Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ընդհանուր Ապահովութեան Ուժերը Կը Ձերբակալեն Նուսրայի Անդամ Սուրիացի Մը

September 8, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ապպաս Իպրահիմ
Ապպաս Իպրահիմ

Ընդհանուր ապահովութեան ուժերը հրապարակեցին հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նկատել տուին, որ ահաբեկչական ցանցերն ու քնացած բջիջները հետապնդելու շրջագիծին մէջ ձերբակալած են սուրիացի մը, որ Ժապհաթ Նուսրա ահաբեկչական խմբաւորումին անդամ է եւ կը զբաղի ահաբեկչական այլ խմբաւորումներու գումակային օժանդակութիւն տրամադրելով, ինչպէս նաեւ ականահարումներ ծրագրելով:

Միւս կողմէ, Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ Ահմետ Ասիր սուղ որս մըն է, իսկ անոր վկայութիւններն ու բացայայտած գաղտնիքները «արժէքաւոր» են:

«Ասիրի ձերբակալութիւնը մաքուր գործողութիւն մըն էր, որ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերուն համար նուաճում մը կը նկատուէր», ըսաւ Իպրահիմ` աւելցնելով, որ այդ աշխատանքը իրենք առանձինն կատարած են, առանց տեղական թէ արտաքին որեւէ օժանդակութեան:

Ապպաս Իպրահիմ հաստատեց, որ Ասիրին հետեւելու նպատակով կազմուած է ապահովական բջիջ մը, որ երկու տարի հետապնդած է զայն, մինչեւ որ կրցած է ձերբակալել: «Ապահովութիւնը պահպանելու համար մենք բծախնդրութեամբ կը գործենք եւ մեր հետապնդած յանցագործին կրօնը կամ յարանուանութիւնը նկատի չենք ունենար», ըսաւ ան:

Ապպաս Իպրահիմ շեշտեց, որ ինք պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ գործող խմբաւորումներուն պետերէն խնդրած է, որ Ասիրը յանձնեն պետութեան, սակայն ոչ ոք ընդառաջած է այդ խնդրանքին:

Նշենք, որ Ժիպէյլի Քարթապա գիւղաքաղաքին մէջ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութեան գրասենեակի բացումին ընթացքին Ապպաս Իպրահիմ կոչ ուղղեց միասնականութեան եւ համագործակցութեան, ինչպէս նաեւ պետութեան նկատմամբ հաւատքին եւ անոր ամրապնդման աշխատանքներուն:

Իպրահիմ ընդգծեց, որ իրենք անխոնջ աշխատանք պիտի տանին, մինչեւ որ առեւանգուած բանակայիններուն թղթածրարը հասցնեն բարի աւարտի:

«Մենք ապահովական կառոյցներու մեր գործընկերներուն հետ աշխատանքը պիտի շարունակենք հարուածելու համար ահաբեկչութիւնը, ինչպէս նաեւ երաշխաւորելու համար երկրին ապահովական կայունութիւնն ու քաղաքացիական անվտանգութիւնը», ըսաւ ան:

 

Նախորդը

Բանակը Ձերբակալեց ՏԱՀԵՇ-ի Անդամ Ապտալլա Մաարապանին

Յաջորդը

«Հաշուետուութեան Պիտի Կանչենք» Արշաւը Այսօր Բողոքի Նստացոյց Մը Պիտի Կատարէ Ելեկտրականութեան Ընկերութեան Դիմաց

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.