Մաշնուք. «Շեհայէպի Մշակած Ծրագիրը Գործադրութեան Սեմին Կը Գտնուի»
Նուհատ Մաշնուք Ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք Պաթրունի քաղաքապետարաններու համադաշնակցութեան նախագահ Թաննուս Ֆղալիի եւ Պաթրունի քաղաքապետներուն հետ Քֆարապիտայի մէջ կատարուած հանդիպումի մը ընթացքին յայտնեց, որ աղբերու տագնապին լուծման առումով երկրագործութեան նախարար Աքրամ Շեհայէպի մշակած ծրագիրը գործադրութեան սեմին կը գտնուի` աւելցնելով, որ այդ տագնապին լուծման համար անհրաժեշտ է գործադրել վարչական ապակեդրոնացեալ դրութիւնը: Մաշնուք հաստատեց, որ աղբերու տագնապին լուծումը անհրաժեշտութիւն է բոլոր...




















