Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լազարինի. «Միջազգային Ընտանիքին Օրակարգին Վրայ Լիբանան Առաջնահերթութիւն Է»

October 2, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ֆիլիփ Լազարինի
Ֆիլիփ Լազարինի

Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի աշխատանքները համադրող պատասխանատու Ֆիլիփ Լազարինի յայտնեց, որ Լիբանանի օժանդակութեան միջազգային խմբակին գումարած նիստը կը փաստէ, թէ Լիբանան առաջնահերթութիւն է միջազգային ընտանիքին օրակարգին վրայ, հակառակ բոլոր հարցերուն, որոնք կը յուզեն աշխարհը:

Լազարինի շեշտեց, որ Լիբանանի օժանդակութեան միջազգային խմբակը քննարկած է երկրին ապահովական կայունութիւնը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի օժանդակութեան կարելիութիւնները` զայն փրկելու համար անոր դիմագրաւած քաղաքական տագնապէն, յատկապէս թափուր մնացած նախագահական աթոռի հարցին լուծում մը գտնելու եւ երկրին մէջ գտնուող սուրիացի գաղթականներուն հարցերը լուծելու իմաստով:

Լազարինի հաստատեց լիբանանեան պետութեան կողմէ ազատ խօսքի եւ խաղաղ ցոյցի իրաւունքները յարգելու կարեւորութիւնը` դիտել տալով, որ կառավարութեան եւ փողոցին միջեւ լարուածութիւնը պատճառ կը դառնայ երկրին իրավիճակին սառեցման:

Ան անհրաժեշտ նկատեց, որ այս հանգրուանին լիբանանցիներուն միջեւ ազգային միասնականութիւնը աւելի եւս ամրապնդուի:

Անդրադառնալով աղբի տագնապին` Լազարինի յայտնեց, որ ՄԱԿ իր ներկայացուցիչը ունի կենսոլորտի նախարարութեան յատուկ յանձնախումբին մէջ` աւելցնելով, որ ՄԱԿ կը զօրակցի լիբանանեան իշխանութիւններուն` աղբի տագնապին լուծման առումով: «Լիբանան կարիքը ունի որոշումներ տալու եւ տրուած կարգ մը որոշումներ գործադրելու` յարգելով կենսոլորտը ապականումէ պահպանելու չափանիշները», նշեց ան:

Անդրադառնալով ՄԱԿ-ի կողմէ սուրիացի գաղթականներուն տրամադրուած սննդեղէնի օժանդակութեան` Լազարինի յայտնեց, որ այդ օժանդակութիւնը ամսական դրութեամբ 14 տոլարի նուազած է` նկատի ունենալով սննդեղէնի առումով տրամադրուած օժանդակութեան նուազումը: Ան յոյս յայտնեց, որ այդ ծրագիրը դարձեալ աշխուժանայ հետագային` աւելցնելով, որ սննդեղէնի առումով Լիբանանի կողքին կայ նաեւ Յորդանանը, ուր նոյն նուազումները արձանագրուած են:

Լազարինի ընդգծեց նաեւ, որ գաղթականներու նորածիններուն պարագային պէտք է անպայման տեղ մը արձանագրել, թէ անոնք գաղթականներու զաւակներ են` նշելով, որ այս իմաստով ՄԱԿ-ի եւ լիբանանեան իշխանութիւններուն միջեւ խորհրդակցութիւնները փոխադարձ ըմբռնողութիւն արձանագրած են:

 

Նախորդը

Բանակն Ու Ապահովութեան Ուժերը Կը Շարունակեն Ձերբակալել Ահաբեկչական Խմբաւորումներու Անդամներ

Յաջորդը

Պասիլ. «Ահաբեկչութեան Դէմ Պայքարը Պէտք Է Համաշխարհային Ըլլայ»

RelatedPosts

Միջլիբանանեան Համագումար` Հարաւի Զօրակցութեան Համար.  Բագրատունի. «Քրիստոնեայ Ներկայութեան Պաշտպանութիւնը Զայն Իր Արաբական Ու Միջինարեւելեան Շրջապատէն Մասնատել Չ՛առաջադրեր»
Գլխաւոր լուրեր

Միջլիբանանեան Համագումար` Հարաւի Զօրակցութեան Համար. Բագրատունի. «Քրիստոնեայ Ներկայութեան Պաշտպանութիւնը Զայն Իր Արաբական Ու Միջինարեւելեան Շրջապատէն Մասնատել Չ՛առաջադրեր»

September 29, 2026
Նախագահ Աուն Կը Շնորհաւորէ Պետական Անվտանգութեան Կառոյցի Հիմնադրութեան Տարեդարձը
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն Կը Շնորհաւորէ Պետական Անվտանգութեան Կառոյցի Հիմնադրութեան Տարեդարձը

September 29, 2026
Սէյիտ Նասրալլայի Եւ Սէյիտ Սաֆիէտտինի Նահատակութեան Բ. Տարելիցին Առիթով. Շէյխ Նայիմ Քասեմ. «Մենք Քեզ Չենք Յիշեր, Այլ Հետդ Կ՛ապրինք, Մենք Ունինք Մէկ Լիբանան Եւ Ոչ Լիբանաններ»
Լիբանանեան

Սէյիտ Նասրալլայի Եւ Սէյիտ Սաֆիէտտինի Նահատակութեան Բ. Տարելիցին Առիթով. Շէյխ Նայիմ Քասեմ. «Մենք Քեզ Չենք Յիշեր, Այլ Հետդ Կ՛ապրինք, Մենք Ունինք Մէկ Լիբանան Եւ Ոչ Լիբանաններ»

September 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.