
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ նախագահական ընտրութեան խորհրդարանի նիստը յետաձգեց չորեքշաբթի, 21 հոկտեմբեր 2015-ին` օրինաթիւի չգոյութեան պատճառով:
Նշենք, որ Այն Թինէի մէջ Պըրրի երէկ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, որուն ընթացքին շեշտեց երկխօսութեան անհրաժեշտութիւնը` դիտել տալով, որ անիկա միակ միջոցն է երկրին տագնապներուն լուծում գտնելու:
Պըրրի նշեց նաեւ, որ շրջանին մէջ արձանագրուած զարգացումները` յատկապէս Սուրիոյ տագնապին լուծման վերաբերեալ, կը պարտադրեն, որ լիբանանցիները հետեւին անոնց եւ փորձեն լիբանանեան մակարդակի վրայ տագնապները լուծել:
Պէտք է աւելցնել, որ Պըրրիի այցելեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքինը, որ խորհրդարանի նախագահին հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Զասիփքին Պըրրիին պաշտօնապէս փոխանցեց, որ Սուրիոյ խնդրանքին ընդառաջելով` Ռուսիա ամբողջ Սուրիոյ տարածքին ահաբեկչութեան դէմ պիտի պատերազմի:
Միւս կողմէ, հարցազրոյցի մը ընթացքին Պըրրի հաստատեց, որ առաջնահերթը աղբի տագնապի լուծումն է` աւելցնելով, որ բանակայիններուն պաշտօնները բարձրացնելու առումով ոչ մէկ համաձայնութիւն պիտի գոյանայ: