Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«2015-2016 Կրթական Տարեշրջանը Պիտի Սկսի Ատհայի Տօնէն Ետք» Ըսաւ Ապու Սաապ

September 4, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Էլիաս Ապու Սաապ
Էլիաս Ապու Սաապ

Կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապ յայտնեց, որ 2015-2016 կրթական տարեշրջանը պիտի սկսի Ատհայի տօնէն ետք` 5 հոկտեմբերին, աւելցնելով, որ դպրոցներուն մեծամասնութիւնը համաձայն է այդ թուականին:

Ապու Սաապ շեշտեց, որ բոլոր դպրոցներուն պարագային աւանդական կաւիճի եւ գրատախտակի օգտագործումի ձեւը փոխելու ջանքեր ի գործ կը դրուին, ինչպէս նաեւ աշխատանք կը տարուի դպրոցներուն մէջ ըմպելի ջուրը բարելաւելու իմաստով:

Ապու Սաապ կոչ ուղղեց սուրիացի գաղթականներուն իրենց զաւակները ուղարկելու իրենց բնակած շրջանին մօտակայ դպրոցները եւ կրթական հիմնարկները` շեշտելով, որ կրթութեան նախարարութիւնը ստացած իր միջազգային օժանդակութեան ընդմէջէն պիտի հոգայ անոնց կրթական ծախսերը:

Անդրադառնալով Լիբանանի մէջ գործող համալսարաններուն կացութեան` Ապու Սաապ շեշտեց, որ կան որոշ համալսարաններ, որոնք գործելու արտօնագիր պէտք է ստանան իրենց կատարած ակադեմական ողջունելի աշխատանքին համար, սակայն կարգ մը այլ համալսարաններ պէտք է վերջ տան իրենց գործունէութեան` անոր ատակ չըլլալուն եւ բարձրագոյն ուսման չափանիշները չամբողջացնելուն պատճառով:

Ապու Սաապ անհրաժեշտ նկատեց կրթական մարզին բարգաւաճումը` ընդգծելով, որ այդ մարզը քաղաքականութենէ հեռու պահելը եւ նախարարութեան աշխատանքին թափանցիկութիւնը լաւագոյն ձեւերն են այդ մարզը բարգաւաճեցնելու:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Շեհայէպ. «Աղբերու Տագնապին Լուծումը Պէտք Է Ապակեդրոնացուի»

RelatedPosts

Ըստ Ղալիպաֆի Խորհրդականին.  Միացեալ Նահանգներ Չեն Ուզեր  Լիբանանի Մէջ Պատերազմը Դադրեցնել
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ Ղալիպաֆի Խորհրդականին. Միացեալ Նահանգներ Չեն Ուզեր Լիբանանի Մէջ Պատերազմը Դադրեցնել

November 13, 2026
Ընդունելով Պիլալ Էրտողանը`  Աուն. «Լիբանան Անհամբեր Կը Սպասէ  Թուրք-Լիբանանեան Յարաբերութիւններուն Մէջ  Գործակցութեան Ու Գործընկերութեան  Նոր Փուլի Մը»
Լիբանանեան

Ընդունելով Պիլալ Էրտողանը` Աուն. «Լիբանան Անհամբեր Կը Սպասէ Թուրք-Լիբանանեան Յարաբերութիւններուն Մէջ Գործակցութեան Ու Գործընկերութեան Նոր Փուլի Մը»

November 13, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

November 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.