Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Այսօր Պիտի Մասնակցինք Երկխօսութեան Նիստին. Կա՛մ Կը Յաջողինք Երկրին Հարցերը Լուծել Եւ Կա՛մ Կը Ձախողինք» Շեշտեց Զօր. Աուն

September 9, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Զօր. Միշել Աուն
Զօր. Միշել Աուն

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ Ռապիէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի:

Նիստէն ետք զօր. Աուն մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ իրենք այսօր պիտի մասնակցին ազգային երկխօսութեան, որուն ընթացքին կա՛մ կը յաջողին լուծել երկրին դիմագրաւած հարցերը եւ կա՛մ ալ կը ձախողին այդ հարցերուն լուծման առումով:

Զօր. Աուն շեշտեց, որ աղբի տագնապին լուծման առումով իրենք ամբողջական ծրագիր մը պիտի ներկայացնեն` աւելցնելով, որ կան որոշ հարցեր, զորս կարելի չէ լուծել քաղաքապետարաններուն ընդմէջէն:

Զօր. Աուն ընդգծեց համամասնական դրութեամբ երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարելու կարեւորութիւնը` ընդգծելով, որ այդ օրէնքին հիման վրայ կատարուելիք ընտրութիւններէն ետք է, որ կարելի է կատարել նախագահական ընտրութիւնը: «Իսկ եթէ առաջնահերթութիւնը նախագահական ընտրութեան վերապահուած է, ապա մենք առաջարկած ենք ուղղակի ժողովուրդին հանրաքուէով հանրապետութեան նախագահ ընտրելու կարելիութիւնը», ըսաւ ան:

Զօր. Աուն շեշտեց, որ լիբանանցի ժողովուրդը համաձայն է համամասնական ընտրական օրէնքին, իսկ ժողովուրդին հանրաքուէով նախագահի ընտրութիւնը զինք անկախ կը դարձնէ միջազգային ճնշումներէն: Ան յոյս յայտնեց, որ դարձեալ փողոցին դիմելու ստիպուած չըլլան` աւելցնելով սակայն, որ փողոց վերադառնալու պարագային, ապա կոչ պիտի ուղղէ բոլոր լիբանանցիներուն:

Ան կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն մերժելու Լիբանանի վրայ բանեցուած արտաքին ճնշումները, «ինչպէս նաեւ յոյս յայտնեց, որ պատասխանատուները ըմբռնեն իր տեսակէտները եւ կատարեն երկխօսութիւնը` կազմելու համար պետութիւն մը եւ ոչ ագարակ մը», ըսաւ ան:

Միւս կողմէ, զօր. Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք ուրբաթ օր մասնակցեցան Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ցոյցին, որ լաւապէս կազմակերպուած էր եւ ուրիշը յարգելու շօշափելի օրինակ մը ներկայացուցած` նամազի պահուն: Ան մաղթեց, որ քաղաքակիրթ այդ արտայայտութիւնը օրինակ ծառայէ բոլոր լիբանանցիներուն:

 

Նախորդը

Լիբանանը Հարուածող Աւազամրրիկը Կը Պատճառէ Զոհեր Եւ Շնչահեղձ Կը Դարձնէ Հարիւրաւոր Ուրիշներ

Յաջորդը

«Կը Զօրակցինք Երկխօսութեան, Հակառակ Նախկին Ապարդիւն Փորձառութիւններուն» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

RelatedPosts

Իսրայէլեան Յարձակումներու  Սաստկացման Զուգահեռ.  Դիւանագիտական Սերտ Շփումներ  Յաւելեալ Թափ Կ՛առնեն
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Յարձակումներու Սաստկացման Զուգահեռ. Դիւանագիտական Սերտ Շփումներ Յաւելեալ Թափ Կ՛առնեն

March 9, 2026
Սուրիոյ Նախագահ Ահմետ Շարեհ Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Ունեցաւ Վարչապետ Սալամի Հետ
Լիբանանեան

Սուրիոյ Նախագահ Ահմետ Շարեհ Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Ունեցաւ Վարչապետ Սալամի Հետ

March 9, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

March 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.