Ապահովական Մտավախութիւններու Լոյսին Տակ. Միջլիբանանեան Երկխօսութեան Ճիգերը Կը Շարունակուին
2014-էն փոխանցուած հիմնահարցերէն` միջլիբանանեան երկխօսութեան գծով ճիգերը կը շարունակուին լուսարձակէ հեռու: Արդարեւ, հակառակ երկրին մէջ տիրող սուգի մթնոլորտին, Հըզպալլա-Մուսթաքպալ երկխօսութեան երկրորդ նիստը տեղի պիտի ունենայ երկուշաբթի, 5 յունուարին: Իսկ Աուն-Ժահժահ հանդիպումին գծով կը նախատեսուի, որ անիկա տեղի ունենայ որեւէ ժամու: Այս գծով խորհրդակցութիւնները կը շարունակուին երկու կողմերու ներկայացուցիչներուն միջեւ` նախապատրաստական քայլերու դասաւորման համար: Այս գծով թէ՛ Ազգային ազատ հոսանքի նախագահ,...



