Լիբանանեան

«Աղբի Տագնապին Առաջին Օրերէն Իսկ Յայտարարած Ենք, Որ Պուրճ Համուտը Կարմիր Գիծ Է, Եւ Կը Շարունակենք Մնալ Նոյն Սկզբունքին Վրայ»  Շեշտեց Յ. Բագրատունի

«Աղբի Տագնապին Առաջին Օրերէն Իսկ Յայտարարած Ենք, Որ Պուրճ Համուտը Կարմիր Գիծ Է, Եւ Կը Շարունակենք Մնալ Նոյն Սկզբունքին Վրայ» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

Լիբանանի մէջ աղբի տագնապին եւ զայն լուծելու նպատակով կառավարութեան վաւերացուած ծրագիրին լոյսին տակ ի յայտ եկած է ընդհանուր մտահոգութիւն` Պուրճ Համուտի աղբանոցի վերաբացումին առնչուող: Այս իմաստով «Ազդակ» յատուկ հարցազրոյց մը ունեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի հետ: Ան յայտնեց, որ ժողովուրդը ընդհանրապէս մտահոգուելու ամէն պատճառ եւ իրաւունք ունի, որովհետեւ հիմնականին մէջ պետութեան եւ իրերայաջորդ կառավարութիւններուն նկատմամբ վստահութիւն...

«Կը Մերժենք Պուրճ Համուտի  Աղբանոցին Վերաբացումը»  Շեշտեց Ճորճ Գրիգորեան

«Կը Մերժենք Պուրճ Համուտի Աղբանոցին Վերաբացումը» Շեշտեց Ճորճ Գրիգորեան

Աղբերու տագնապին լուծման նպատակով առաջարկուած եւ կառավարութեան համաձայնութեան արժանացած ծրագիրին եւ Պուրճ Համուտի աղբակոյտի լերան վերացման մասին Լիբանանի պետական պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին Պուրճ Համուտի փոխքաղաքապետ Ճորճ Գրիգորեան շեշտեց, որ Պուրճ Համուտի եւ Սայտայի աղբանոցներուն միջեւ կայ էական տարբերութիւն մը, որն է հետեւեալը. «Սայտայի պարագային աղբանոցը բաց երկնքի տակ կը գտնուի, իսկ Պուրճ Համուտի աղբանոցը թաղուած է հողէ...

Ռայի Պատրիարքը Այցելեց  Լեռնալիբանանի Գիւղերը

Ռայի Պատրիարքը Այցելեց Լեռնալիբանանի Գիւղերը

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ ուղղուեցաւ Լեռնալիբանանի գիւղերը, ուր հանդիպումներ ունեցաւ տարբեր շրջաններու հոգեւոր պետերուն եւ քաղաքական հեղինակութիւններուն հետ: Ռայի պատրիարքը իր այցելութեան ընթացքին շեշտը դրաւ ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին նախագահական ընտրութիւն կատարելու անհրաժեշտութեան վրայ: Տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասանի հետ իր ունեցած հանդիպումէն ետք Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց երկրին իշխանաւորներուն եւ քաղաքական պատասխանատուներուն Լեռնալիբանանի բնակչութենէն դասեր քաղելու:...

Պուրճ Համուտի Ծովային Շրջանին Մէջ  Բողոքի Նստացոյց` Աղբանոցի Վերաբացումին Դէմ

Պուրճ Համուտի Ծովային Շրջանին Մէջ Բողոքի Նստացոյց` Աղբանոցի Վերաբացումին Դէմ

Պուրճ Համուտի ծովային շրջանին մէջ երէկ երեկոյեան ժամը 6:00-ին կատարուեցաւ բողոքի խորհրդանշական նստացոյց մը, որ անհատական նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած էր: Խումբ մը երիտասարդներ իրենց նստացոյցին ընթացքին մերժեցին Պուրճ Համուտի աղբանոցին վերաբացումը` շեշտելով, որ անիկա շրջանը կ՛ապականէ եւ կենցաղային վատառողջ պայմաններ կը ստեղծէ: Ցուցարարները, որոնց մաս կազմեցին նաեւ քաղաքացիական ընկերութեան կարգ մը արշաւներ, ինչպէս` «Հոտերնիդ ելաւ» եւ «Հաշուետուութեան պիտի կանչենք» արշաւները, խստիւ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ շեշտեց, որ արաբական երկիրները պէտք է մասնակից դառնան սուրիացի գաղթականները հիւրընկալելու պատասխանատուութեան: ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ֆայսալ Քարամէ հաստատեց, որ Լիբանանի համար փրկութիւն չկայ, բացի ընտրական արդիական օրէնքի մը որդեգրումով, որուն իբրեւ արդիւնք կարելի պիտի ըլլայ կազմել երիտասարդ ղեկավարներու փաղանգ մը: ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլ յայտնեց, որ Ուաշինկթընի կողմէ ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի Լիբանանի մասնաճիւղի կրթական սնտուկին...

«Մօտիկ Ապագային Նախագահական  Ընտրութիւնը Նախատեսուած Չէ»  Յայտնեց Յ. Բագրատունի

«Ծրագիրը Ուսումնասիրել Շարունակելը Չի Նշանակեր Համաձայն Գտնուիլ Պուրճ Համուտի Աղբանոցին Վերաբացումին» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի յայտնեց, որ երկրագործութեան նախարար Աքրամ Շեհայէպի մշակած ծրագիրը ուսումնասիրել շարունակելը չի նշանակեր համաձայն գտնուիլ Պուրճ Համուտի աղբանոցի վերաբացումին: «Կրնանք աղբի տագնապի լուծման գործընկեր ըլլալ, սակայն մենք ոչ միայն լուծման գործընկեր ենք, այլ` երկրին վերաբերող բոլոր հարցերուն», շեշտեց Յ. Բագրատունի:

Նաամէի, Աքքարի Եւ Պեքաայի Քաղաքապետարանները  Կը Մերժեն Շեհայէպի Ծրագիրն Ու Իրենց  Շրջաններուն Մէջ Աղբանոցներու Գոյութիւնը

Նաամէի, Աքքարի Եւ Պեքաայի Քաղաքապետարանները Կը Մերժեն Շեհայէպի Ծրագիրն Ու Իրենց Շրջաններուն Մէջ Աղբանոցներու Գոյութիւնը

Երկրագործութեան նախարար Աքրամ Շեհայէպի պատրաստած եւ կառավարութեան վաւերացումը ստացած աղբերու տագնապի լուծման ծրագիրը երէկ մերժուեցաւ Նաամէի, Աքքարի եւ Պեքաայի քաղաքապետարաններուն կողմէ, որոնք հաստատեցին, որ իրենք կտրականապէս կը մերժեն իրենց շրջաններուն մէջ աղբանոցներու գոյութիւնը: Նաամէի քաղաքապետարանը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն համաձայն, քաղաքապետական խորհուրդը միաձայնութեամբ կը մերժէ Նաամէի աղբանոցը 7 օրուան համար բանալու կառավարութեան որոշումը: Քաղաքապետական խորհուրդը` ներկայութեամբ փոխքաղաքապետ Շարպել Մաթարի,...

Զօր. Սլէյման. «Պէտք Չէ Լիբանանցիներուն  Ուշադրութիւնը Շեղել Թափուր  Մնացած Նախագահական Աթոռէն»

Զօր. Սլէյման. «Պէտք Չէ Լիբանանցիներուն Ուշադրութիւնը Շեղել Թափուր Մնացած Նախագահական Աթոռէն»

Նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց խորհրդարանի փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարին, փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպելը, գաղթականներու հարցերու նախարար Ալիս Շապթինին, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերու նախարար Ապտել Մուտթալեպ Հըննաուին եւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունին, որոնց ներկայութեան ընդգծեց ազգային երկխօսութեան անհրաժեշտութիւնը եւ զայն շարունակելու կարեւորութիւնը, մինչեւ որ կարելի ըլլայ ուղղուիլ խորհրդարան եւ նախագահական ընտրութիւն կատարել: «Պէտք չէ լիբանանցիներուն...

Աւազամրրիկը Պատճառեց  Երկու Այլ Զոհեր

Աւազամրրիկը Պատճառեց Երկու Այլ Զոհեր

Լիբանանը հարուածող աւազամրրիկին պատճառով երէկ եւս արձանագրուեցան զոհեր: Սայտայի բնակիչ պաղեստինցի Մահմուտ Սլէյման Օշի աւազամրրիկին պատճառով շնչահեղձ դարձած էր, իսկ Աքքարի մէջ մահացած էր 70 տարեկան կին մը` Ամինա Իսա: Միւս կողմէ, Պէյրութի միջազգային օդակայանի քաղաքացիական օդանաւորդութեան օդերեւութաբանական բաժանմունքին համաձայն, այսօր կէսօրէ ետք աւազամրրիկը պիտի սկսի վերջ գտնել, սակայն ջերմաստիճանն ու խոնաւութեան համեմատութիւնը պիտի մնան բարձր: Կը նախատեսուի, որ այսօր...

Արթիւր Նազարեանի Տեղեկատուական  Գրասենեակը Կը Հերքէ Քմէյրի Հետ  Յարաբերութեան Վատթարացման Լուրը

Արթիւր Նազարեանի Տեղեկատուական Գրասենեակը Կը Հերքէ Քմէյրի Հետ Յարաբերութեան Վատթարացման Լուրը

Արթիւր Նազարեան Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Արթիւր Նազարեանի տեղեկատուական գրասենեակը երէկ հերքեց կարգ մը լրատուամիջոցներուն կողմէ շրջանառութեան մէջ դրուած այն լուրերը, թէ նախարարութեան ջրելեկտրակայանին աղբիւրներու ընդհանուր տնօրէն Ֆատի Քմէյր սպառնացած է հրաժարիլ, եթէ նախարար Նազարեան միլիոնաւոր տոլար արժող Շապրուհ ջրամբարին յատուկ համաձայնագիր մը մերժէ ստորագրել: Նազարեանի գրասենեակը դրուատեց Քմէյրի հետ յարաբերութիւնը` ընդգծելով նախարարին եւ անոր միջեւ գործակցութիւնը, որ օրէնքի...

Ապու Ֆաուր Թրիփոլիի «Սալամ»  Հիւանդանոցին Հետ Գործակցութիւնը Կը Խզէ

Ապու Ֆաուր Թրիփոլիի «Սալամ» Հիւանդանոցին Հետ Գործակցութիւնը Կը Խզէ

Ուաէլ Ապու Ֆաուր Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, լիբանանեան կարգ մը շրջաններու մէջ հիւանդանոցները տակաւին կը մերժեն ընդունիլ նիւթական բաւարար գումար չունեցող քաղաքացիները: Այս ճշմարտութեան լոյսին տակ առողջապահութեան նախարարութիւնը կոչ ուղղեց բոլոր հիւանդանոցներուն զգուշանալու այս վարուելակերպէն` դիտել տալով, որ անոնց դէմ օրինական պատիժներ կրնան որդեգրուիլ: Այս ծիրին մէջ, առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր երէկ յայտնեց, որ Թրիփոլիի «Սալամ» հիւանդանոցին հետ իր...

Դատական Իշխանութիւնները  Կը Շարունակեն Պատժել Յանցագործները

Դատական Իշխանութիւնները Կը Շարունակեն Պատժել Յանցագործները

Դատախազ Սաքըր Սաքըր Զինուորական ատեանին մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչ, դատախազ Սաքըր Սաքըր երէկ Ռաս Պաալպեքի «Եունիվըրսըլ» հիւանդանոցի բժիշկներէն եւ հիւանդապահուհիներէն մէկական հոգի բերման ենթարկեց իրենց աշխատանքին մէջ թերանալու եւ բանակայինի մը մահուան պատճառ դառնալու յանցանքով: Սաքըր անոնց թղթածրարները փոխանցեց զինուորական ատեանի աւագ քննիչ դատախազ Ռիատ Ապու Ղիտայի: Պէյրութի քննիչ դատախազ Ժորժ Ռըզք երէկ Ժորժ Ռիֆը սպաննած Թարեք Եթիմը մահապատիժի դատապարտեց, իսկ անոր...

Պքերքէի Մէջ.  Ռայի Պատրիարքը Ընդունեց  Ֆայսալ Քարամէն

Պքերքէի Մէջ. Ռայի Պատրիարքը Ընդունեց Ֆայսալ Քարամէն

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց նախկին նախարար Ֆայսալ Քարամէն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Քարամէ յայտնեց, որ հակառակ ամպամած մթնոլորտին, Ռայի պատրիարքին հետ հանդիպումը լաւատեսութիւն եւ ապահովութիւն ներշնչած է` նկատի ունենալով Լիբանանի ապագային նկատմամբ անոր յստակատեսութիւնը: Քարամէ նշեց, որ Ռայի պատրիարքը առաջնահերթութիւններ ճշդած է, եւ իրենք համաձայն են այդ առաջնահերթութիւններուն` աւելցնելով, որ երկրին բոլոր...

Ժոմպլաթ. «Սուրիոյ Տագնապին Գծով  Հըզպալլայի Հետ Մեր  Յարաբերութիւնները Ճշդած Ենք»

Ժոմպլաթ. «Սուրիոյ Տագնապին Գծով Հըզպալլայի Հետ Մեր Յարաբերութիւնները Ճշդած Ենք»

Ուալիտ Ժոմպլաթ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնեց, որ իրենք կը յարգեն բոլորին կեցուածքներն ու տեսակէտները, ինչպէս նաեւ յանձնառութիւնները` աւելցնելով, որ Սուրիոյ տագնապին գծով Հըզպալլայի հետ իրենց յարաբերութիւնները ճշդած են եւ չեն փափաքիր զանոնք խախտումի ենթարկել: «Անոնք իրենց կարծիքը ունին, իսկ մենք համոզուած ենք, որ սուրիացի ժողովուրդը այդ տագնապէն յաղթական դուրս պիտի գայ», ըսաւ ան:

Ընդհանուր Ապահովութեան Ուժերը  Կը Ձերբակալեն ՏԱՀԵՇ-ի Անդամ Մը

Ընդհանուր Ապահովութեան Ուժերը Կը Ձերբակալեն ՏԱՀԵՇ-ի Անդամ Մը

Ընդհանուր ապահովութեան ուժերը հրապարակեցին հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նկատել տուին, որ ահաբեկչական ցանցերը հետապնդելու շրջագիծին մէջ, Աքքարի մէջ ձերբակալած են ՏԱՀԵՇ-ի անդամ մը, որ Սիր Տըննիէի բնակիչ է եւ կը բնակի Աքքարի Քըպպեթ Պշմրա գիւղաքաղաքին մէջ: Միւս կողմէ, Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ ընդունեց Համասի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն հետ քննարկեց պաղեստինեան իրադարձութիւնները, պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանին զարգացումներն...

Ազգային Երկխօսութեան  Բ. Նիստը` 16 Սեպտեմբերին

Ազգային Երկխօսութեան Բ. Նիստը` 16 Սեպտեմբերին

Լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող եւ երկիրը սառեցնող տագնապներն ու հարցերը քննարկելու եւ անոնց համար բարւօք լուծումներ գտնելու նպատակով, երէկ կէսօրուան ժամը 12:00-ին, խորհրդարանին մէջ գումարուեցաւ ազգային երկխօսութեան առաջին նիստը: Նիստին ներկայ գտնուեցան խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի եւ անոր քաղաքական խորհրդատու, ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ, վարչապետ Թամմամ Սալամ եւ ընկերային հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ...

Կառավարութիւնը Աղբերու Հարցով   Համաձայն Գտնուեցաւ Երկրագործութեան Նախարարին  Ներկայացուցած Համապարփակ Ծրագիրին

Կառավարութիւնը Աղբերու Հարցով Համաձայն Գտնուեցաւ Երկրագործութեան Նախարարին Ներկայացուցած Համապարփակ Ծրագիրին

Ընդառաջելով վարչապետ Թամմամ Սալամի հրաւէրին, կառավարութիւնը երէկ երեկոյեան ժամը 5:00-ին գումարեց արտակարգ նիստ մը, որ կը վերաբերէր աղբի տագնապի լուծման: Նիստին նախագահեց վարչապետ Սալամ եւ անոր ներկայ գտնուեցան Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի, ինչպէս նաեւ Հըզպալլայի նախարարները, ի բացառութիւն արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի եւ պետական նախարար Մոհամետ Ֆընէյշի: Նիստէն բացակայեցաւ տնտեսութեան նախարար Ալեն Հաքիմ` երկրէն դուրս գտնուելուն պատճառով: Կրթութեան նախարար...

Քերրիէն Հեռաձայնային Զօրակցական  Հաղորդակցութիւն` Վարչապետ Սալամի

Քերրիէն Հեռաձայնային Զօրակցական Հաղորդակցութիւն` Վարչապետ Սալամի

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ վարչապետ Թամմամ Սալամի հետ եւ իր զօրակցութիւնը յայտնեց Լիբանանին եւ երկրին մէջ քաղաքական համախոհութիւն գոյացնելու Սալամի ջանքերուն, հակառակ երկրին դիմագրաւած դժուար ու բարդ պայմաններուն: Հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանին միջազգային օժանդակութիւն տրամադրող երկիրներուն նիստին մանրամասնութիւնները: Քերրի շեշտեց, որ Ուաշինկթըն կը զօրակցի Լիբանանի ապահովական կայունութեան եւ անկախութեան` ընդգծելով, որ Լիբանանի խորհրդարանը...

Պքերքէի Մէջ.  Ռայի Պատրիարքը Ընդունեց  Հըզպալլայի Պատուիրակութիւն Մը

Պքերքէի Մէջ. Ռայի Պատրիարքը Ընդունեց Հըզպալլայի Պատուիրակութիւն Մը

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց Հըզպալլայի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Հըզպալլայի քաղաքական խորհուրդի նախագահ սէյիտ Իպրահիմ Ամին Սէյիտի եւ ընկերակցութեամբ քաղաքական խորհուրդի անդամ Մահմուտ Քումաթիի, Մուսթաֆա Հաժ Ալիի եւ Պիլալ Լաքիսի: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ մարոնի պատրիարքութեան ընդհանուր փոխանորդ Սամիր Մազլում եպիսկոպոս, քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան ազգային յանձնախումբի ընդհանուր քարտուղար Հարես Շեհապ եւ գերապայծառ Էլի Խուրի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան...

Լիբանանը Հարուածող Աւազամրրիկը  Հետզհետէ Կը Նուազի

Լիբանանը Հարուածող Աւազամրրիկը Հետզհետէ Կը Նուազի

Լիբանանը հարուածող աւազամրրիկը երէկ շարունակեց իր ընթացքը ամբողջ Լիբանանի տարածքին, յատկապէս Աքքարի, Պեքաայի, Սայտայի, Սուրի եւ Հասպայայի շրջաններուն մէջ: Աւազամրրիկին պատճառով արձանագրուեցան շնչահեղձութեան այլ պարագաներ, որոնք անմիջապէս փոխադրուեցան հիւանդանոց: Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանը հարուածող աւազամրրիկին պատճառով շնչահեղձ դարձած քաղաքացիներուն թիւը հասաւ երկու հազարի` աւելցնելով, որ նախարարութեան անձնակազմերը բոլոր շրջաններուն մէջ օժանդակեցին քաղաքացիներուն եւ բոլորին հետ գործակցեցան բժշկելու համար շնչահեղձ...

Page 905 of 985 1 … 904 905 906 … 985

Արխիւներ