Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Սեպտեմբեր 1, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կողմէ առաջադրուած երկխօսութեան հրաւէրները առաւելագոյնը տասը օրուան ընթացքին պիտի հասնին քաղաքական ուժերու ղեկավարութիւններուն:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը Պաալպեքի մէջ ձերբակալեց 20 սուրիացիներ, որոնք առանց փաստաթուղթի մուտք գործած էին Լիբանան:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ զարմանք եւ գարշանք արտայայտեց այն իրականութեան համար, որ կառավարութիւնը երկու ամիսէ ի վեր չէ կրցած լուծել աղբերու տագնապը:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլ շեշտեց, որ ականներու վնասազերծումը այն միջոցներէն մէկն է, որուն շնորհիւ Միացեալ Նահանգներ յանձնառու կը մնան Լիբանանի ապահովութեան:

ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան հաստատեց, որ լիբանանցիներուն պահանջները արդարացի են` մաղթելով սակայն, որ փտածութեան իմաստով պատասխանատուութիւնները չընդհանրացուին:

ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապ շեշտեց, որ իրենք բոլորին նկատմամբ գործակցութեան ձեռք կը մեկնեն` հաստատելով, որ Լիբանանի փրկութիւնը զայն բաղկացնող բոլոր տարրերուն միջեւ գործակցութեամբ կարելի է յաջողցնել:

ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ նախարար Միշել Ֆարաոն յոյն կաթողիկէ համայնքի Զահլէի առաջնորդ Իսամ Տարուիշ եպիսկոպոսին հետ իր ունեցած հանդիպումէն ետք շեշտեց, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերն ու համայնքները պէտք է միասնականութեամբ գործեն` պահպանելու համար լիբանանեան ներքին եւ արտաքին ապահովական կայունութիւնը: Ան շեշտեց, որ ժամանակն է արդէն, որ Լիբանանի հանրապետութեան նախագահը ընտրուի եւ ընտրական նոր օրէնք մը վաւերացուի:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի Եարզէի մէջ ընդունեց երեսփոխան Պահիա Հարիրին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Սիկրիտ Քաակը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մարուան Համատէ յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երկխօսութեան իր հրաւէրով կ՛առաջնորդէ երկրին քաղաքական անձնաւորութիւններու դասակարգին մէջ գտնուող խռովարարները, որոնք կը խոչընդոտեն կառավարութեան աշխատանքը եւ կ՛արգելակեն նախագահական ընտրութեան կայացումը:

Համատէ յայտնեց, որ Լիբանան խիստ կարիքը ունի նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիին:

ԺԱՄԱԱ Իսլամիէն զօրակցութիւն յայտնեց քաղաքացիական խաղաղ ցոյցերուն ընթացքին արձանագրուած պահանջներուն, ինչպէս նաեւ ողջունեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կողմէ առաջադրուած երկխօսութեան նախաձեռնութիւնը:

ՆԱՍԸՐԱԿԱՆ շարժումի ընդհանուր քարտուղար, նախկին երեսփոխան Ուսամա Սաատ կոչ ուղղեց երեսփոխանական ընտրութեան արդի օրէնք մը մշակելու` հիմնուելով համամասնական դրութեան վրայ եւ Լիբանանը վերածելով մէկ ընտրաշրջանի:

ՄԱՐՏ 14-ի քաղաքական ուժերուն համաձայն, լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի պիտի դառնայ Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ, իսկ բանակի մասնայատուկ ուժերու հրամանատար գնդապետ-զօրավար Շամել Ռուքոզ` բանակի հրամանատար:

«ՇԱՐՔ Աուսաթ» օրաթերթին համաձայն, լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժին հանրապետութեան նախագահ ընտրելու առումով միջազգային որոշումը տրուած է:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ֆայեզ Շքըր շեշտեց, որ ներկայ կառավարութիւնը տապալած կարելի է նկատել` աւելցնելով, որ անոր աշխատանքները կատարելապէս սառած են:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, եթէ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի նկատմամբ անտեսումի քաղաքականութիւնը շարունակուի, ապա Հըզպալլա փողոցին մէջ հիմնական դերակատարութիւն պիտի ունենայ:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ Դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա շեշտեց, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը պէտք է հասկնան ժողովուրդին ցաւերն ու պահանջները:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Եասին Ժապեր յայտնեց, որ կարելի չէ գոյատեւել նման կացութեան մէջ` երկրին հաստատութիւններուն սառած իրավիճակով:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Նեպիլ Քաուք շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ միակ լուծումը այն է, որ Սէուտական Արաբիա Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի դէմ վեթոյին վերջ տայ:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուաֆ Մուսաուի շեշտեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքը պէտք է մենատիրութեան մտայնութենէն դուրս գայ:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան երիտասարդական թեւը կոչ ուղղեց չորեքշաբթի, 2 սեպտեմբեր 2015-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին համախմբուելու Միրնա Շալուհի կեդրոն` կատարելու համար ինքնաշարժով երթ մը:

 

 

 

Նախորդը

Տաւութօղլու Դարձեալ Խօսած Է Թուրք-Ազրպէյճանական Եղբայրութեան Մասին

Յաջորդը

Ռաատ. «Եթէ Ուզենք Փտածութեան Թղթածրարներ Բանալ, Ապա Վարչակարգը Փուլ Կու Գայ»

RelatedPosts

Այցելելով Պաապտայի Պալատ`  «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր,  Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն»  Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Պաապտայի Պալատ` «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր, Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն» Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը

Յուլիս 9, 2025
Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց  Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ  Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու
Լիբանանեան

Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու

Յուլիս 9, 2025
Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը  Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»
Լիբանանեան

Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?