Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութեան Անդամները, Համակիրներն Ու Պատասխանատուները Գործադրեցին Ինքնաշարժներով Երթ Մը

Սեպտեմբեր 3, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

baabda_9-02-15

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան երիտասարդական թեւն ու համակիրները երէկ երեկոյեան ժամը 6:00-ին Մեթնի, Ժունիէի, Ժիպէյլի, Միրնա Շալուհիի, Սին Էլ Ֆիլի, Էշրեֆիէի եւ այլ շրջաններու մէջ հաւաքուեցան իրենց ակումբներուն առջեւ եւ ինքնաշարժներով երթեր կազմակերպեցին լիբանանեան զանազան շրջաններու մէջ, իբրեւ նախապատրաստութիւն վաղը` ուրբաթ, 4 սեպտեմբեր 2015-ին, երեկոյեան ժամը 5:30-ին Կեդրոնական Պէյրութի մէջ տեղի ունենալիք խաղաղ ցոյցին:

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան անդամ նախարարներ, երեսփոխաններ եւ պատասխանատուներ ներկայութիւն եղան համակիրներուն հաւաքուած կեդրոններուն մէջ եւ ընդգծեցին ներկայ կացութեան դէմ բողոքելու անհրաժեշտութիւնը:

Խումբ մը ցուցարարներ հասան Պաապտա եւ փակեցին նախագահական պալատ տանող ճամբուն մուտքը` պահանջելով հանրապետութեան հզօր նախագահ մը ընտրել:

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան շեշտեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան պահանջները բոլոր լիբանանցիներուն պահանջներն են` աւելցնելով, որ բոլոր լիբանանցիները պէտք է համախմբեն իրենց ուժերը` դիմադրելու համար ներկայ կացութեան եւ մշակուած օրէնքներուն:

Քանաան յայտնեց, որ ուրբաթ օրուան ցոյցը պիտի ըլլայ ժողովրդավարական արտայայտութիւն եւ փաստ, որ բոլոր հրապարակները լիբանանցիներուն են: Ան աւելցուց, որ ներկայիս Կեդրոնական Պէյրութի մէջ ցոյցեր կազմակերպող տղոց պահանջները իրենց պահանջներն են:

Համախմբումի երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա իր կարգին հաստատեց, որ այս օրերուն հնչող պահանջները կը համընկնին Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան պահանջներուն, որովհետեւ անոնք լիբանանցի ժողովուրդին պահանջներն են. ան կոչ ուղղեց ժողովուրդին մասնակցելու ուրբաթ օրուան ցոյցին:

Միւս կողմէ, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ընդհանուր համակարգող Փիեռ Ռաֆֆուլ շեշտեց, որ իրենք իբրեւ փոփոխութեան եւ բարեկարգումի ծրագիրներու ներկայացուցիչներ պիտի կատարեն ազատագրումի եւ վերականգնումի յեղափոխութիւն մը եւ ոչ թէ քաոսի ու քանդումի յեղաշրջում մը:

Ան հաստատեց, որ ոչ ոք կրնայ ժողովուրդին ձայնը լռեցնել` աւելցնելով, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը կանգ չ՛առներ` նախքան իր պահանջներուն իրագործումը:

 

 

 

Նախորդը

Նախարարներ Հաժ Հասան, Տը Ֆրէյժ Եւ Դոկտ. Կիտանեան Քննարկեցին Համագործակցութիւնը Ամրապնդելու Ծրագիրներ

Յաջորդը

«Պատասխանատուութեան Պիտի Կանչենք» Արշաւը Կը Մերժէ Նուհատ Մաշնուքի Յայտարարութիւնները

RelatedPosts

Սալամ. «Ընթացք Առաւ Պաղեստինեան  Գաղթակայաններու Զէնքը Որոշակի  Ժամանակացոյցի Հիմամբ Յանձնելու Հոլովոյթը»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Ընթացք Առաւ Պաղեստինեան Գաղթակայաններու Զէնքը Որոշակի Ժամանակացոյցի Հիմամբ Յանձնելու Հոլովոյթը»

Մայիս 24, 2025
Մարզական Աւանի Հանդիսաւոր Վերաբացում
Գլխաւոր լուրեր

Մարզական Աւանի Հանդիսաւոր Վերաբացում

Մայիս 24, 2025
Հոքշթայն. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ  Ցամաքային Սահմանագծումը Հասանելի Է,  Եւ Անոր Բանալին Պատմական Գիծերուն Կառչիլը Չէ»
Լիբանանեան

Հոքշթայն. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Ցամաքային Սահմանագծումը Հասանելի Է, Եւ Անոր Բանալին Պատմական Գիծերուն Կառչիլը Չէ»

Մայիս 24, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?