Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Հոկտեմբեր 6, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան շեշտեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան լուսանցքայնացումը կրնայ միայն փորձանքներ պատճառել եւ դէպի անդունդը առաջնորդել:

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր լիբանանցի բժիշկ Ն. Ս.-ն փոխանցեց ընդհանուր դատախազութեան նիւթական բաժանմունքին, ինչպէս նաեւ հրահանգեց կարմիր մոմով փակել Սոտեքոյի մէջ գտնուող «Քասինօ» բախտախաղի կեդրոնին խոհանոցը:

ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ նախարար Մոհամետ Մաշնուք շեշտեց, որ որսի եղանակը տակաւին պաշտօնապէս չէ յայտարարուած, եւ կոչ ուղղեց դատական իշխանութիւններուն խիստ վարուելակերպ ցուցաբերելու որսի ուղղուող քաղաքացիներուն արտօնագիրները ստուգելու առումով:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլը, որուն հետ քննարկեց դեսպանատան եւ ընդհանուր տնօրէնութեան միջեւ յարաբերութիւնները:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ նախանցեալ երեկոյեան Քլեմանսոյի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էմանուէլ Պոնը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ ընդունեց ընդհանուր դատախազ Սամիր Համմուտը, որուն հետ քննարկեց ապահովութեան վերաբերող շարք մը հարցեր: Մաշնուքի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքին. քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն Ռապիէի մէջ ընդունեց նախկին նախարար Զիատ Պարուտը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքինը, որուն հետ քննարկեց շրջանային եւ յատկապէս Սուրիոյ զարգացումները:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարութեան մէջ արձանագրուած է 30 միլիոն տոլարի մսխում:

«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ» օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ կրթութեան նախարար Էլիաս Ապու Սաապի միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին Պըրրի Ապու Սաապին յայտնած է, որ 16 նախարարներ բաւարար թիւ կը կազմեն կառավարութեան նիստին ընթացքին զինուորական նշանակումները կատարելու համար:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով երկրագործութեան նախարար Աքրամ Շեհայէպէն, կը գրէ, թէ աղբերու տագնապի լուծման ծրագիրը ընթացքի մէջ է եւ մօտիկ ապագային կարելի պիտի ըլլայ զայն գործադրել:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը, հիմնուելով խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի մօտիկ աղբիւրներուն տեղեկութիւններուն վրայ, կը գրէ, թէ աղբերու հարցին լուծման ծրագիրը գործադրելու իմաստով խոչընդոտները պիտի չէզոքանան, իսկ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի բացակայութեան երկխօսութեան նիստ պիտի չգումարուի:

ԱՄԱԼ շարժումի գործադիր խորհուրդի նախագահ Մոհամետ Նասրալլա շեշտեց, որ երկխօսութիւնը միակ միջոցն է, որուն ընդմէջէն կարելի է լուծել Լիբանանի քաղաքական տագնապը:

ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ Պնաշհիի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Հիուկօ Շորթըրը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութիւնը կոչ ուղղեց գործադրելու երկրագործութեան նախարար Աքրամ Շեհայէպի ծրագիրը` կանխարգիլելու համար անձրեւի եւ աղբի միախառնումին իբրեւ հետեւանք արձանագրուելիք թունաւորումները:

 

 

Նախորդը

Անգարա Կը Զգուշացնէ, Մոսկուա Փաստերը Պիտի Ուսումնասիրէ. Ռուսական Պատերազմական Օդանաւ Մը Խզած Է Թուրքիոյ Օդային Սահմանը

Յաջորդը

Մուսթաքպալ-Հըզպալլա Երկխօսութեան 19-րդ Նիստ

RelatedPosts

Մինչ Քաց Օրթէյկըսի Հետ Լիբանանի  Սահմանին Վրայ Կը Շրջի.   Նեթանիահու. «Իսրայէլ Կազայի Կամ Լիբանանի Մէջ Թիրախներ Հարուածելու Համար Ոեւէ Մէկուն Արտօնութեան Կարիքը Չունի»
Գլխաւոր լուրեր

Մինչ Քաց Օրթէյկըսի Հետ Լիբանանի Սահմանին Վրայ Կը Շրջի. Նեթանիահու. «Իսրայէլ Կազայի Կամ Լիբանանի Մէջ Թիրախներ Հարուածելու Համար Ոեւէ Մէկուն Արտօնութեան Կարիքը Չունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Պըրրի. «Ինծի Լիբանանցիներուն Միջեւ Միասնականութիւն Տուր, Եւ Քեզի Իսրայէլի Դէմ Հաստատ Յաղթանակ Կու Տամ»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Սալամ Վատիկանի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Լեւոն ԺԴ. Պապի Հետ
Լիբանանեան

Սալամ Վատիկանի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Լեւոն ԺԴ. Պապի Հետ

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?