Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՄԱԿ-ի Կեդրոնին Մէջ. Լիբանանի Օժանդակութեան Միջազգային Խմբակի Նիստ

October 1, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Սալամ եւ Քի Մուն
Սալամ եւ Քի Մուն

ՄԱԿ-ի կեդրոնին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Լիբանանի օժանդակութեան միջազգային խմբակի նիստը, որուն ընթացքին վարչապետ Թամմամ Սալամ շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ նախագահական թափուր աթոռի դրութիւնը պատճառ կը դառնայ երկրին սահմանադրական հաստատութիւններուն, ինչպէս նաեւ գործադիր եւ օրէնսդիր իշխանութիւններուն աշխատանքին սառեցման:

Վարչապետ Սալամ շեշտեց, որ լիբանանեան բանակը ահաբեկչութեան դէմ պայքարին առումով հսկայական մարտահրաւէրներու դիմաց կը գտնուի, սակայն ան կը պահպանէ Լիբանանը եւ քաղաքացիական անվտանգութիւնը:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բանակին օժանդակութիւն տրամադրած բոլոր երկիրներուն եւ աջակցութիւն խնդրեց նախագահական ընտրութիւն կատարելու իմաստով` աւելցնելով, որ Լիբանանի նախագահական ընտրութեան թղթածրարը պէտք է շրջանի բոլոր տագնապներէն անջատել:

Վարչապետ Սալամ ընդգծեց, որ Լիբանան ցարդ կրցած է պահպանել իր ապահովական կայունութիւնը` յարգելով հանդերձ ցոյց կատարելու ժողովուրդին իրաւունքը, «սակայն երկրին դիմագրաւած տնտեսական ծանր պայմաններուն ներքեւ կարելի չէ նախատեսութիւններ կատարել անոր ապագային շուրջ», ըսաւ ան:

Իր կարգին, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն յայտնեց, որ Լիբանանի կարիքները հետզհետէ կ՛աւելնան` հոն ապաստանած սուրիացի գաղթականներուն հսկայական կարիքներուն պատճառով: Ան նշեց, որ եթէ կարելի չըլլայ այդ կարիքներուն ընդառաջել, ապա Լիբանան ծանր հետեւանքներ պիտի կրէ:

Քի Մուն կոչ ուղղեց նաեւ լիբանանեան բանակին յաւելեալ օժանդակութիւն տրամադրելու, որպէսզի ան կարենայ ահաբեկչութեան դէմ իր պայքարը շարունակել:

«Լիբանանեան բանակին մատուցուած օժանդակութեան իբրեւ արդիւնք կարելի պիտի ըլլայ պահպանել շրջանին եւ Լիբանանին կայունութիւնը, յատկապէս նկատի ունենալով Լիբանանի մէջ հանրապետութեան նախագահի չգոյութիւնը», ըսաւ ան:

Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի կոչ ուղղեց Լիբանանի օժանդակութեան միջազգային խմբակին լիբանանեան բանակին տրամադրելու որակական օժանդակութիւն` նկատի ունենալով անոր դիմագրաւած ահաբեկչական լուրջ մարտահրաւէրները:

Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարար Փաուլօ Ճենթիլոնի հաստատեց Իտալիոյ զօրակցութիւնը Լիբանանի նկատմամբ` շեշտելով, որ Լիբանանի քաղաքական տագնապին լուծումը միջազգային ընտանիքին շահերուն կը ծառայէ:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւս շեշտեց, որ Լիբանանի բնակչութեան թիւին կէսէն աւելին սուրիացի գաղթականներ են` շեշտելով, որ անհրաժեշտ է Լիբանանը աղէտներէ պահպանել, որպէսզի ան ինքզինք վերահաստատէ իբրեւ խաղաղութեան կղզի մը:

Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինի շեշտեց, որ Լիբանանը կարիք ունի հանրապետութեան նախագահի մը, որպէսզի վերագտնէ իր ինքնավստահութիւնը եւ դիմագրաւէ երկրին սպառնացող մարտահրաւէրները:

Նշենք, որ վարչապետ Սալամ երէկ Նիւ Եորքի մէջ կատարած իր խորհրդակցութիւնները եզրափակեց հանդիպում մը ունենալով Պան Քի Մունի հետ:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ:

Վարչապետ Սալամ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆրանք Վալթեր Շթայնմայերի հետ` ներկայութեամբ Պասիլի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն տագնապը:

 

Նախորդը

Պըրրի. «Երկխօսութիւնը Միակ Միջոցն Է Երկրին Տագնապներուն Լուծում Գտնելու»

Յաջորդը

«Մին Ալ Արտ». Սուրիահայերը Հայաստանի Մէջ

RelatedPosts

Ռուպիօ Նախագահ Աունը Յորդորած Է Լիբանանի  Եւ Իսրայէլի Բանակներուն Միջեւ Ուղղակի  Հաղորդակցութիւնները Սկսելու
Լիբանանեան

Ռուպիօ Նախագահ Աունը Յորդորած Է Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Բանակներուն Միջեւ Ուղղակի Հաղորդակցութիւնները Սկսելու

October 17, 2026
«Քաթարը Կը Փորձէ Լիբանանի Մէջ Ուժանիւթի Հարցի  Համապարփակ Լուծումներ Ներկայացնել»  Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը
Գլխաւոր լուրեր

«Քաթարը Կը Փորձէ Լիբանանի Մէջ Ուժանիւթի Հարցի Համապարփակ Լուծումներ Ներկայացնել» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

October 17, 2026
Խաթիպզատէ. «Լիբանանի Մէջ Իրանի  Դեսպանի Հարցը Պէտք Չէր Այսչափի Հասնէր»
Լիբանանեան

Խաթիպզատէ. «Լիբանանի Մէջ Իրանի Դեսպանի Հարցը Պէտք Չէր Այսչափի Հասնէր»

October 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.