
Ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք Պաթրունի քաղաքապետարաններու համադաշնակցութեան նախագահ Թաննուս Ֆղալիի եւ Պաթրունի քաղաքապետներուն հետ Քֆարապիտայի մէջ կատարուած հանդիպումի մը ընթացքին յայտնեց, որ աղբերու տագնապին լուծման առումով երկրագործութեան նախարար Աքրամ Շեհայէպի մշակած ծրագիրը գործադրութեան սեմին կը գտնուի` աւելցնելով, որ այդ տագնապին լուծման համար անհրաժեշտ է գործադրել վարչական ապակեդրոնացեալ դրութիւնը:
Մաշնուք հաստատեց, որ աղբերու տագնապին լուծումը անհրաժեշտութիւն է բոլոր լիբանանցիներուն համար: «Այդ առումով ոչ ոք կրնայ քաղաքական թեզով պատասխանել եւ նման բան կատարողը պիտի ձախողի: Աղբերու տագնապը իւրաքանչիւր լիբանանցիի կը վերաբերի, հետեւաբար անոր լուծման ծրագիրը միայն Շեհայէպին չի ծառայեր, եւ կը հաւատամ, որ անիկա պիտի արժանանայ բոլորին համաձայնութեան», ըսաւ Մաշնուք: