Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Սալամ Ընդունեց Հէյլը Եւ Նախագահեց Աղբի Տագնապի Լուծման Յատուկ Նիստին

October 3, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Հէյլ եւ Սալամ
Հէյլ եւ Սալամ

Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, Լիբանանին, լիբանանցիներուն եւ բանակին օժանդակելու հեռանկարները, Նիւ Եորքի մէջ վարչապետ Սալամի ունեցած հանդիպումներուն արդիւնքները:

Հանդիպումէն ետք Հէյլ յայտնեց, որ իրենք անհրաժեշտ կը նկատեն Լիբանանի օժանդակութեան միջազգային յատուկ խմբակի առաքելութիւնը, որովհետեւ Լիբանան եւ լիբանանցիները արժանի են լաւագոյն օժանդակութեան, որպէսզի կարելի ըլլայ պահպանել երկրին կայունութիւնն ու գերիշխանութիւնը:

Հէյլ յայտնեց, որ Ուաշինկթըն համոզուած է, որ լիբանանեան բանակը միակ օրինական հաստատութիւնն է, որ կրնայ պահպանել երկրին սահմանները եւ այդ պարտականութիւնը կատարելու համար անիկա լաւապէս զինուած եւ համապատասխան մարզումը ստացած պէտք է ըլլայ:

«Այս առիթով կը յայտնեմ, որ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը որոշած է յառաջիկայ տարուան ընթացքին լիբանանեան բանակին տրամադրել 150 միլիոն տոլարի օժանդակութիւն», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ անցեալ շաբթուան ընթացքին արդէն իսկ յայտարարուած է, որ Ուաշինկթըն 59 միլիոն տոլար կը տրամադրէ երկրին սահմաններուն ապահովութեան հսկող լիբանանեան բանակին:

Հէյլ ընդգծեց նաեւ Լիբանանի մէջ անյապաղ նախագահական ընտրութիւն կատարելու կարեւորութիւնը:

Մաշնուք, Շեհայէպ եւ Սալամ
Մաշնուք, Շեհայէպ եւ Սալամ

Վարչապետ Սալամի այցելեց նաեւ փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել, որ վարչապետին հետ քննարկեց երկրին մէջ տիրող ընդհանուր իրադարձութիւնները:

Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ նաեւ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանի պաշտպան իրաւաբաններու գրասենեակի նախագահ  Ֆրանսուա Ռու, որ վարչապետը տեղեակ պահեց գրասենեակին աշխատանքներէն:

Վարչապետ Սալամ կէսօրին հաղորդակցութեան նախարար Պութրոս Հարպի հետ քննարկեց նախարարութեան վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ ընդունեց երկրագործութեան նախարար Աքրամ Շեհայէպը, որուն հետ քննարկեց աղբի տագնապի լուծման հեռանկարները:

Հանդիպումէն ետք Շեհայէպ յայտնեց, որ աղբի տագնապին լուծման առումով քաղաքացիական ընկերութեան կեցուածքը լաւ է եւ դրական` աւելցնելով, որ երեկոյեան ժամը 6:00-ին աղբի տագնապին առնչուող բոլոր կողմերը հանդիպում մը պիտի ունենան վարչապետ Սալամի հետ:

Երեկոյեան վարչապետ Սալամ նախագահեց աղբի տագնապի լուծման յատուկ նիստին, որուն ընթացքին ան զգուշացուց բոլորը, թէ աղբի տագնապին հարցը բնական հարց մը չէ, այլ` անոր լուծման համար արտակարգ ճիգ եւ ջանք պահանջող հարց:

Սալամ ընդգծեց, որ աղբի տագնապին առնչուող նիստերը բաց պիտի մնան` շեշտելով, որ երկրագործութեան եւ ներքին գործոց նախարարներուն կողմէ որդեգրուած օրինական, թեքնիք եւ վարչական բոլոր քայլերը պէտք է անմիջապէս գործադրել:

Նիստէն ետք Շեհայէպ յայտնեց, որ նիստին ընթացքին բոլորը հաստատեցին, որ իրենց պարտականութիւնն է ստեղծել առողջապահական չափանիշներով աղբանոցներ` աւելցնելով, որ  այս որոշումը կառավարութեան վերջնական որոշումն է, եւ իր խօսքը Աքքարի եւ Պեքաայի բնակչութեան կը վերաբերի:

Շեհայէպ շեշտեց, որ երկուշաբթի օր վարչապետ Սալամի հետ այլ հանդիպում մը եւս պիտի ունենայ` սերտելու համար այդ ծրագիրին գործադրութեան հեռանկարները, յատկապէս Սրարի եւ Պեքաայի մէջ աղբանոցները շինելու աշխատանքները սկսելու առումով:

Նախորդը

Աշխատանքի Նախարարութիւնը Կը Բացայայտէ Ելեկտրականութեան Ընկերութեան Մէջ Զեղծարարութեամբ Գործող 54 Թուրք Պաշտօնեաներ

Յաջորդը

«Փափա Քիւնցլերի Կեանքը Սիրոյ Գործնական Արտայայտութիւնն Է» Յայտնեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.