Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Երկխօսութեան Պիտի Մասնակցինք, Իսկ Աղբերու Տագնապը Չլուծելու Պարագային Պէտք Չունինք Կառավարութեան Մէջ Մնալու» Շեշտեց Ժեմայէլ

September 9, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ժեմայէլ եւ Ռայի պատրիարքը
Ժեմայէլ եւ Ռայի պատրիարքը

Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ երէկ երեկոյեան Սայֆիի մէջ հրաւիրած իր մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտնեց, որ նման կացութեան պարագային իրենք կը դիմեն կուսակցութեան պատմութեան, արժէքներուն, գաղափարներուն եւ սկզբունքներուն, որոնց հիմամբ Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն շահերը առաջնահերթ են:

Ժեմայէլ շեշտեց, որ Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը օր մը օրանց իր շահերուն համար լիբանանցիները չէ շահագործած: «Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը միշտ նկատի կ՛ունենայ Լիբանանի շահերը եւ պատրաստ է իր եւ իր ժողովրդականութեան հաշուոյն զոհողութիւն կատարելու` պահպանելու համար Լիբանանը եւ անոր պետական հաստատութիւնները: Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը կը պայքարի եւ պատրաստ է երկրին անկախութեան եւ գերիշխանութեան համար բոլոր ճակատներուն վրայ պայքարելու», ըսաւ ան:

Ժեմայէլ հաստատեց, որ իրենք աղբի տագնապին համար սկիզբէն ի վեր պայքարած են եւ մերժած «Սուքլին» ընկերութեան աշխատանքը` բացայայտելով թիւերն ու գումարները: «Ժողովրդային շարժումը այսօր կ՛ամբողջացնէ մեր ճիգերը` աղբերու տագնապին լուծումը ապակեդրոնացեալ դրութեամբ կատարելու իմաստով: Ցաւօք սրտի, սակայն, այս հանգրուանին ապակեդրոնացեալ դրութեամբ եւ քաղաքապետարաններուն ընդմէջէն աղբի հարցը լուծելու երկրագործութեան նախարար Աքրամ Շեհայէպի ծրագիրը արգելակելու փորձեր կան: Իսկ Շեհայէպի ներկայացուցած ծրագիրը հիմնուած է մեր առաջարկներուն վրայ», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ ինք այսօր ընդհանուր դատախազութեան մօտ դատական հարց պիտի յարուցէ բոլոր անոնց դէմ, որոնք մեղսակցած են եւ աղբերու տագնապը ստեղծած:

Անդրադառնալով կառավարութեան աշխատանքին` Ժեմայէլ յայտնեց, որ կառավարութեան աշխատանքը անոր կազմութենէն երեք ամիս ետք պէտք է աւարտեր: «Մեզի համար այս կառավարութեան մէջ մնալը մղձաւանջ է, իսկ մեր երազն է լքել զայն: Հետեւաբար աղբերու տագնապը չլուծելու պարագային պէտք չունինք կառավարութեան մէջ մնալու», շեշտեց Ժեմայէլ:

Ժեմայէլ աւելցուց, որ Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը պիտի մասնակցի այսօրուան երկխօսութեան նիստին` մաղթելով, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երկխօութեան օրակարգը սահմանափակէ միայն նախագահական ընտրութեամբ:

Նշենք, որ Ժեմայէլ երէկ առաւօտեան այցելեց Պքերքէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ:

Հանդիպումին ընթացքին ան Ռայի պատրիարքին փոխանցեց մամլոյ ասուլիսին ընթացքին իր կատարելիք յայտարարութիւններուն մանրամասնութիւնները եւ ստացաւ պատրիարքին օրհնութիւնը:

 

Նախորդը

Թանայէլի Ճամբուն Վրայ Ականի Լարման Նպատակն Էր Թիրախ Դարձնել Հըզպալլայի Շքախումբերը

Յաջորդը

Ֆրանսուա Հոլլանտ Պիտի Այցելէ Լիբանան

RelatedPosts

Հաստատ Մնալով Դիմադրութիւնը Ապազինելու  Կառավարութեան Որոշումին Վրայ.  Լիբանան Կ՛ընդլայնէ Դիւանագիտական  Շփումներու Ծիրը
Գլխաւոր լուրեր

Հաստատ Մնալով Դիմադրութիւնը Ապազինելու Կառավարութեան Որոշումին Վրայ. Լիբանան Կ՛ընդլայնէ Դիւանագիտական Շփումներու Ծիրը

March 10, 2026
Լիբանանեան Խորհրդարանը Երկու Տարիով  Երկարաձգեց Իր Պաշտօնավարութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանեան Խորհրդարանը Երկու Տարիով Երկարաձգեց Իր Պաշտօնավարութիւնը

March 10, 2026
Հայեացքը Արեւելեան Լեռնաշղթային Ուղղելով`  Իսրայէլ Կը Սաստկացնէ Իր Հարուածները`  Թիրախաւորելով Յատկապէս Ենթակառոյցները
Լիբանանեան

Հայեացքը Արեւելեան Լեռնաշղթային Ուղղելով` Իսրայէլ Կը Սաստկացնէ Իր Հարուածները` Թիրախաւորելով Յատկապէս Ենթակառոյցները

March 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.