Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի – Հէյլ Հանդիպում

September 8, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Հէյլ եւ Պըրրի
Հէյլ եւ Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու շրջանային զարգացումները` ներկայութեամբ Պըրրիի տեղեկատուական հարցերու խորհրդական Ալի Համտանի:

Պըրրի յայտնեց, որ ինք տրամադիր է յետաձգել երկխօսութիւնը, եթէ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան կողքին քաղաքական այլ ուժ մը մերժէ երկխօսութեան հրաւէրը:

Ան նշեց, որ հարցը Մարտ 8-ի կամ Մարտ 14-ի հարց չէ, այլ` ազգային երկխօսութիւն, որուն նպատակն է տագնապներուն լուծումներ ապահովել:

Խորհրդարանի նախագահը նշեց, որ ինք նախ եւ առաջ պիտի արծարծէ նախագահական ընտրութեան հարցը, որուն վերաբերեալ համաձայնութիւն չգոյանալու պարագային պիտի քննարկուի օրակարգի յաջորդ կէտը:

«Կրնանք թերեւս ընտրական նոր օրէնք մը մշակել եւ այդ իմաստով յառաջխաղացք մը արձանագրել», ըսաւ ան:

Պըրրիի այցելուները յայտնեցին, որ խորհրդարանի նախագահը համոզուած է, որ եթէ երկխօսութիւնը ձախողի, ապա անիկա բոլորին ձախողութիւնը պիտի ըլլայ եւ ոչ թէ իր անձնական ձախողութիւնը:

Պըրրի շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ տեղի ունենալիք երկխօսութիւնը պիտի ըլլայ շարժառիթ մը, որ այլ երկիրներ ու պետութիւններ օժանդակեն Լիբանանին:

Միւս կողմէ, Պըրրիի մօտիկ աղբիւրներ հաստատեցին, որ անոր տեղեկութիւններուն համաձայն, իրանեան իշխանութիւնները ոգեւորուած են Սէուտական Արաբիոյ հետ իրենց կատարելիք երկխօսութեամբ:

Չորեքշաբթի օր տեղի ունենալիք ժողովրդային բողոքի ցոյցերուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Պըրրի շեշտեց, որ ինք շրջափակուած չի նկատեր ինքզինք, այլ` պատրաստ է ցուցարարներուն ընկերակցելու, որովհետեւ անոնք իրաւունքն է, որ կը պահանջեն:

 

Նախորդը

Տոհայի Մէջ . Քաթարի Իշխանը Կ՛ընդունի Ժահժահը

Յաջորդը

Վարչապետ Սալամ Ընդունեց Արայժին Եւ Տը Ֆրէյժը

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.