Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մաշնուք. «Որեւէ Պետական Հաստատութեան Դէմ Առնուելիք Գրաւումի Որեւէ Քայլ Բռնի Ուժով Եւ Տեղւոյն Վրայ Պիտի Կասեցուի»

September 3, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

mashnouk_pc_9-02-15

Ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք երէկ կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին շեշտեց, որ ապահովութեան ուժերը երկրին պատիւն են, արժանապատուութիւնը եւ քաղաքացիներուն պաշտպանը` դիտել տալով, որ այս օրերուն պատահածները այդ պատիւին եւ արժանապատուութեան դէմ յարձակումներ են:

Մաշնուք նշեց, որ ապահովութեան ուժերուն դէմ վարկաբեկիչ արտայայտութիւնները սահմանադրական իրաւունք չեն` աւելցնելով, որ ապահովութեան ուժերուն անդամները իրենց կարգին քաղաքացիներ են, որոնք ջուրի եւ ելեկտրականութեան կարիք ունին:

«Ապահովութեան ուժերուն դէմ կիրարկուող սատանայացման քաղաքականութիւնը երկրին եւ անոր ապահովութեան դէմ ոճիր է», ըսաւ ան` շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր այն ցուցարարներուն, որոնք նախանցեալ օր փորձեցին պաշտպանել ապահովութեան ուժերը:

Մաշնուք ըսաւ, որ ապահովութեան ուժերուն շարքերուն մէջ արձանագրուած վիրաւորներուն թիւը շատ աւելի մեծ է, քան քաղաքացիներունը` հաստատելով, որ անոնց պարտականութիւնն է պաշտպանել պետութիւնը, ինչպէս նաեւ պետական եւ սեփական կալուածները:

«Հետեւաբար որեւէ պետական հաստատութեան դէմ առնուելիք գրաւումի որեւէ քայլ բռնի ուժով եւ տեղւոյն վրայ պիտի կասեցուի, որովհետեւ անիկա լիբանանցիներուն դէմ յարձակում եւ ներխուժում կը նկատուի», շեշտեց ան:

Մաշնուք ընդգծեց, որ իրենք կը զօրակցին ցոյց կատարելու ժողովուրդին իրաւունքին, պայմանաւ որ անիկա ըլլայ խաղաղ:

Անդրադառնալով 22 օգոստոս 2015-ին ցուցարարներուն դէմ ապահովութեան ուժերուն կիրարկած բիրտ ուժին եւ այդ մասին բացուած հետաքննութեան արդիւնքներուն` Մաշնուք շեշտեց, որ ժողովուրդին դէմ ջրցան մեքենաներ եւ արցունքաբեր կազեր ու ձգախէժէ կապար օգտագործուած են, սակայն իսկական փամփուշտները օդը կրակուած են:

Ան հաստատեց, որ ապահովութեան ուժերու երկու սպաներ եւ 6 ոստիկաններ փոխանցուած են դատական իշխանութիւններուն եւ իրենց պատիժը պիտի կրեն` ցուցարարներուն դէմ բիրտ ուժ գործադրելու յանցանքով:

Մաշնուք ասուլիսը եզրափակեց շեշտելով, որ երկրին կացութիւնը կարելի է փոխել հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան եւ ընտրական նոր օրէնքի մշակումին ընդմէջէն:

Նշենք, որ առաւօտեան Մաշնուք այցելեց վարչապետ Թամմամ Սալամի, որուն հետ քննարկեց երկրին վերաբերող իրադարձութիւններն ու շրջանային զարգացումները:

 

 

Նախորդը

Բագրատունի Ստացաւ Երկխօսութեան Նիստի Հրաւէրը

Յաջորդը

Վարդան Պետրոսեան Իր Պատիժը Պիտի Շարունակէ Կրել Բանտէն Դուրս

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.