Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին դիմաց արտասանած իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ ահաբեկչութեան դէմ պայքարը պէտք է համաշխարհային ըլլայ` կանխարգիլելու համար անոր տարածումը:
Պասիլ ընդգծեց, որ ահաբեկչութեան դէմ որեւէ պատերազմ չի կրնար յաջողութիւն արձանագրել, եթէ այդ պատերազմին մաս չկազմեն ահաբեկչութենէն տառապող երկիրները:
Ան դիտել տուաւ, որ Լիբանան ամբողջութեամբ կլանուած է այս պատերազմին մէջ, որպէսզի երկիրն ու լիբանանցիները հեռու պահէ արմատականութենէ եւ ծայրայեղութենէ:
Պասիլ շեշտեց, որ ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու իմաստով Լիբանան առաջին գիծի վրայ կը մնայ: «Լիբանանեան բանակը ամէնօրեայ դրութեամբ ահաբեկչութեան դէմ կը պայքարի` երկրին արեւելեան սահմաններուն վրայ: Իսկ ահաբեկչութեան դէմ մեր ռազմավարութիւնը հիմնուած է մեր արժէքներուն շուկայադրումին եւ պատգամը տարածելուն վրայ», ըսաւ ան:
Պասիլ դիտել տուաւ նաեւ, որ իրենք պայքարը կը շարունակեն` պահպանելու համար փոքրամասնութիւններուն իրաւունքները: Ան նշեց, որ շրջանին դիմագիծը կազմուած է բազմազանութեան հիման վրայ եւ անիկա շարք մը երկիրներու համար ներշնչման աղբիւր է:
«Մենք ահաբեկչութեան դէմ կը պայքարինք, որովհետեւ համոզուած ենք, որ Լիբանանի քայքայումով ահաբեկչութիւնը պիտի տարածուի եւ թակէ նախ Եւրոպայի, ապա ամբողջ աշխարհին դռները», ըսաւ ան` հարց տալով, թէ ինչպիսի՞ դիմագիծ պիտի ստանայ աշխարհը, եթէ Լիբանան կորսնցնէ իր պատգամ ըլլալու արժէքը:
Ան նշեց նաեւ, որ ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու հոգեբանութիւնը կրնայ նոյնը չմնալ, եթէ միջազգային ընտանիքը երկու չափ երկու կշիռի հասկացողութեամբ վարուի` նկատի ունենալով յատկապէս արաբեւիսրայէլեան տագնապը: