Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 1, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, ամերիկեան վարչակարգը Փարիզի փոխանցած է, թէ ինք որոշած է Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլը պահել իր պաշտօնին վրայ` նկատի ունենալով Լիբանանի մէջ տիրող զգայուն կացութիւնը:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, ըստ որուն պենզինի թիթեղին սակը սղած է 100 լ. ոսկիով, կանաչ մազութինը` 200 լ. ոսկիով, իսկ կարմիր մազութինը` 100 լ. ոսկիով:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա մերժեց «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին եւ անոր փոխնախագահ Քարմա Խայեաթի դէմ Միջազգային դատական ատեանին արձակած վճիռը:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա շեշտեց, որ մեծ ժողովրդականութիւն ունենալու մասին յաւակնութիւններ ունեցողը պէտք է ուղղուի դէպի երեսփոխանական ընտրութիւններ:

ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Սըժաան Քազզի շեշտեց, որ բանակայիններուն վերաբերող պաշտօնի բարձրացումը քաղաքական տարակարծութիւններու պէտք չէ վերածել:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Կապի Լայեուն նշեց, որ անել կացութեան մատնուելու պարագային անհրաժեշտ է իշխանութիւնը վերապահել ժողովուրդին:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ յայտնեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն ոչ մէկ համաձայնութիւն գոյացնելու կարգավիճակին մէջ է, ընդհակառակն` անոր մտահոգութիւնն ու նպատակը հանրապետութեան նախագահ դառնալն է:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով պատասխանատու աղբիւրներէ, կը գրէ, թէ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի Լիբանան կատարելիք այցելութեան յետաձգումը կը փաստէ, թէ նախագահական ընտրութեան առումով ոչ մէկ զարգացում արձանագրուած է:

ԱՆԿԱԽ Նասըրականներու «Մուրապիթուն» շարժումի քարտուղար Մուսթաֆա Համտան երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանի հետ ունեցած իր հանդիպումէն ետք շեշտեց լիբանանեան բանակը պաշտպանելու եւ մնայուն կերպով անոր զօրակցելու անհրաժեշտութիւնը:

ԻԹԹԻՀԱՏ կուսակցութեան ղեկավար, նախկին նախարար Ապտել Ռահիմ Մըրատ յայտնեց, որ երկրի վարչակարգին բարեկարգումը կարելի է կատարել ընտրութիւններուն ընթացքին որդեգրուելիք համամասնական դրութեան համապատասխանող օրէնքով, որպէսզի կարելի ըլլայ նոր խորհրդարան մը կազմել:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրը: Քննարկուեցան Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները:

 

Նախորդը

Սկիզբ Սուրիոյ Մէջ Ռուսական Օդուժի Ռմբակոծումներուն

Յաջորդը

Աուտէ Եպիսկոպոսը Ընդունեց Մաժտալանին

RelatedPosts

Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով  Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան

September 17, 2026
Պայրագտարեան Այցելեց Նախագահ Աունին
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Այցելեց Նախագահ Աունին

September 17, 2026
Աուն. «Մեր Նպատակը Զէնքի Մենաշնորհումն Է,  Սակայն Առանց Ներքին Բախումի, Եւ Իսրայէլի Հետ  Թշնամանքի Իրավիճակին Վերջ Տալու Ապահովական  Համաձայնութեան Կը Ձգտինք»
Լիբանանեան

Աուն. «Մեր Նպատակը Զէնքի Մենաշնորհումն Է, Սակայն Առանց Ներքին Բախումի, Եւ Իսրայէլի Հետ Թշնամանքի Իրավիճակին Վերջ Տալու Ապահովական Համաձայնութեան Կը Ձգտինք»

September 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.