Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մինչ Ժողովրդային Ցոյցերը Կը Շարունակուին, Երկխօսութեան Նիստը Այսօր Կը Կատարէ Իր Մեկնարկը

Սեպտեմբեր 9, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

hiwar9_9-08-15

Խորհրդարանը բաղկացնող երեսփոխանական պլոքներուն նախագահները, որոնց կարգին` Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի այսօր կէսօրուան ժամը 12:00-ին, խորհրդարանին մէջ, նախագահութեամբ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, պիտի գումարեն երկխօսութեան նիստ մը, որուն օրակարգը կ՛ընդգրկէ հետեւեալ կէտերը.

– Նախագահական ընտրութիւն
– Խորհրդարանի աշխատանքի վերսկսում
– Կառավարութեան աշխատանքի վերսկսում
– Ընտրական օրէնքի մշակում
– Քաղաքացիութեան վերստացումի օրէնք
– Վարչական ապակեդրոնացեալ դրութեան օրէնք
– Բանակի եւ ապահովութեան ուժերու հզօրացում:

Մինչ երկխօսութեան նիստին գումակային բոլոր կարիքները ամբողջացած են եւ երկրին ղեկավարները պիտի հանդիպին` հաւանական լուծումներու ակնկալութեամբ, քաղաքացիական ընկերութեան կազմակերպած ժողովրդային ցոյցերը կը շարունակուին:

«Հաշուետուութեան պիտի կանչենք» արշաւը այսօր` չորեքշաբթի, 9 սեպտեմբերին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին պիտի համախմբուին Նըժմէ հրապարակին վրայ:

Նշենք, որ «Հաշուետուութեան պիտի կանչենք» արշաւը երէկ երեկոյեան ժամը 6:00-ին բողոքի նստացոյց մը կատարեց Ելեկտրականութեան ընկերութեան դիմաց:

Նստացոյցին ընթացքին արշաւին պատասխանատուները շեշտեցին, որ ելեկտրականութեան մարզին առումով հսկայ փտածութիւն գոյութիւն ունի, սակայն ատիկա կարելի չէ հաստատել եւ հաշուետուութեան կանչել բացի տեղեկութիւններու բացայայտումով:

Արշաւին պատասխանատուները յայտնեցին, որ կան կարգ մը տեղեկութիւններ, որոնք փոխանցուած են լիբանանեան դատական իշխանութիւններուն` լուսարձակի տակ առնելով իննսունականներէն ի վեր այդ մարզին մէջ արձանագրուած փտածութիւնը, «իսկ փաստը այն է, որ ելեկտրականութեան մարզին շրջագիծին մէջ 30 միլիառ տոլարի աւազակութիւն կայ, իսկ ժողովուրդը իր եռօրեայ կեանքը մոմի լոյսով կ՛ապրի», շեշտեցին անոնք:

Իր կարգին, «Հոտերնիդ ելաւ» արշաւը կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն առաւօտեան ժամը 10:00-ին եւ երեկոյեան ժամը 6:00-ին համախմբուելու Նահատակաց հրապարակին վրայ` ազգային երկխօսութեան նիստին յարմար պատասխանը տալու նպատակով:

Միւս կողմէ, Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը հաստատեց, որ այսօր պետական հաստատութիւններուն, ինչպէս նաեւ պետական եւ անձնական դպրոցներուն մէջ գործադուլ եւ դասադուլ պիտի կատարուի` աւելցնելով, որ լիբանանցի ժողովուրդը հրաւիրուած է ուղղուելու փողոց` բողոքի իր ձայնը բարձրացնելու կառավարութեան եւ երկրին իշխող քաղաքական դասին դէմ:

Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդի նիստին մասնակցեցան Օգոստոս 29-ի շարժումէն, «Հոտերնիդ ելաւ», «Վարչակարգի բարեկարգում», «Պետութիւն կ՛ուզենք», «Օրէնքի եւ սահմանադրութեան պաշտպանութեան խորհուրդ», «Քաղաքացիական ընկերութեան երկխօսութեան սեղան» եւ «Ժողովուրդը կ՛ուզէ վարչակարգը բարեկարգել» արշաւներէն ներկայացուցիչներ, որոնք իրենց կարգին կոչ ուղղեցին չորեքշաբթի, 9 սեպտեմբերին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին բողոքի նստացոյց մը կատարելու Նահատակաց հրապարակին վրայ, պայմանաւ որ այդ ցոյցը աւարտի երեկոյեան ժամը 7:30-ին:

Ապահովական Միջոցառումներ

Մինչ Կեդրոնական Պէյրութի, յատկապէս խորհրդարան տանող փողոցներուն մէջ որդեգրուած են ապահովական արտակարգ միջոցառումներ, ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն, հազարապետ-զօրավար Իպրահիմ Պասպուս նախագահեց ներքին ապահովութեան ուժերու սպաներուն նիստին, որուն ընթացքին շեշտեց կարգապահութիւնը պահելու, ցուցարարները պաշտպանելու, ինչպէս նաեւ ապահովութեան եւ կարգ ու կանոնին հսկելու անհրաժեշտութիւնը:

ՆՇԵՆՔ, որ երեկոյեան լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի հանդիպում մը ունենալէ ետք մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ, Պքերքէէն յայտարարեց, որ պետական կալուածները ժողովուրդին կը պատկանին, եւ լիբանանեան բանակը` իբրեւ ընկերութեան մէկ մասնիկը, պիտի չթերանայ խօսքի ազատութիւնը պաշտպանելու իր առաքելութեան մէջ:

Նախորդը

«Կը Զօրակցինք Երկխօսութեան, Հակառակ Նախկին Ապարդիւն Փորձառութիւններուն» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

Յաջորդը

Նալբանդեան. «Մեր Բարոյական Պարտքը Կը Նկատենք Կանգնիլ Միջին Արեւելքի Ժողովուրդներուն Կողքին»

RelatedPosts

Պէյրութի, Պեքայի Եւ Պաալպեք-Հերմելի Մէջ  Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Պէյրութի, Պեքայի Եւ Պաալպեք-Հերմելի Մէջ Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններ

Մայիս 19, 2025
Պալապանեան. «ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի  Շաղզոյեան Կեդրոնի Մէջ Ժողովներու Ճամբով  Պէյրութի Մէջ Քրիստոնեայ Ուժերը Համախմբելու Նախաձեռնութիւնը Յաջողութեամբ Պսակուեցաւ»
Գլխաւոր լուրեր

Պալապանեան. «ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Շաղզոյեան Կեդրոնի Մէջ Ժողովներու Ճամբով Պէյրութի Մէջ Քրիստոնեայ Ուժերը Համախմբելու Նախաձեռնութիւնը Յաջողութեամբ Պսակուեցաւ»

Մայիս 19, 2025
Բագրատունի. «Պէյրութը Համախոհութեան Եւ Բոլորին Մասնակցութեան Քաղաքն Է, Ուստի Բոլորը Պէտք Է Զգան, Որ Ան Իրենցն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Պէյրութը Համախոհութեան Եւ Բոլորին Մասնակցութեան Քաղաքն Է, Ուստի Բոլորը Պէտք Է Զգան, Որ Ան Իրենցն Է»

Մայիս 19, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?