի: ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ...

Page 908 of 985 1 … 907 908 909 … 985

Արխիւներ