
Ապրայի դէպքերէն ետք փախուստ տուած շէյխ Ահմետ Ասիր քանի մը ամսուան ընթացքին յաջողած էր ահաբեկչական կարգ մը բջիջներ պատրաստել: Այդ բջիջներէն ոմանք քայքայուած են, իսկ ուրիշներ տակաւին կը մնան քնացած վիճակի մէջ եւ ըստ երեւոյթին անոնք ամէնէն աւելի վտանգաւորները կը նկատուին: Այդ իմաստով Սայտայի Պուսթան Քապիր շրջանին մէջ բացայայտուած զէնքի եւ զինամթերքի պահեստանոցը շօշափելի փաստ է ահաբեկչական քնացած խմբաւորումներուն սպառնացած վտանգին:
Ապահովութեան ուժերուն կողմէ բացայայտուած լուսանկարները ցոյց կու տան նաեւ հրթիռներ, ձեռնառումբեր, ականներ եւ այլ սարքեր, որոնք կը գործածուին սպանութիւններ գործելու նպատակով, ինչպէս նաեւ գտնուած են հրասանդեր, թնդանօթի յատուկ հրթիռներ եւ «Էր. Փէ. Ժէ.» տիպի նռնականետեր:
Պուսթան Քապիրի մէջ ձերբակալուած Մազեն Հըպլի, ծնեալ` 1988-ին, Ասիրի հետեւորդներէն է, սակայն իր խոստովանութիւններուն մէջ Ասիր ոչ մէկ անգամ յիշած է անոր անունը: Ան չէ խոստովանած նաեւ զէնքի այդ պահեստանոցին մասին, սակայն Հըպլիի ձերբակալումէն ետք ան ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքին խոստովանած է շարք մը իրականութիւններ:
Տեղեկահաւաքի բաժանմունքը ահաբեկչական բջիջները հետապնդելու իր առաքելութեան մէջ ձերբակալած է նաեւ Մուսթաֆա Ազզամը, որուն եղբօր` Ալի Ազզամին կը պատկանի Սայտայի մէջ բացայայտուած զինամթերքի պահեստանոցը:
Այս շրջագիծին մէջ, բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը ձերբակալեց Ֆիրաս Հաքաուաթին, որ մնայուն կերպով ստանձնած է Պիլալ պըն Ռապահ մզկիթին մէջ եւ անկէ դուրս Ասիրի կատարած նստացոյցերուն նկարահանումը, ինչպէս նաեւ ընկերակցած է Ասիրի` դէպի Քուսէյր կատարած անոր ուղեւորութեան մէջ:
Նշենք, որ Ասիր իր կարգին խոստովանեցաւ, թէ Ապրայի բախումներուն իմաստով ինք կը մտածէր վրէժ լուծել եւ այդ նպատակով կը նախապատրաստէր որոշ սպանութիւններ Հըզպալլայի, Ամալ շարժումի, Սարայա Մուքաուամայի եւ լիբանանեան բանակի կարգ մը սպաներուն դէմ:
Ասիր շեշտեց, որ ինք Շահին Սլէյմանը եւ Մոհթասեմ Քատտուրան պատասխանատու նշանակած է հետապնդելու սպանութեան թիրախները եւ անոնց մասին տեղեկութիւններ հաւաքելու ու աշխատանքը բաժնելու տարբեր խմբաւորումներու:
Ասիր խոստովանեցաւ նաեւ, որ իրեն հետ գործակցած են նաեւ այլ խմբաւորումներ, որոնք հին Սայտայի, Հաշիշոյի եւ Շարհապիլի մէջ բնակարաններ վարձած են եւ զանոնք վերածած զէնքի ու զինամթերքի պահեստանոցներու:


