Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երկրագործութեան Նախարարին Ու Կենսոլորտի Մասնագէտներուն Միջեւ Կէսգիշերային Համաձայնութիւն Մը Կրնայ Երկիրը Փրկել Աղբի Տագնապէն

September 30, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

shehayeb_9-29-15

Երկրագործութեան նախարար Աքրամ Շեհայէպ երէկ երեկոյեան ժամը 8:30-ին նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ քաղաքացիական շարժումին կողմնակից կենսոլորտի մասնագէտներուն հետ, որոնց հետ քննարկուեցան Լիբանանի աղբերու տագնապին լուծման հեռանկարները:

Երեք ժամ տեւած հանդիպումէն ետք, ժամը շուրջ 11:30-ին, մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին կենսոլորտի մասնագէտներուն բանբերը հաստատեց, որ Շեհայէպի հետ քննարկած են աղբի տագնապին լուծման ծրագիրին կենսոլորտային բաժինը:

Ան շեշտեց, որ ծրագիրին բոլոր կէտերը քննարկուած են լուրջ եւ դրական մթնոլորտի մը մէջ` աւելցնելով, որ կենսոլորտի մասնագէտները կը զօրակցին լիբանանցիներուն եւ աղբակոյտերու վայրերու պարագային որոշումը ժողովուրդին կը պատկանի:

Ան յայտնեց, որ քաղաքացիական ընկերութիւնը յանձնառու է աղբերու տագնապին լուծման եւ լիբանանցի ժողովուրդին իրաւունքն է Լիբանանի աղբերու տագնապին լուծումը տեսնել:

«Կենսոլորտի մասնագէտները պիտի հանդիպին քաղաքացիական ընկերութեան ներկայացուցիչներուն հետ, որպէսզի անոնցմէ ստանան իրենց վերջնական համաձայնութիւնը: Այս թղթածրարին հանդէպ կատարեալ պատասխանատուութեամբ պիտի վարուինք», ըսաւ ան:

Իր կարգին, նախարար Շեհայէպ շեշտեց, որ երէկ գիշերուան ժողովը լուսաւոր էջ մը բացած է աղբի տագնապին լուծման առումով, որովհետեւ անիկա եղած է առիթ մը, որուն ընթացքին համաձայնութիւն գոյացած է` փարատելով գրեթէ բոլոր տարակարծութիւնները:

Շեհայէպ մերժեց յաւելեալ տեղեկութիւններ տրամադրել` նշելով, որ «Ոչ փտածութեան» միութիւնը իր կայքէջով պիտի հրապարակէ երէկ գիշերուան հանդիպումին գոյացած համաձայնութեան մանրամասնութիւնները:

«Քաղաքացիական շարժումը աշխուժ դերակատարութիւն ունեցած է կառավարութեան վաւերացուցած աղբի տագնապին լուծման շուրջ որդեգրուած բարեկարգումներուն իմաստով», ըսաւ ան` անհրաժեշտ նկատելով, որ յառաջիկայ 24 ժամուան ընթացքին կարելի ըլլայ գործնական քայլերու դիմել:

Շեհայէպ ընդգծեց, որ այս առումով նախարարութիւնը իր խորհրդակցութիւնները պիտի շարունակէ քաղաքացիական ընկերութեան ներկայացուցիչներուն հետ:

Նշենք, որ երեկոյեան ժամը 8:00-ին Շեհայէպ հանդիպում մը ունեցաւ ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի հետ: Քննարկուեցան բանակայիններու պաշտօնները բարձրացնելու թղթածրարը, ինչպէս նաեւ կառավարութեան գործելաոճին վերաբերող հարցեր:

 

Նախորդը

Ուժանիւթի Նախարարութիւնը Դարձաւ Քաղաքացիական Ընկերութեան Թիրախը

Յաջորդը

Արազ Պուչաքճեան Արժանացաւ ՄԱԿ-ի Լուսանկարչութեան Մրցանակին

RelatedPosts

Այցելելով Հարաւային Լիբանան.  Սալամ. «Պետութեան Գերիշխանութիւնը Նաեւ Պատասխանատուութիւն Է Ժողովուրդին Ու Անոր Խնդիրներուն Նկատմամբ»
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Հարաւային Լիբանան. Սալամ. «Պետութեան Գերիշխանութիւնը Նաեւ Պատասխանատուութիւն Է Ժողովուրդին Ու Անոր Խնդիրներուն Նկատմամբ»

February 9, 2026
«Դատապարտեալները Լիբանանէն Տեղափոխելու Համաձայնութիւնը Արդիւնք Է Երկու Երկիրներուն Միջեւ Յարաբերութիւններու Հասունացումը Արտացոլացնող Գործընկերութեան»  Կ՛ըսէ Սուրիոյ Արդարադատութեան Նախարարը
Լիբանանեան

«Դատապարտեալները Լիբանանէն Տեղափոխելու Համաձայնութիւնը Արդիւնք Է Երկու Երկիրներուն Միջեւ Յարաբերութիւններու Հասունացումը Արտացոլացնող Գործընկերութեան» Կ՛ըսէ Սուրիոյ Արդարադատութեան Նախարարը

February 9, 2026
Պասիլ. «Մեր Պայքարը Գոյութեան Եւ Լիբանանեան Որոշումին Պաշտպանութեան Համար Է»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Մեր Պայքարը Գոյութեան Եւ Լիբանանեան Որոշումին Պաշտպանութեան Համար Է»

February 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.