Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանը Հարուածող Աւազամրրիկը Կը Պատճառէ Զոհեր Եւ Շնչահեղձ Կը Դարձնէ Հարիւրաւոր Ուրիշներ

September 9, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

avaz_9-08-15

Լիբանանը հարուածող աւազամրրիկը երէկ սաստկացաւ Աքքարի ու Պեքաայի զանազան շրջաններուն եւ Հասպայայի մէջ` պատճառելով զոհեր եւ շնչահեղձ դարձնելով հարիւրաւոր քաղաքացիներ:

Երեկոյեան վարչապետ Թամմամ Սալամ յայտնեց, որ այսօր պետական բոլոր հաստատութիւնները փակ պիտի մնան աւազամրրիկին պատճառով:

Առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր տուեալ շրջաններու բոլոր հիւանդանոցներուն հրահանգեց ընդունիլ քաղաքացիները եւ նախարարութեան հաշուոյն անոնց բժշկական խնամք տրամադրել: Նախարարին որոշումով այսօր բոլոր մանկամսուրները փակ պիտի մնան:

red_cross_9-08-15

Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանը հարուածող աւազամրրիկին պատճառով շնչահեղձ դարձած է եւ մահացած երեք հոգի, իսկ հիւանդանոց փոխադրուած են աւելի քան 750 պարագաներ:

Նոյն աղբիւրներուն համաձայն, նախանցեալ երեկոյեան լիբանանցի կին մը, իսկ երէկ սուրիացի գաղթական կին մը Աքքարի Աքրում շրջանին մէջ աւազամրրիկէն շնչահեղձ դառնալով մահացած են:

Մեծ թիւով քաղաքացիներ իրենց առօրեայ աշխատանքները ամբողջացնելու նպատակով օգտագործեցին բերանակապեր, իսկ ուրիշներ նախընտրեցին բանտարկուիլ իրենց բնակարաններուն մէջ` կանխարգիլելու համար շնչահեղձ դառնալու որեւէ պարագայ:

Աւազամրրիկը ոչ մէկ ձեւով խանգարած է Պէյրութի միջազգային օդակայանին աշխատանքը, սակայն անոր պատճառով երկրին կլիման փոխուած է` ջերմաստիճանը եւ խոնաւութեան համեմատութիւնը բարձրացած են:

Նշենք նաեւ, որ կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապի որոշումին համաձայն, սեփական դպրոցները այսօր իրենց դռները փակ պիտի պահեն աւազամրրիկին պատճառով:

Պէյրութի միջազգային օդակայանի օդերեւութաբանական գրասենեակին տեղեկութիւններուն համաձայն, աւազամրրիկին աղբիւրը սուրիական-իրաքեան սահմանամերձ շրջանն է:

Նոյն աղբիւրները նշեցին, որ աւազամրրիկը պիտի շարունակուի նաեւ այսօր եւ իր աւարտին հասնի վաղը: Անոնք յայտնեցին նաեւ, որ Լիբանանը հարուածող վերջին աւազամրրիկը 1998-ին էր եւ անիկա շատ աւելի խիստ էր:

 

 

Նախորդը

Վարչապետ Սալամ Ընդունեց Քաակը

Յաջորդը

«Այսօր Պիտի Մասնակցինք Երկխօսութեան Նիստին. Կա՛մ Կը Յաջողինք Երկրին Հարցերը Լուծել Եւ Կա՛մ Կը Ձախողինք» Շեշտեց Զօր. Աուն

RelatedPosts

Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ  Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը
Լիբանանեան

Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը

October 26, 2026
Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ  Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»
Լիբանանեան

Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.