Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աշխատանքի Նախարարութիւնը Կը Բացայայտէ Ելեկտրականութեան Ընկերութեան Մէջ Զեղծարարութեամբ Գործող 54 Թուրք Պաշտօնեաներ

October 3, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Turkish EDL Contractor_10-02-15

Աշխատանքի նախարարութեան պաշտօնէութեան հսկող բաժանմունքը երէկ բացայայտեց, որ ելեկտրականութեան հոսանք արտադրող «Քար փաուըրշիփ» թրքական նաւուն եւ Ելեկտրականութեան ընկերութեան միջեւ աշխատանքի շրջագիծին մէջ զեղծարարութեամբ կը գործեն 54 թուրք պաշտօնեաներ:

Անոնք արձանագրուած են իբրեւ բեռնակիրներ, մաքրութեան աշխատաւորներ, սակայն կը գործեն իբրեւ արհեստագէտներ եւ ճարտարապետներ:

Զուք Մուսպեհի մէջ գործող «Քար փաուըրշիփ» ընկերութիւնը Ելեկտրականութեան ընկերութեան դիմած է աշխատանքի արտօնագիր ապահովելու վերոնշեալ 54 թուրք աշխատաւորներուն, սակայն աշխատանքի նախարար Սըժաան Քազզիի պահանջով կատարուած ստուգումներէն ետք ի յայտ եկած է, որ անոնք զեղծարարութեամբ կը գործեն աւելի քան տարիէ մը ի վեր:

Աշխատանքի նախարարութիւնը իբրեւ պատժամիջոց տուգանքներ սահմանեց կեղծուած պաշտօններով գործող թուրք պաշտօնեաներուն:

Նախարարութիւնը այդ մասին ամբողջական թղթածրար մը պիտի պատրաստէ եւ զայն պիտի յղէ ընդհանուր դատախազութեան, որպէսզի բացայայտուին այդ զեղծարարութեան ծալքերը:

Նշենք, որ այս ճշմարտութեան բացայայտումէն ետք «Քար փաուըրշիփ» ընկերութիւնը փոփոխութեան ենթարկեց 54 պաշտօնեաներուն աշխատանքի բնոյթը` ինքզինք յաւելեալ վարկաբեկումէ փրկելու նպատակով:

Նախարար Քազզի խստիւ դատապարտեց այս արարքը` շեշտելով, որ Լիբանանի մէջ անգործութիւնը հասած է 25 առ հարիւրի, իսկ լիբանանցի երիտասարդները կ՛արտագաղթեն երկրէն, մինչ լիբանանցիներուն փոխարէն օտարներ նման պաշտօններ կը ստանձնեն երկրին հաստատութիւններուն մէջ:

Քազզի ցաւ յայտնեց, որ Ելեկտրականութեան ընկերութիւնը լիբանանցի քաղաքացիներուն բաւարար ելեկտրական հոսանք չտրամադրելու կողքին, ելեկտրականութեան մարզին մէջ օտարներուն աւելի պատասխանատու աշխատանք կը տրամադրէ, քան` լիբանանցիներու:

Նախորդը

Պուրճ Համուտի Եւ Այնճարի Քաղաքապետութիւններուն Կեցուածքները` Աղբի Տագնապին Մասին

Յաջորդը

Վարչապետ Սալամ Ընդունեց Հէյլը Եւ Նախագահեց Աղբի Տագնապի Լուծման Յատուկ Նիստին

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.