
Լիբանանեան բանակը Անֆէ-Շեքքա շրջանին մէջ ձերբակալեց 10 կասկածելիներ, որոնք կապի մէջ էին դատական իշխանութիւններուն կողմէ պահանջուած վտանգաւոր յանցագործի մը հետ:
Բանակը գրաւեց նաեւ անոնց մօտ գտնուող ատրճանակներն ու գնդացիրները:
Ժըպպէ-Պշարրէ շրջանին մէջ բանակը ձերբակալեց 6 քաղաքայիններ, որոնք նախապէս մասնակցած էին լիբանանեան բանակին դէմ կատարուած յարձակումներուն եւ զինեալ բախումներուն:
Միւս կողմէ, ընդհանուր ապահովութեան ուժերը երէկ ձերբակալեցին լիբանանցի մը, որ զէնք եւ զինամթերք կը տրամադրէր ահաբեկչական խմբաւորումի մը զինեալներուն` Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ ահաբեկիչներուն փոխադրութիւնը կը դիւրացնէր:


