ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը շաբաթ յետմիջօրէին ռմբակոծեց Արսալի բարձունքները` թիրախ դարձնելով զինեալներուն շարժումները: Իր կարգին, Հըզպալլա թիրախ դարձուց Սըրղայայի բարձունքներուն վրայ գտնուող զինեալները:
ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը հաղորդագրութեամբ մը յայտնեց, որ Պաալպեքի մէջ ձերբակալած է Ապու Աքրաա ծածկանունով քաղաքացի մը, որ ահաբեկչական գործողութիւններ կատարած է եւ կը պատկանի ահաբեկչական բջիջի մը: Միւս կողմէ, լիբանանեան բանակը Թրիփոլիի մէջ ձերբակալած է Ամեր Օմար Պըպ անունով քաղաքացի մը, որ ահաբեկչական խմբաւորումներու մաս կը կազմէ:
ԿԸ նախատեսուի, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը երկխօսութեան յաջորդ նիստին մասնակցի` առանց յստակ դարձնելու այդ նիստին մասնակցող ղեկավարին ինքնութիւնը:
ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Օքազ» օրաթերթին համաձայն, կը նախատեսուի, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի յետաձգէ ազգային երկխօսութեան նիստը, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի բացակայութեան պարագային:
ՊԷՅՐՈՒԹԻ միջազգային օդակայանին ապահովական կառոյցը ձախողեցուցած է 40 քիլոկրամ թմրեցուցիչի (քոքային) Լիբանան մուտքը: Թմրեցուցիչը բացայայտուած է Պրազիլէն եկող պուլկարացի ճամբորդի մը պայուսակներուն մէջ:
ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս շեշտեց, որ կացութիւնը տակաւին կը մնայ բարդ` աւելցնելով, որ կառավարութիւնը այսօր եւս իր նիստը պիտի չգումարէ:
ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Սըժաան Քազզի շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ պէտք է տոկալ եւ կառավարութիւնը պահել երկրին դիմագրաւած ճակատագրական այս հանգրուանին ընթացքին:
ՊԵՏԱԿԱՆ նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ յայտնեց, որ իրենք պետական հաստատութիւններուն աշխատանքները խոչընդոտելու պատասխանատուութիւնը կը վերագրեն Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն, յատկապէս Մուսթաքպալ հոսանքին:
ԸՍՏ երկրագործութեան նախարար Աքրամ Շեհայէպի, կառավարութեան վաւերացուցած աղբի տագնապին լուծման ծրագիրը պիտի գործադրուի եւ Նաամէի աղբանոցը 7 օրուան համար պիտի վերաբացուի:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Հանի Քպայսի շեշտեց, որ երկխօսութեան սկզբունքին հաւատացողը պէտք է զիջումներ կատարէ:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Ֆայեատ շեշտեց, որ Սուրիոյ մէջ ռուսական միջամտութիւնը պատճառ պիտի դառնայ, որ երկրին տագնապին քաղաքական լուծումը արագանայ:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ժիհատ Ազուր յայտնեց, որ հզօր նախագահը այն անձն է, որ արժանացած է լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն զօրակցութեան:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Սելիմ Ժրայսաթի յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կողմէ վարչապետ Թամմամ Սալամին ուղղուած կոչը` կառավարութեան նիստին գումարումը յետաձգելու իմաստով, կը միտի փրկել երկխօսութիւնը:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի նախագահ սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտին Սէուտական Արաբիան ամբաստանեց Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնը խոչընդոտելու յանցանքով:
ԱՄԱԼ շարժումի քաղաքական գրասենեակին համաձայն, երկխօսութեան միակ այլընտրանքը բախումներն են, որոնք ոչ ոքի շահերուն կը ծառայեն:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Այուպ Հըմայէտ շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ յոյսի միակ նշոյլը լիբանանեան երկխօսութիւնն է:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա շեշտեց, որ քաղաքական դասակարգին փճացուցածը կարելի է վերականգնել համամասնական ընտրական օրէնքին մշակումով:
ԺԻՊԷՅԼԻ Աքուրա շրջանին մէջ պայթած է ական մը, որուն պատճառով վիրաւորուած է քաղաքացի մը:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Նեպիլ Քաուք շեշտեց, որ Հըզպալլա կը պայքարի Լիբանանի եւ շրջանին մէջ գոյութիւն ունեցող հաւատադրժողական ծրագիրին դէմ:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով լիբանանեան բանակի հրամանատարութենէն, կը գրէ, թէ առաջնահերթութիւնը պէտք է ըլլայ լիբանանեան բանակին պահպանումը:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի մօտիկ աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ Ֆրենժիէ համոզուած է, որ Լիբանանի նախագահական ընտրութեան թղթածրարին առումով մօտալուտ լուծում մը անհաւանական է:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետ տարակարծութիւնները պատճառ չեն կրնար ըլլալ գժտութեան:
ԱԶԳԱՅԻՆ ազատականներու կուսակցութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ սահմանադրութեան թիւ 49-րդ յօդուածին համաձայն, խորհրդարանին կէս առաւել մէկին քուէարկութեամբ պէտք է նախագահական ընտրութիւն կատարել:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Քապպանի շեշտեց, որ իրենք կը փափաքին ունենալ հանրապետութեան հզօր նախագահ մը, որ բոլոր կողմերուն հետ գործակցելու պատրաստ է, յատկանիշներ, որոնք Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունին չեն վերաբերիր:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ ազատականները կոչ ուղղեցին խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիին շարունակելու երկխօսութիւնը, մինչեւ որ կարելի ըլլայ նախագահական ընտրութիւն կատարել:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա շեշտեց, որ լիբանանեան բանակի հրամանատարի պաշտօնին համար գնդապետ-զօրավար Շամել Ռուքոզի մերժումը բանակին համար կորուստ է:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի շեշտեց, որ ընտրական օրինագիծին առումով ոչ մէկ սակարկութիւն կարելի է ընդունիլ:
ԱՆԿԱԽ Նասըրականներու Մուրապիթուն շարժումի քարտուղար Մուսթաֆա Համտան ընդգծեց, որ Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դիրքերուն դէմ ռուսական ռմբակոծումին յաջորդող ժամանակաշրջանը եւ նախորդ հանգրուանը տարբեր պիտի ըլլան իրարմէ: