ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզ երէկ մեկնեցաւ Թուրքիա` աւարտելէ ետք դեսպանի իր պաշտօնը:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի չորեքշաբթի, 9 սեպտեմբեր 2015-ը ճշդեց երկխօսութեան նիստի օր: Նիստը տեղի պիտի ունենայ խորհրդարանին մէջ:
ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապ շեշտեց, որ անարդար է, որ կենսոլորտի նախարար Մոհամետ Մաշնուք առանձին պատասխանատու նկատուի թղթածրարի մը, որ 25 տարուան կեանք ունի:
ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս շեշտեց, որ ժամանակն է արդէն աղբերու տագնապը դուրս բերելու քաղաքական տարակարծութիւններէն եւ լուծելու զայն:
ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Սըժաան Քազզի յայտնեց, որ պահանջուածը անմիջական երկխօսութիւնն է, որ պէտք չէ երկարատեւ ըլլայ եւ նախագահական ընտրութեան յանգի:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ Լիբանանի վրայ բանեցուած ճնշումին հիմնական նպատակը հանրապետութեան նախագահութեան վրայ իշխանութիւն բանեցնելու նպատակը կը հետապնդէ:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Հասան Եաագուպ շեշտեց, որ իմամ Մուսա Սատըրի անհետացման յիշատակին նուիրուած ձեռնարկները վերածուած են ընկերային եւ ընտրական առիթներու:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Սալհապ շեշտեց, որ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի նախաձեռնութեան քննարկումը հաւանական է խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի առաջադրած երկխօսութեան ընթացքին:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Սամեր Սաատէ յայտնեց, որ ցուցարարներուն կողմէ բարձրացուած քաղաքական պահանջներուն հետեւիլը վտանգաւոր է:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նաժի Ղարիոս կոչ ուղղեց մասնակցելու ուրբաթ օրուան ցոյցին եւ փտածները բացայայտելու իրենց անուններով:
ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Օքազ» օրաթերթին համաձայն, կը նախատեսուի, որ Լիբանանի մէջ 7 մայիսի դէպքերուն նման մագլցումներ արձանագրուին` նախքան խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հրաւիրած երկխօսութեան սկսիլը:
ԱՅՆ Թինէի մօտիկ աղբիւրներ հաստատեցին, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի կը փափաքի նախագահական ընտրութեան թղթածրարը բանավէճ ըլլալէ դադրեցնել` զայն վերածելով երկխօսութեան նիւթի:
ՄԱՐՈՆԻ պատրիարքութեան ընդհանուր փոխանորդ Պուլոս Սայեահ եպիսկոպոս շեշտեց, որ իսլամ հոգեւոր պետերը առանց յստակ պատճառներ տալու բացակայած են Պքերքէի վեհաժողովէն:
«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ» օրաթերթին համաձայն, իսլամ եւ քրիստոնեայ հոգեւոր պետերուն միջեւ ընդարձակ վեհաժողովը պիտի գումարուի յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին:
«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, կը նախատեսուի, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն ուրբաթ օրուան ցոյցի իր կոչը չեղեալ նկատէ:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Եասին Ժապեր շեշտեց, որ պահանջուածը այն է, որ երկխօսութեան նիստը աշխուժացնէ կառավարութեան աշխատանքը:
«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, կառավարութիւնը նիստի պիտի չհրաւիրուի, նախքան խորհրդարանի նախագահին կողմէ երկխօսութեան նիստին գումարումը:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, զինուորական աղբիւրները հերքած են բոլոր այն լուրերը, թէ Ահմետ Ասիր խիստ չարչարանքի կ՛ենթարկուի:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրիի մօտիկ աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին յայտնեցին, որ ան կը դիմագրաւէ նիւթական տագնապ մը եւ այդ պատճառով ալ որոշած է «Օժէ Լիպան» ընկերութիւնը վաճառել:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Կապի Լայեուն շեշտեց, որ ինք մտահոգ է, որ Լիբանանի մէջ փտածութեան դէմ սկսած շարժումը կ՛առեւանգուի եւ փտածներուն շահերուն կը ծառայեցուի: