Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապտելլահեանի Լիբանան Կատարած Պաշտօնական Այցելութիւնը

September 2, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

lahian_de_mistoura_9-01-15

Իրանի արտաքին գործոց նախարարի արաբական եւ ափրիկեան հարցերով օգնական Հիւսէյն Էմիր Ապտելլահեան երէկ պաշտօնական այցելութեամբ մը հասաւ Լիբանան:

Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ Ապտելլահեան դիմաւորուեցաւ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ֆաթհալիի եւ դեսպանատան անձնակազմին կողմէ:

Ապտելլահեան իրանեան դեսպանատան մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակ Սթեֆան տը Միսթուրայի հետ, որ կը գտնուէր Պէյրութ:

Պըրրիի Մօտ

Ապտելլահեան եւ Պըրրի
Ապտելլահեան եւ Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց Ապտելլահեանը, որուն կ՛ընկերակցէր դեսպան Ֆաթհալի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ միջինարեւելեան զարգացումները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Ապտելլահեան շեշտեց, որ Թեհրան բարձր կը գնահատէ Պըրրիի առաջադրած երկխօսութեան հրաւէրը` զայն նկատելով ազգային նախաձեռնութիւն:

Ապտելլահեան շեշտեց, որ Պըրրիի այս հրաւէրը ազգային ընդարձակ եւ շինիչ երկխօսութեան առիթ է, որ պէտք է օժանդակէ երկրին քաղաքական հարցերուն լուծման:

Ան հաստատեց, որ Իրան կը զօրակցի Լիբանանի մէջ քաղաքական աշխատանքին շարունակութեան:

Ապտելլահեան հաստատեց, որ Իրան կը զօրակցի Լիբանանին` անհետացած իմամ Մուսա Սատըրի ճակատագիրին բացայայտման ջանքերուն առումով:

Միւս կողմէ, ան կոչ ուղղեց իսլամական երկիրներուն սիոնական գոյացութեան առիթ չտալու եւ արգիլելու զայն պատերազմները իր հաշուոյն օգտագործելէ:

«Իրան ամէն իմաստով նեցուկ պիտի կանգնի Լիբանանի միասնականութեան, ապահովութեան, խաղաղութեան եւ կայունութեան, ինչպէս նաեւ լիբանանցիներուն բարօրութեան», ընդգծեց Ապտելլահեան:

Վարչապետարանին Մէջ

Ֆաթհալի, Ապտելլահեան եւ Սալամ
Ֆաթհալի, Ապտելլահեան եւ Սալամ

Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ ընդունեց Ապտելլահեանը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Ապտելլահեան շեշտեց, որ Իրան պատրաստ է զօրակցելու եւ օժանդակելու Լիբանանի կառավարութեան` անոր տրամադրելով այս հանգրուանի անոր բոլոր կարիքները:

Ապտելլահեան հաստատեց, որ Լիբանանի ապահովութիւնը շրջանի եւ Իրանի ապահովութենէն է:

Պասիլի Հետ

Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ Պայատայի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Ապտելլահեանը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-իրանեան յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ տեղական եւ շրջանային շարք մը հարցեր, որոնց շարքին` Իրանի հիւլէական թղթածրարին մասին վերջերս գոյացած համաձայնութիւնն ու անոր ունենալիք ազդեցութիւնը` շրջանային հարցերուն լուծման առումով:

Հանդիպումէն ետք Ապտելլահեան շեշտեց, որ Թեհրան համոզուած է, որ Լիբանան պիտի կարենայ յաջողութեամբ շրջանցել իր պատմութեան այս դժուար եւ փշոտ հանգրուանը` աւելցնելով, որ Իրան կը զօրակցի Լիբանանին` նախագահական ընտրութիւն կատարելու իմաստով:

Անդրադառնալով տը Միսթուրայի հետ իր ունեցած հանդիպումին` Ապտելլահեան շեշտեց, որ Իրան կը զօրակցի Սուրիոյ պետութեան եւ ժողովուրդին` ահաբեկչութեան դէմ անոնց մղած պայքարին առումով, աւելցնելով, որ իրենք կը մերժեն բռնարարքներն ու բռնի ուժը, որոնք շրջանային մակարդակի վրայ բնաւ չեն կրնար հարցերը լուծել:

Ապտելլահեան շեշտեց, որ Եմէնի մէջ սէուտական զինուորական միջամտութիւնը ռազմավարական սխալ մըն է` հաստատելով, որ զինուորական միջոցներու օգտագործումով ոչ մէկ կողմ պիտի կարենայ Եմէնի մէջ յաղթանակ արձանագրել: «Թէ՛ Եմէնի եւ թէ՛ Սուրիոյ տագնապներուն լուծման բանալին քաղաքական լուծումն է», ըսաւ ան:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

«Պիտի Մասնակցինք Պըրրիի Առաջադրած Երկխօսութեան» Շեշտեց Զօր. Աուն

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.