Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Առեւանգուած Բանակայիններուն Հարազատները Վերադարձան Փողոց

Հոկտեմբեր 5, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

arevankevadz_10-04-15

Առեւանգուած բանակայիններուն հարազատները երէկ կէսօրին բողոքի ցոյց մը կատարեցին Կեդրոնական Պէյրութի մէջ` բարձրացնելով իրենց զաւակներուն լուսանկարները եւ փակելով դէպի Ռիատ Սոլհ հրապարակ տանող Դրամատուներուն փողոցը:

Անոնք պահանջեցին անյապաղ լուծել իրենց զաւակներուն թղթածրարը:

Առեւանգուած բանակայիններուն հարազատներուն անունով խօսք առաւ Հիւսէյն Եուսեֆ` առեւանգուած բանակային Մոհամետ Եուսեֆի հայրը, որ հաստատեց, որ իրենց զաւակներուն հարցը առաջնահերթութիւն է` աւելցնելով, որ ազգային երկխօսութեան երեք նիստ գումարուած է արդէն, սակայն ոչ մէկ անգամ նշուած է առեւանգուած բանակայիններուն հարցը:

Ան արտայայտեց իր ցասումը այն մասին, որ առեւանգուողները ո՛չ լիբանանցիներուն եւ ո՛չ ալ պատասխանատուներուն հոգատարութեան արժանի են, այլ միայն իրենց: «Մենք` իբրեւ առեւանգուած բանակայիններուն ընտանիքները, մագլցողական քայլերու պիտի դիմենք եւ պատրաստ ենք այդ թղթածրարին լուծման համար մեռնելու: ՏԱՀԵՇ-ի մօտ գտնուող մեր զաւակներուն մասին ութ ամիսէ ի վեր լուր չկայ, եւ տեղեկութիւններ ունինք, որ անոնց ազատ արձակումին առումով ոչ մէկ ճիգ ի գործ կը դրուի», ըսաւ ան:

Եուսեֆ շեշտեց նաեւ, որ իրենք ոչ մէկ պատասխանատուի նկատմամբ վստահութիւն ունին` կոչ ուղղելով քաղաքացիական ընկերութեան շարժումին իրենց զօրակցելու:

Իբրեւ մագլցողական խորհրդանշական քայլ, առեւանգուած բանակայիններուն հարազատները հրկիզուած անիւներով փակեցին նաեւ Պէյրութի միջազգային օդակայան տանող հին ճամբան, ապա վերաբացին զայն:

Անոնք կոչ ուղղեցին լիբանանցիներուն յառաջիկայ կիրակի, 11 հոկտեմբերին, միանալու Ռիատ Սոլհի վրայ իրենց կատարելիք ցոյցին, ինչպէս նաեւ լիբանանեան պետութենէն պահանջեցին իրենց զաւակներուն թղթածրարը քննարկել երկխօսութեան նիստին ընթացքին:

Նախորդը

Վարչապետ Սալամ Միքաթիի Հետ Քննարկեց Թրիփոլիի Վերաբերող Հարցեր

Յաջորդը

«Վանայ Ձայն» Կը Պարգեւատրէ Մեծերը

RelatedPosts

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?