ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս յայտնեց, որ կենսոլորտի նախարար Մոհամետ Մաշնուքի հրաժարելուն պարագային ինք եւս պիտի հրաժարի առանց վարանելու:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Թալալ Արսլան երկխօսութեան նիստի հրաւէրը ստանալէ ետք ընդգծեց ամէնէն արագ միջոցին համաձայնելու անհրաժեշտութիւնը:
ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Ռամզի Ժրէյժ յայտնեց, որ ինք կը դատապարտէ լրագրողներուն դէմ բիրտ ուժի կիրարկումը` աւելցնելով, որ ցուցարար երիտասարդները պէտք չէ վարկաբեկիչ արտայայտութիւններ ունենան այս կամ այն անձնաւորութեան կամ կառավարութեան դէմ, «որովհետեւ մենք պէտք է պահպանենք կառավարութիւնը, մինչեւ նախագահական ընտրութեան կայացումը», շեշտեց ան:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի Եարզէի մէջ ընդունեց առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի մէջ տիրող ընդհանուր իրավիճակը:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Թոնի Ապու Խաթեր հաստատեց, որ իրենք կը զօրակցին ցուցարարներուն պահանջներուն եւ կը մերժեն անոնց վայրագ ոճը:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան համաձայն, 98 եւ 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը նուազած է 700 լ. ոսկիով, իսկ մազութինը` 300 լ. ոսկիով:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ժամալ Ժարրահ շեշտեց, որ կենսոլորտի նախարարութիւնը գրաւելու ցուցարարներուն քայլը ապարդիւն էր:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Սելիմ Ժրայսաթի յայտնեց, որ պէտք է ազատ արտայայտութեան եւ բռնարարքներուն ու խռովարարութեան միջեւ զատորոշել: Ան նշեց, որ Լիբանանը Թունուզ, Եգիպտոս կամ Լիպիա չէ` զգուշացնելով, որ քաղաքացիական ընկերութեան պահանջները աղբի տագնապին լուծման պահանջով սկսած են, սակայն ներկայիս անոնք ձեւափոխուած են:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Միշել Մուսա կոչ ուղղեց ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին աղբերը մաքրելու փողոցներէն:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարի ողջունեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի երկխօսութեան նախաձեռնութիւնը` յոյս յայտնելով, որ անիկա կը ծառայէ լիբանանեան պետութեան փրկութեան եւ սահմանադրական հաստատութիւններու գործունէութեան վերաշխուժացումին:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Սելիմ Աուն շեշտեց, որ իրենց մղած պայքարը զուտ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան պայքար չէ, այլ` բոլոր լիբանանցիներուն պայքարը, որպէսզի անոնք կարենան վերադարձնել իրենց իրաւունքները:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա շեշտեց, որ Լիբանանի տագնապը կարելի է լուծել միայն նախագահական ընտրութեամբ: Ան նշեց, որ Լիբանանի մէջ յեղաշրջումները պիտի չյաջողին` երկրին համայնքային կառուցուածքին պատճառով: Ան աւելցուց, որ երկրին ապահովական իրավիճակը յաւելեալ վատթարացումի առկայ է:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի բարձր գնահատեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի առաջադրած երկխօսութեան նախաձեռնութիւնը` շեշտելով, որ անիկա անհրաժեշտ է եւ կարելի չէ երկիրը առանց երկխօսութեան պահել:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մարուան Համատէ շեշտեց, որ ցուցարարներուն կողմէ կենսոլորտի նախարարութեան գրաւումը որոշ չափով հրոսակային յարձակումներու կը նմանի:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթը` իր տեղեկութիւնները քաղելով Ամալ շարժումի աղբիւրներէն, շեշտեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երկխօսութեան կոչ ուղղած է` փողոցին մէջ բախումները կանխարգիլելու նպատակով:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուար Սահիլի շեշտեց, որ ներքին լիբանանեան բաց երկխօսութիւնը կ՛երաշխաւորէ երկրին բոլոր տագնապներուն լուծումը:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ ընդունեց առեւանգուած բանակայիններուն ընտանիքները եւ խոստացաւ անոնց թղթածրարին բարւօք լուծում գտնել:
ԱԶԱՏ եւ միասնական Լիբանան երեսփոխանական պլոքի անդամ Սելիմ Քարամ շեշտեց, որ ինք լաւատես չէ տեղի ունենալիք ազգային երկխօսութեան նիստին իմաստով, իսկ ստեղծուած ժողովրդային շարժումը շատ ուշացած է:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ հաստատեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի նպատակն է նախագահական ընտրութեան թղթածրարը լիբանանեան դարձնել:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Հիքմաթ Տիպ շեշտեց, որ երկրին քաղաքական դասը փոփոխութեան ենթարկելու համար պէտք է որդեգրել ընտրական նոր օրէնք մը, որ արդար է եւ ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն կ՛ապահովէ:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի շեշտեց, որ երկխօսութիւնը կարեւոր է, որովհետեւ երկրին խնդիրները հասած են պայթելու կամ ձորն ի վար գլորելու սեմին: