Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քաղաքացիական Ընկերութեան Տարբեր Խմբաւորումներուն Շաբաթավերջի Շարժումները

October 5, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ռաուշէ-Տալիայի մէջ կատարուած բողոքի ցոյցէն պահ մը
Ռաուշէ-Տալիայի մէջ կատարուած բողոքի ցոյցէն պահ մը

Քաղաքացիական եւ ժողովրդային շարժումի տարբեր խմբաւորումները կը պատրաստուին հինգշաբթի, 8 հոկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Նահատակաց հրապարակին վրայ տեղի ունենալիք նստացոյցին, որ պիտի կատարուի «Ձմեռը մօտեցաւ, երկիրը աղբերու մէջ խեղդուած է, ախտերը մեր տան սեմին են, իսկ իշխանութիւնը կը յապաղի իր պարտաւորութիւնները գործադրելու իմաստով» ընդհանուր կարգախօսին ներքեւ:

Մինչեւ վերոնշեալ նստացոյցը, անցեալ շաբաթավերջին քաղաքացիական ընկերութեան տարբեր խմբաւորումները կատարեցին շարք մը շարժումներ, որոնց շրջագիծին մէջ «Երկիր կ՛ուզենք» քաղաքացիական ընկերութեան շարժումը շաբաթ առաւօտեան բողոքի նստացոյց մը կատարեց Ընկերային ապահովագրութեան ազգային սնտուկին (տաման) կեդրոնին դիմաց, Ուաթա Մսայթպէ:

Խումբ մը ցուցարարներ պահանջեցին Ընկերային ապահովագրութեան ազգային սնտուկին մէջ բոյն դրած փտածութեան վերջ դնել, ինչպէս նաեւ պետական հաստատութիւններուն պաշտօնեաները ընդունիլ անոնց կարողութիւններուն համաձայն եւ ոչ թէ այս կամ այն պատասխանատուին միջամտութեամբ:

Շաբաթ կէսօրէ ետք Ժիէի եւ Ռաուշէ-Տալիայի մէջ կատարուեցան երկու տարբեր ցոյցեր:

«Հաշուետուութեան պիտի կանչենք» արշաւը Ժիէի ելեկտրականութեան ընկերութեան դիմաց կատարեց բողոքի ցոյց մը, որուն ընթացքին Ելեկտրականութեան ընկերութիւնը ամբաստանեց աւազակութեան յանցանքով եւ իր խօսքը ուղղելով նախարարներուն եւ երեսփոխաններուն ըսաւ. «Պիտի չարտօնենք, որ մեզի գողնաք եւ մեզի սպաննէք թունաւոր այս կազերով: Մեր երթը պիտի շարունակենք մինչեւ մեր բոլոր իղձերուն իրագործումը եւ ձեզի հաշուետուութեան պիտի կանչենք»:

Իր կարգին, «Փոփոխութեան սեմին» արշաւը Ռաուշէ-Տալիայի մէջ կատարեց բողոքի ցոյց մը, որուն ընթացքին մերժեց հանրութեան պատկանող տարածքները սեփականաշնորհել:

Արշաւին անդամները շեշտեցին, որ Պէյրութը վերածուած է առեւտուրի կղզիներու եւ պարպուած իր քաղաքացիներէն:

Անոնք պահանջեցին նաեւ, որ անարդար ձերբակալումներուն վերջ մը դրուի եւ ձերբակալեալները ազատ արձակուին: Այս առումով, «Փոփոխութեան սեմին» արշաւին անդամները պահանջեցին ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի եւ կենսոլորտի նախարար Մոհամետ Մաշնուքի հրաժարականները, ինչպէս նաեւ պահանջեցին քաղաքապետարաններուն յատկացնել անոնց նիւթական արդար իրաւունքները:

Միւս կողմէ, երէկ երեկոյեան Աքքարի մէջ Հալպա հրապարակին վրայ կատարուեցաւ բողոքի ցոյց մը, որուն ընթացքին Աքքարի բնակիչները մերժեցին իրենց շրջանին մէջ գոյանալիք աղբանոցը:

«Աքքարը աղբանոց չէ» շարժումին կազմակերպած նստացոյցին մասնակցող ցուցարարներուն միացաւ նաեւ Աքքարի երեսփոխան Խալետ Տահեր, որ իշխանութիւններէն պահանջեց պատասխանատուութեամբ վարուիլ աղբի տագնապի լուծման թղթածրարին հետ եւ կառուցել արդի եւ առողջապահական աղբանոց մը: Ան մերժեց Աքքարը աղբանոցի վերածել եւ ներքին գործոց նախարարին կոչ ուղղեց իր ձեռքերը հեռացնելու Աքքարէն:

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Ֆրանչիսկոս Պապ Ընդունեց Ապպաս Իպրահիմը

RelatedPosts

Պատերազմի Զարկերու Մթնոլորտին Մէջ.  Լիբանան Քաղաքական Եւ Դիւանագիտական Քայլերով Կը Հակադարձէ Իսրայէլի  Ներխուժման Ընչաքաղց Ախորժակներուն
Գլխաւոր լուրեր

Պատերազմի Զարկերու Մթնոլորտին Մէջ. Լիբանան Քաղաքական Եւ Դիւանագիտական Քայլերով Կը Հակադարձէ Իսրայէլի Ներխուժման Ընչաքաղց Ախորժակներուն

March 5, 2026
Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Սուրիան Լիբանանի Հետ Իր Սահմաններուն Վրայ  Ուժ Կուտակած Է. Գոյութիւն Ունին Լիբանանեան  Ներթափանցման Վերաբերեալ Եւրոպական  Ու Լիբանանեան Մտավախութիւններ
Լիբանանեան

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի. Սուրիան Լիբանանի Հետ Իր Սահմաններուն Վրայ Ուժ Կուտակած Է. Գոյութիւն Ունին Լիբանանեան Ներթափանցման Վերաբերեալ Եւրոպական Ու Լիբանանեան Մտավախութիւններ

March 5, 2026
Տեղահանուածներու Իրավիճակը Առանցքային Գլուխ`  Պատկան Մարմիններու Քննարկումներու Ընթացքին
Լիբանանեան

Տեղահանուածներու Իրավիճակը Առանցքային Գլուխ` Պատկան Մարմիններու Քննարկումներու Ընթացքին

March 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.