Լիբանանեան

Պըրրի Ընդունեց  Հէյլն Ու Պաարինին

Պըրրի Ընդունեց Հէյլն Ու Պաարինին

Հէյլ եւ Պըրրի Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Այն Թինէ այցելեց նաեւ նախկին երեսփոխան Ուաժիհ Պաարինի, որ յայտնեց, թէ Պըրրիին այցելելը անհրաժեշտութիւն է, որովհետեւ ան ազգային հեղինակութիւն է, ինչպէս նաեւ երկխօսութեան եւ սահմանադրական աշխատանքի երաշխիք: Պաարինի շեշտեց խորհրդարանի օրէնսդրական աշխատանքը աշխուժացնելու կարեւորութիւնը`...

Սենտիքայական Համակարգումի Խորհուրդը  Ընդհանուր Գործադուլի Կոչ Ուղղեց 20  Եւ 26 Հոկտեմբերին, Ինչպէս Նաեւ 4 Նոյեմբերին

Սենտիքայական Համակարգումի Խորհուրդը Ընդհանուր Գործադուլի Կոչ Ուղղեց 20 Եւ 26 Հոկտեմբերին, Ինչպէս Նաեւ 4 Նոյեմբերին

Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը երէկ կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին, Նահատակաց հրապարակին վրայ հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին շեշտուեցաւ, որ փոքր փտածները կը ծածկեն փտածութիւնը` ընդգծելով, որ պետական հաստատութիւններու աշխատանքին խոչընդոտումը շարունակելու պարագային, իրենք եւս պիտի դիմեն նոյն ձեւերուն եւ պիտի արգելակեն հաստատութիւններուն աշխատանքը: Խորհուրդը պետական հաստատութիւններուն եւ վարժարաններուն ընդհանուր գործադուլի կոչ ուղղեց 20 եւ 26 հոկտեմբերին, ինչպէս նաեւ 4 նոյեմբերին:...

Առեւանգուած Բանակայիններուն Հարազատները Այսօր Պիտի Որդեգրեն Մագլցողական Քայլեր

  Առեւանգուած բանակայիններուն հարազատները այսօր կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Կեդրոնական Պէյրութի մէջ, Նահատակաց հրապարակին վրայ պիտի որդեգրեն մագլցողական քայլեր` պահանջելով, որ իրենց զաւակներուն թղթածրարը դարձեալ ազգային առաջնահերթութիւն նկատուի:

Մուսթաքպալ-Հըզպալլա  Երկխօսութեան 13-րդ Նիստ

Մուսթաքպալ-Հըզպալլա Երկխօսութեան 19-րդ Նիստ

Հըզպալլայի եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ երկխօսութեան 19-րդ նիստը տեղի ունեցաւ երէկ երեկոյեան, Այն Թինէի մէջ: Նիստին ներկայ գտնուեցան Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի քաղաքական հարցերու օգնական Հիւսէյն Խալիլ, ճարտարարուեստի նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան, Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա, Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սաատ Հարիրիի խորհրդատու Նատեր Հարիրի, ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք, Մուսթաքպալ պլոքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր, ինչպէս նաեւ ելեւմուտքի նախարար...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան շեշտեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան լուսանցքայնացումը կրնայ միայն փորձանքներ պատճառել եւ դէպի անդունդը առաջնորդել: ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր լիբանանցի բժիշկ Ն. Ս.-ն փոխանցեց ընդհանուր դատախազութեան նիւթական բաժանմունքին, ինչպէս նաեւ հրահանգեց կարմիր մոմով փակել Սոտեքոյի մէջ գտնուող «Քասինօ» բախտախաղի կեդրոնին խոհանոցը: ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ նախարար Մոհամետ Մաշնուք շեշտեց, որ որսի եղանակը տակաւին պաշտօնապէս չէ յայտարարուած, եւ...

«Վանայ Ձայն» Կը Պարգեւատրէ Մեծերը

«Վանայ Ձայն» Կը Պարգեւատրէ Մեծերը

Հալա Հատտատ, Սեդրակ Սարգիսեան եւ Աւետիս Կիտանեան «Վանայ ձայն»-ի տնօրէնութիւնը անցեալ շաբաթավերջին «Մեր մեծերով կը վեհանանք» յայտագիրին ընդմէջէն հիւրընկալեց արուեստի մարզին մէջ իր վաստակը ունեցած լիբանանահայ անձնաւորութիւն մը` թմբկահար Սեդրակ Սարգիսեանը, որ պարգեւատրուեցաւ կայանի տնօրէն Աւետիս Կիտանեանի կողմէ: Հաղորդավար Հալա Հատտատի «Մեր մեծերով կը վեհանանք» յայտագիրին հիւրը` Սեդրակ Սարգիսեան, որ ծանօթ է իբրեւ «Թմբուկի թագաւոր», անդրադարձաւ իր մանկութեան յուշերուն` նշելով,...

Առեւանգուած Բանակայիններուն  Հարազատները Վերադարձան Փողոց

Առեւանգուած Բանակայիններուն Հարազատները Վերադարձան Փողոց

Առեւանգուած բանակայիններուն հարազատները երէկ կէսօրին բողոքի ցոյց մը կատարեցին Կեդրոնական Պէյրութի մէջ` բարձրացնելով իրենց զաւակներուն լուսանկարները եւ փակելով դէպի Ռիատ Սոլհ հրապարակ տանող Դրամատուներուն փողոցը: Անոնք պահանջեցին անյապաղ լուծել իրենց զաւակներուն թղթածրարը: Առեւանգուած բանակայիններուն հարազատներուն անունով խօսք առաւ Հիւսէյն Եուսեֆ` առեւանգուած բանակային Մոհամետ Եուսեֆի հայրը, որ հաստատեց, որ իրենց զաւակներուն հարցը առաջնահերթութիւն է` աւելցնելով, որ ազգային երկխօսութեան երեք նիստ գումարուած...

Վարչապետ Սալամ Միքաթիի Հետ Քննարկեց  Թրիփոլիի Վերաբերող Հարցեր

Վարչապետ Սալամ Միքաթիի Հետ Քննարկեց Թրիփոլիի Վերաբերող Հարցեր

Միքաթի եւ Սալամ Վարչապետ Թամմամ Սալամ շաբաթավերջին վարչապետարանին մէջ ընդունեց նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Թրիփոլիի վերաբերող շարք մը հարցեր` ներկայութեամբ ընկերային հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպասի: Հանդիպումէն ետք Միքաթի յայտնեց, որ վարչապետ Սալամը շնորհաւորած է Ատհայի տօնին առիթով եւ քննարկած Նիւ Եորքի մէջ անոր ունեցած հանդիպումներուն արդիւնքներն ու ընդհանրապէս Լիբանանի նկատմամբ միջազգային ընտանիքին կեցուածքները:...

Ֆրանչիսկոս Պապ Ընդունեց  Ապպաս Իպրահիմը

Ֆրանչիսկոս Պապ Ընդունեց Ապպաս Իպրահիմը

Ֆրանչիսկոս պապը եւ Ապպաս Իպրահիմ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ, Վատիկանի մէջ շաբաթ առաւօտեան հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանչիսկոս պապին հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան շրջանային եւ լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս քրիստոնեայ համայնքը յուզող հարցերը: Ֆրանչիսկոս պապը ընդգծեց իր հետաքրքրութիւնը` Լիբանանի նախագահական ընտրութեան եւ քրիստոնեայ համայնքին նկատմամբ: Ապպաս Իպրահիմ Ֆրանչիսկոս պապին նուիրեց ԺԸ. դարու սրբանկար մը:

Քաղաքացիական Ընկերութեան Տարբեր  Խմբաւորումներուն  Շաբաթավերջի Շարժումները

Քաղաքացիական Ընկերութեան Տարբեր Խմբաւորումներուն Շաբաթավերջի Շարժումները

Ռաուշէ-Տալիայի մէջ կատարուած բողոքի ցոյցէն պահ մը Քաղաքացիական եւ ժողովրդային շարժումի տարբեր խմբաւորումները կը պատրաստուին հինգշաբթի, 8 հոկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Նահատակաց հրապարակին վրայ տեղի ունենալիք նստացոյցին, որ պիտի կատարուի «Ձմեռը մօտեցաւ, երկիրը աղբերու մէջ խեղդուած է, ախտերը մեր տան սեմին են, իսկ իշխանութիւնը կը յապաղի իր պարտաւորութիւնները գործադրելու իմաստով» ընդհանուր կարգախօսին ներքեւ: Մինչեւ վերոնշեալ նստացոյցը, անցեալ շաբաթավերջին քաղաքացիական ընկերութեան...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը շաբաթ յետմիջօրէին ռմբակոծեց Արսալի բարձունքները` թիրախ դարձնելով զինեալներուն շարժումները: Իր կարգին, Հըզպալլա թիրախ դարձուց Սըրղայայի բարձունքներուն վրայ գտնուող զինեալները: ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը հաղորդագրութեամբ մը յայտնեց, որ Պաալպեքի մէջ ձերբակալած է Ապու Աքրաա ծածկանունով քաղաքացի մը, որ ահաբեկչական գործողութիւններ կատարած է եւ կը պատկանի ահաբեկչական բջիջի մը: Միւս կողմէ, լիբանանեան բանակը Թրիփոլիի մէջ ձերբակալած է Ամեր Օմար...

Վարչապետ Սալամ Ընդունեց Հէյլը  Եւ Նախագահեց Աղբի Տագնապի  Լուծման Յատուկ Նիստին

Վարչապետ Սալամ Ընդունեց Հէյլը Եւ Նախագահեց Աղբի Տագնապի Լուծման Յատուկ Նիստին

Հէյլ եւ Սալամ Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, Լիբանանին, լիբանանցիներուն եւ բանակին օժանդակելու հեռանկարները, Նիւ Եորքի մէջ վարչապետ Սալամի ունեցած հանդիպումներուն արդիւնքները: Հանդիպումէն ետք Հէյլ յայտնեց, որ իրենք անհրաժեշտ կը նկատեն Լիբանանի օժանդակութեան միջազգային յատուկ խմբակի առաքելութիւնը, որովհետեւ Լիբանան եւ լիբանանցիները արժանի են լաւագոյն օժանդակութեան, որպէսզի...

Աշխատանքի Նախարարութիւնը Կը Բացայայտէ  Ելեկտրականութեան Ընկերութեան Մէջ  Զեղծարարութեամբ Գործող 54 Թուրք Պաշտօնեաներ

Աշխատանքի Նախարարութիւնը Կը Բացայայտէ Ելեկտրականութեան Ընկերութեան Մէջ Զեղծարարութեամբ Գործող 54 Թուրք Պաշտօնեաներ

Աշխատանքի նախարարութեան պաշտօնէութեան հսկող բաժանմունքը երէկ բացայայտեց, որ ելեկտրականութեան հոսանք արտադրող «Քար փաուըրշիփ» թրքական նաւուն եւ Ելեկտրականութեան ընկերութեան միջեւ աշխատանքի շրջագիծին մէջ զեղծարարութեամբ կը գործեն 54 թուրք պաշտօնեաներ: Անոնք արձանագրուած են իբրեւ բեռնակիրներ, մաքրութեան աշխատաւորներ, սակայն կը գործեն իբրեւ արհեստագէտներ եւ ճարտարապետներ: Զուք Մուսպեհի մէջ գործող «Քար փաուըրշիփ» ընկերութիւնը Ելեկտրականութեան ընկերութեան դիմած է աշխատանքի արտօնագիր ապահովելու վերոնշեալ 54 թուրք աշխատաւորներուն,...

Պուրճ Համուտի Եւ Այնճարի  Քաղաքապետութիւններուն Կեցուածքները`  Աղբի Տագնապին Մասին

Պուրճ Համուտի Եւ Այնճարի Քաղաքապետութիւններուն Կեցուածքները` Աղբի Տագնապին Մասին

Կարօ Փամպուքեան Ճորճ Գրիգորեան Լիբանանի դիմագրաւած աղբի տագնապին ծիրին մէջ, Լիբանանի պետական պատկերասփիւռի կայանը «Մաշաքել ուա հուլուլ» յայտագիրին ընդմէջէն լուսարձակի տակ առաւ Պուրճ Համուտի եւ Այնճարի աղբանոցներուն պարագաները: Յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին Այնճարի քաղաքապետ Կարօ Փամպուքեան եւ Պուրճ Համուտի փոխքաղաքապետ Ճորճ Գրիգորեան: Կարօ Փամպուքեան շեշտեց, որ իրենք կտրականապէս կը մերժեն Մասնաայի մէջ հաստատուելիք աղբանոցը` նկատի ունենալով, որ արեւելեան լեռնաշղթային ստորերկրեայ ջուրերը...

Դոկտ. Մարալ Կիտանեան  Պիտի Մեկնի Գահիրէ

Դոկտ. Մարալ Կիտանեան Պիտի Մեկնի Գահիրէ

Դոկտ. Մարալ Կիտանեան Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան ընդհանուր տնօրէն դոկտ. Մարալ Կիտանեան վաղը` կիրակի, 4 հոկտեմբեր 2015-ին պիտի մեկնի Գահիրէ` ընդառաջելով ՄԱԿ-ի բնակչութեան ֆոնտին հրաւէրին: Դոկտ. Կիտանեան Գահիրէի մէջ պիտի մասնակցի շրջանային վարժանիստի մը, որ կը վերաբերի արաբական աշխարհին մէջ բնակչութեան եւ բարգաւաճման իրագործումին առաջնահերթութիւնները ճշդելու առաքելութեան` հիմնուելով բնակչութեան եւ բարգաւաճման մասին միջազգային խորհրդաժողովի աշխատանքային ծրագիրին սկզբունքներուն վրայ: Երկուշաբթի, 5 եւ երեքշաբթի,...

Ժոմպլաթ. «Սուրիոյ Դէպքերը  Վախազդու Են Եւ Ողբերգական»

Ժոմպլաթ. «Սուրիոյ Դէպքերը Վախազդու Են Եւ Ողբերգական»

Ուալիտ Ժոմպլաթ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ անդրադարձաւ Սուրիոյ մէջ արձանագրուող իրադարձութիւններուն` դիտել տալով, որ Սուրիոյ մէջ պատահածը վախազդու է եւ ողբերգական: Ժոմպլաթ յայտնեց, որ սուրիացի ժողովուրդը առանձին ձգուած է ՏԱՀԵՇ-ի նալին եւ սուրիական վարչակարգի ու Ռուսիոյ սալին միջեւ: «Բոլոր դիմակները վերացան: Սուրիացի ժողովուրդը կը սպաննուի եւ կ՛արտագաղթէ: Այս ժողովուրդին աղէտը նման է պաղեստինցիներուն աղէտին: Ռուսական արջը դիւանագիտական...

Քաղաքացիական Ընկերութիւնը Կառավարութենէն  Կը Պահանջէ Պաշտօնապէս Ներում  Հայցել Լիբանանցիներէն

Քաղաքացիական Ընկերութիւնը Կառավարութենէն Կը Պահանջէ Պաշտօնապէս Ներում Հայցել Լիբանանցիներէն

Քաղաքացիական ընկերութեան ներկայացուցիչներ երէկ Ռիատ Սոլհ հրապարակին վրայ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեցին, որ իրենք առաջին օրէն իսկ կառավարութենէն պահանջած են աղբի տագնապը լուծել` աւելցնելով, որ քաղաքացիական ընկերութիւնը օր մը օրանց աղբի տագնապին լուծման դէմ չէ եղած: Անոնք շեշտեցին, որ լիբանանեան պետութեան արձանագրած ձախողութիւնը պատճառ դարձաւ, որ քաղաքացիները այս իրավիճակին հասնին: Քաղաքացիական ընկերութեան ներկայացուցիչները հաստատեցին, որ իրենք կը մերժեն...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ուժերը Պեքաայի մէջ ձերբակալած են Արսալի բնակիչներէն Մ. Ռ.-ն, որ ահաբեկչական խմբաւորումներու անդամ է եւ մասնակցած ահաբեկչական ահաւոր գործողութիւններու: ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս շեշտեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի զինք տեղեակ պահած է զինուորական նշանակումներուն առումով իր համաձայնութեան մասին: ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպ յայտնեց, որ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը իրենց համար սրբազան է` աւելցնելով, որ երկրին ապակայունացումը ոչ...

«Լիբանանը Պաշտպանել Կը Նշանակէ  Պաշտպանել Արեւելքի Մէջ Բազմազանութեամբ  Հարուստ Կարեւորագոյն Օրրանը»  Շեշտեց Վարչապետ Սալամ

«Լիբանանը Պաշտպանել Կը Նշանակէ Պաշտպանել Արեւելքի Մէջ Բազմազանութեամբ Հարուստ Կարեւորագոյն Օրրանը» Շեշտեց Վարչապետ Սալամ

Թամմամ Սալամ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 70-րդ նստաշրջանին ընթացքին վարչապետ Թամմամ Սալամ շեշտեց, որ Լիբանան իբրեւ միջազգային ընտանիքի լիիրաւ անդամ անշեղ կը մնայ իր պարտաւորութիւններէն եւ կը գործէ ՄԱԿ-ի ուխտին համաձայն` յարգելով խաղաղութիւնը, իր ճակատագիրը ինքնուրոյն կերպով որոշելու ժողովուրդին իրաւունքը, մարդկային իրաւունքներն ու ազատութիւնները: Վարչապետ Սալամ ՄԱԿ-ի ամպիոնէն բարձրացուց խեղդամահ դարձած եռամեայ սուրիացի գաղթական Այլանի լուսանկարը` շեշտելով, որ այդ մէկը կը...

«Աղբի Տագնապը Բարդ Է, Սակայն  Պիտի Չյուսալքուինք,  Մինչեւ Լուծման Յանգիլը»  Շեշտեց Շեհայէպ

«Աղբի Տագնապը Բարդ Է, Սակայն Պիտի Չյուսալքուինք, Մինչեւ Լուծման Յանգիլը» Շեշտեց Շեհայէպ

Աքրամ Շեհայէպ Երկրագործութեան նախարար Աքրամ Շեհայէպ երէկ երեկոյեան հանդիպում մը ունեցաւ ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի հետ, որուն հետ քննարկեց աղբի տագնապին հարցը: Հանդիպումէն ետք Շեհայէպ յայտնեց, որ նկատի ունենալով, որ վարչապետ Թամմամ Սալամ վերադարձած է Լիբանան, այսօր ինք եւ ներքին գործոց նախարարը հանդիպում մը պիտի ունենան վարչապետին հետ, որպէսզի զայն տեղեակ պահեն աղբի տագնապին լուծման առումով կատարուած խորհրդակցութիւններուն արդիւնքէն...

Page 899 of 986 1 … 898 899 900 … 986

Արխիւներ