Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պուրճ Համուտի Եւ Այնճարի Քաղաքապետութիւններուն Կեցուածքները` Աղբի Տագնապին Մասին

October 3, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Կարօ Փամպուքեան
Կարօ Փամպուքեան
Ճորճ Գրիգորեան
Ճորճ Գրիգորեան

Լիբանանի դիմագրաւած աղբի տագնապին ծիրին մէջ, Լիբանանի պետական պատկերասփիւռի կայանը «Մաշաքել ուա հուլուլ» յայտագիրին ընդմէջէն լուսարձակի տակ առաւ Պուրճ Համուտի եւ Այնճարի աղբանոցներուն պարագաները:

Յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին Այնճարի քաղաքապետ Կարօ Փամպուքեան եւ Պուրճ Համուտի փոխքաղաքապետ Ճորճ Գրիգորեան:

Կարօ Փամպուքեան շեշտեց, որ իրենք կտրականապէս կը մերժեն Մասնաայի մէջ հաստատուելիք աղբանոցը` նկատի ունենալով, որ արեւելեան լեռնաշղթային ստորերկրեայ ջուրերը կը գտնուին այդ շրջանին մէջ եւ աղբերը զետեղելու պարագային այդ ջուրերը պիտի թունաւորուին, ըստ գիտական ուսումնասիրութիւններու:

Կ. Փամպուքեան հաստատեց, որ այդ ջուրերը կը հասնին Պեքաայի 350 հազար բնակիչներուն, եւ նման ծրագիր մեծ վտանգ կը սպառնայ այդ շրջանի բնակչութեան, սկսեալ Այթա Ֆխխարէն մինչեւ Նապի Շիթ:

Իր կարգին, Ճորճ Գրիգորեան շեշտեց, որ Պուրճ Համուտի աղբանոցին փակումէն 18 տարի ետք աղբակոյտի լերան վերացման եւ միաժամանակ յաւելեալ աղբ թափելու մասին առաջարկը ինքնին թակարդ մըն է:

Ան նշեց, որ աղբակոյտի լերան վերացումը գիտական չափանիշներով չէ ծրագրուած: Աւելի՛ն, ինչպէ՞ս կարելի է այդ ծրագիրին գործադրութիւնը, երբ անոր զուգահեռ  հարիւր հազարաւոր թոներով աղբի կուտակում պիտի կատարուի:

«Պուրճ Համուտը երեսուն տարի շարունակ հանդուրժած է Պէյրութի եւ Լեռնալիբանանի երեք քառորդին աղբերը: Իսկ 18 տարի շարունակ Պուրճ Համուտի աղբանոցին մէջ կատարուած է Նաամէի աղբանոց փոխադրուող աղբերուն խմորումը, որ ամէնէն աւելի գարշահոտութիւն կը պատճառէ, այսինքն` մենք Նաամէի բնակիչներուն հետ հաւասարապէս հանդուրժած ենք այս բոլորը: Հետեւաբար աւելի քան 40 տարիէ ի վեր մենք կը հանդուրժենք այս բոլորը եւ կը մերժենք յաւելեալ աղբ ընդունիլ` աղբակոյտի լեռը վերացնելու պատրուակին ներքեւ», հաստատեց ան:

 

Նախորդը

Դոկտ. Մարալ Կիտանեան Պիտի Մեկնի Գահիրէ

Յաջորդը

Աշխատանքի Նախարարութիւնը Կը Բացայայտէ Ելեկտրականութեան Ընկերութեան Մէջ Զեղծարարութեամբ Գործող 54 Թուրք Պաշտօնեաներ

RelatedPosts

Հաստատ Մնալով Դիմադրութիւնը Ապազինելու  Կառավարութեան Որոշումին Վրայ.  Լիբանան Կ՛ընդլայնէ Դիւանագիտական  Շփումներու Ծիրը
Գլխաւոր լուրեր

Հաստատ Մնալով Դիմադրութիւնը Ապազինելու Կառավարութեան Որոշումին Վրայ. Լիբանան Կ՛ընդլայնէ Դիւանագիտական Շփումներու Ծիրը

March 10, 2026
Լիբանանեան Խորհրդարանը Երկու Տարիով  Երկարաձգեց Իր Պաշտօնավարութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանեան Խորհրդարանը Երկու Տարիով Երկարաձգեց Իր Պաշտօնավարութիւնը

March 10, 2026
Հայեացքը Արեւելեան Լեռնաշղթային Ուղղելով`  Իսրայէլ Կը Սաստկացնէ Իր Հարուածները`  Թիրախաւորելով Յատկապէս Ենթակառոյցները
Լիբանանեան

Հայեացքը Արեւելեան Լեռնաշղթային Ուղղելով` Իսրայէլ Կը Սաստկացնէ Իր Հարուածները` Թիրախաւորելով Յատկապէս Ենթակառոյցները

March 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.