
Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ, Վատիկանի մէջ շաբաթ առաւօտեան հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանչիսկոս պապին հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան շրջանային եւ լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս քրիստոնեայ համայնքը յուզող հարցերը:
Ֆրանչիսկոս պապը ընդգծեց իր հետաքրքրութիւնը` Լիբանանի նախագահական ընտրութեան եւ քրիստոնեայ համայնքին նկատմամբ:
Ապպաս Իպրահիմ Ֆրանչիսկոս պապին նուիրեց ԺԸ. դարու սրբանկար մը: