Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կը Յուսանք, Որ Քաղաքական Բոլոր Ուժերը Ընդառաջեն Երկխօսութեան, Եւ Անիկա Տարբերի 2006-ի Երկխօսութենէն» Շեշտեց Պըրրի

Սեպտեմբեր 3, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Չորեքշաբթի օրուան հանդիպումէն պահ մը
Չորեքշաբթի օրուան հանդիպումէն պահ մը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ նախագահական ընտրութեան խորհրդարանական նիստը յետաձգեց 30 սեպտեմբերին` օրինաթիւի չգոյութեան պատճառով:

Միւս կողմէ, Պըրրի Այն Թինէի մէջ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, որուն ընթացքին շեշտեց, որ միջլիբանանեան ազգային երկխօսութիւնը դարձած է անհրաժեշտութիւն` աւելցնելով, որ լիբանանցիները պէտք է նկատի ունենան այս տխուր իրականութիւնն ու ճշմարտութիւնը, յատկապէս շրջանին մէջ տիրող կացութիւնը, որուն ընթացքին ամէն հաւանականութիւն առկայ է, իսկ այնքան ատեն որ շրջանային բախումները ընթացքի մէջ են, ապա լիբանանցիները պէտք է պահպանեն իրենց երկիրն ու քաղաքացիները:

Չորեքշաբթի օրուան հանդիպումէն ետք երեսփոխանները յայտնեցին, թէ Պըրրի նշած է, որ այս երկխօսութիւնը 2006-ի երկխօսութենէն տարբեր է այն իմաստով, որ անոր բովանդակած օրակարգը արտաքին չէ, այլ` ներքին լիբանանեան, հետեւաբար եթէ այդ մասին համաձայնութիւն գոյանայ, ապա անիկա կը նշանակէ, որ այդ որոշումները կրնան ուղղակի գործադրուիլ:

Պըրրի յոյս յայտնեց, որ քաղաքական բոլոր ուժերը ընդառաջեն երկխօսութեան, որպէսզի երկխօսութիւնը արդիւնաբեր ըլլայ եւ կարելի ըլլայ գիտական որոշումներու յանգիլ:

Խորհրդարանի նախագահը ընդգծեց, որ ժողովրդային շարժումի պահանջները արդարացի են եւ ոչ ոք անոնց դէմ է, ընդհակառակն` Ամալ շարժումը իր հիմնադրութեան օրէն իսկ նման պահանջներ բարձրացուցած է, «սակայն մտավախութիւնը այն է, որ այդ շարժումներուն մէջ կրնան միջամուխ դառնալ այնպիսի կողմեր, որոնք այլ նպատակներ կը հետապնդեն», ըսաւ Պըրրի:

 

Նախորդը

«Մեր Պատասխանատուութիւնները Ընթացքի Մէջ Են, Իսկ Նախանցեալ Օրուան Կեցուածքը Սխալ Անձին Դէմ Ուղղուած Էր» Շեշտեց Մոհամետ Մաշնուք

Յաջորդը

Բագրատունի Ստացաւ Երկխօսութեան Նիստի Հրաւէրը

RelatedPosts

Նախագահ Աուն Բանակի Հրամանատարէն  Պահանջեց Դէմ Դնել Իսրայէլեան Որեւէ Ներթափանցման
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն Բանակի Հրամանատարէն Պահանջեց Դէմ Դնել Իսրայէլեան Որեւէ Ներթափանցման

Հոկտեմբեր 31, 2025
Պայրագտարեան Եւ Պօղոսեան Այցելեցին Նախագահ Աունին
Գլխաւոր լուրեր

Պայրագտարեան Եւ Պօղոսեան Այցելեցին Նախագահ Աունին

Հոկտեմբեր 31, 2025
Պլիտայի Քաղաքապետարանին Վրայ  Իսրայէլեան Յարձակում
Լիբանանեան

Պլիտայի Քաղաքապետարանին Վրայ Իսրայէլեան Յարձակում

Հոկտեմբեր 31, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?