Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 2, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Հիւկօ Շորթըրի հետ: Հանդիպումին ընթացքին Շորթըր յայտնեց, որ Բրիտանիա պիտի շարունակէ լիբանանեան բանակին հետ իր գործակցութիւնը:

ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ նախանցեալ երեկոյեան Պնաշհիի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էմանուէլ Պոնը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնեց, որ ինք կը հետեւի վերջերս կատարուող անհեթեթ յայտարարութիւններուն` շեշտելով, որ պէտք է Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի հետ կատակելուն վերջ տալ: Ան աւելցուց, որ ինք լաւապէս կ՛ըմբռնէ զօր. Աունի կեցուածքները:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Քարիմ Բագրատունի յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ արձանագրուած զարգացումները կ՛ամրապնդեն հանրապետութեան նախագահ ընտրուելու առնչութեամբ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի առիթները:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Տար Ֆաթուայի մօտիկ աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ կարգ մը շրջաններու մզկիթներուն մէջ այսօրուան նամազէն ետք արտասանուելիք քարոզները Հըզպալլայի դէմ կեցուածքներ պիտի արտայայտեն` նկատի ունենալով Ռիատին զօրակցելու անոնց պատրաստակամութիւնը:

ԼԵՌՆԱԼԻԲԱՆԱՆԻ միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ալի Ժուզու Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը նկատեց բռնատէր, իսկ Ռուսիան` Միջին Արեւելքի ահաբեկչութեան մարմնացումը:

ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ շարժումի նախագահ Նաժահ Ուաքիմ շեշտեց, որ Սուրիոյ տագնապը լիբանանեան տագնապին նման կարելի չէ լուծել` աւելցնելով, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի քաջութիւնը անոր դիմադրութեան կարեւորագոյն ազդակն է:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա շեշտեց, որ իրենք համաձայնութեան երկրպագուներ չեն` աւելցնելով, որ ոմանք կը ջանան համախմբումը ներկայացնել իբրեւ հարցերը խոչընդոտող կողմ:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ շեշտեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երկխօսութեան նախաձեռնութիւնը առաջադրած է լիբանանեան ազգային շահերուն համար եւ ոչ իր անձնական շահերուն:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը երէկ ոտնձգութիւններ գործեց Լիբանանի գերիշխանութեան դէմ` թռիչքներ գործելով Հասպայայի, Արքուպի Շեպաայի եւ Ժապալ Շէյխի բարձունքներուն վերեւ:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարիօ Աուն յոյս յայտնեց, որ բանակայիններուն պաշտօնի բարձրացումներուն պարագային դրական արդիւնքներու հասնին:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա յայտնեց, որ նախագահական ընտրութեան առումով միջազգային ճիգերը կարելի է տեղադրել մաղթանքներու սահմաններուն մէջ:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթը` իր տեղեկութիւնները քաղելով Այն Թինէի աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի միջեւ յարաբերութիւնները չեն կրնար համաձայն չըլլալ:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի առաջարկած է Նազեք Հարիրիին գնել «Մուսթաքպալ» պատկերասփիւռի կայանը, սակայն վերջինս մերժած է:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Իպրահիմ Նաժժար շեշտեց, որ ռուսական միջամտութիւնը անկասկած փոփոխութեան պիտի ենթարկէ շրջանին կացութիւնը:

 

 

Նախորդը

Թրքական Բանակի Սպայակոյտի Պետը Պիտի Այցելէ Ազրպէյճան

Յաջորդը

Ահմետ Ասիր Կը Խոստովանի Սպանութիւններ Ծրագրելու Իր Արարքները

RelatedPosts

Միջլիբանանեան Համագումար` Հարաւի Զօրակցութեան Համար.  Բագրատունի. «Քրիստոնեայ Ներկայութեան Պաշտպանութիւնը Զայն Իր Արաբական Ու Միջինարեւելեան Շրջապատէն Մասնատել Չ՛առաջադրեր»
Գլխաւոր լուրեր

Միջլիբանանեան Համագումար` Հարաւի Զօրակցութեան Համար. Բագրատունի. «Քրիստոնեայ Ներկայութեան Պաշտպանութիւնը Զայն Իր Արաբական Ու Միջինարեւելեան Շրջապատէն Մասնատել Չ՛առաջադրեր»

September 29, 2026
Նախագահ Աուն Կը Շնորհաւորէ Պետական Անվտանգութեան Կառոյցի Հիմնադրութեան Տարեդարձը
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն Կը Շնորհաւորէ Պետական Անվտանգութեան Կառոյցի Հիմնադրութեան Տարեդարձը

September 29, 2026
Սէյիտ Նասրալլայի Եւ Սէյիտ Սաֆիէտտինի Նահատակութեան Բ. Տարելիցին Առիթով. Շէյխ Նայիմ Քասեմ. «Մենք Քեզ Չենք Յիշեր, Այլ Հետդ Կ՛ապրինք, Մենք Ունինք Մէկ Լիբանան Եւ Ոչ Լիբանաններ»
Լիբանանեան

Սէյիտ Նասրալլայի Եւ Սէյիտ Սաֆիէտտինի Նահատակութեան Բ. Տարելիցին Առիթով. Շէյխ Նայիմ Քասեմ. «Մենք Քեզ Չենք Յիշեր, Այլ Հետդ Կ՛ապրինք, Մենք Ունինք Մէկ Լիբանան Եւ Ոչ Լիբանաններ»

September 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.