Կենսոլորտի նախարար Մոհամետ Մաշնուք երէկ պատասխանեց իր դէմ դատական հարց յարուցելու քայլին` շեշտելով, որ այդ քայլը չի մղեր զինք իր սկզբունքները փոփոխութեան ենթարկելու:
«Ես անշեղ կը մնամ իմ սկզբունքներէս եւ համոզումներէս, ինչպէս նաեւ կը մնամ օրէնքի ենթակայ: Իսկ եթէ կարիք ըլլայ իմ վկայութեանս, միշտ պատրաստ եմ ընդառաջելու: Ո՛չ ոք թող մտահոգուի այդ իմաստով», շեշտեց Մոհամետ Մաշնուք: