Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի գնդապետ Մարուն Քպէյաթին նշանակեց բանակի մասնայատուկ ուժերու հրամանատար, գնդապետ-զօրավար Շամել Ռուքոզի փոխարէն: ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարարութիւնը զգուշացուց ոչ լիբանանցի վարորդները նման աշխատանք մը ստանձնելէ` շեշտելով, որ վարորդի աշխատանքը միայն լիբանանցի քաղաքացիներուն իրաւունքն է: Նախարարութիւնը զգուշացուց նաեւ ոչ լիբանանցի վարորդներու աշխատանքի առիթ տուած ընկերութիւններն ու հաստատութիւնները եւ անոնց 15 օրուան պայմանաժամ ճշդեց` լուծելու իրենց հարցերը: ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ...

Երկխօսութեան Զոյգ Նիստերուն Ընթացքին  Շարունակուեցան Քննարկուիլ  Հանրապետութեան Նախագահին Յատկանիշները

Երկխօսութեան Զոյգ Նիստերուն Ընթացքին Շարունակուեցան Քննարկուիլ Հանրապետութեան Նախագահին Յատկանիշները

Երկխօսութիւնը երէկ զոյգ նիստերուն ընդմէջէն շարունակեց իր աշխատանքները` քննարկելով հանրապետութեան նախագահին յատկանիշները: Կէսօրուան ժամը 12:00-ին, խորհրդարանին մէջ գումարուեցաւ երկխօսութեան Զ. նիստը, որուն ներկայ գտնուեցան խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի եւ անոր քաղաքական խորհրդատու, ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ, վարչապետ Թամմամ Սալամ եւ ընկերային հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Արթիւր...

Մուքպել Այցելեց Զօր. Քահուաժիի  Եւ Ընդունեց Ֆրանսայի Դեսպանը

Մուքպել Այցելեց Զօր. Քահուաժիի Եւ Ընդունեց Ֆրանսայի Դեսպանը

Մուքպել, Պոն եւ Ֆրանսայի դեսպանատան զինուորական կցորդը Փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել երէկ այցելեց բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի, որուն հետ քննարկեց բանակին իրավիճակն ու անոր կարիքները: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ նաեւ ըստ օրէնքի զինուորականներու պաշտօնի բարձրացման թղթածրարը, որուն առնչութեամբ երկու կողմերը համաձայն էին բանակը հեռու պահելու քաղաքական լարուածութենէ: Միւս կողմէ, Մուքպել պաշտպանութեան նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան...

Քաղաքացիական Ընկերութեան Արշաւները  Երթ Մը Կազմակերպեցին  Դէպի Վարչապետ Սալամի Բնակարանը

Քաղաքացիական Ընկերութեան Արշաւները Երթ Մը Կազմակերպեցին Դէպի Վարչապետ Սալամի Բնակարանը

Քաղաքացիական ընկերութեան արշաւները երէկ առաւօտեան ժամը 4:00-ին կազմակերպած են քայլարշաւ մը` Քոլայէն ուղղուելով դէպի վարչապետ Թամմամ Սալամի բնակարանը, Մուսայթպէ: Բողոքի այս ցոյցին մասնակիցները պահանջած են կառավարութենէն անմիջապէս նիստ մը գումարել եւ աղբերը հաւաքելու որոշում տալ: Նշենք, որ քաղաքացիական ընկերութեան արշաւները` «Հոտերնիդ ելաւ», «Հաշուետուութեան պիտի կանչենք», «Փոփոխութեան սեմին», «Ժողովուրդը կը պահանջէ», «Վարչակարգին դէմ երիտասարդներ», «Դէպի փողոց» եւ այլն, պատրաստուին հինգշաբթի, 8...

«Ուահապականութեան Վտանգը Շրջանին Մէջ  Գոյութենական Վտանգ Է, Իսկ Յուլիսեան  Պատերազմին Սէուտական Արաբիա Սպաննած Է Մեզ»   Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

«Ուահապականութեան Վտանգը Շրջանին Մէջ Գոյութենական Վտանգ Է, Իսկ Յուլիսեան Պատերազմին Սէուտական Արաբիա Սպաննած Է Մեզ» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

Սէյիտ Հասան Նասրալլա Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա նախանցեալ երեկոյեան հանդիպում մը ունեցաւ Աշուրայի ողբասացներու եւ եղերերգուներու հետ: Հանդիպումին ընթացքին սէյիտ Նասրալլա անդրադարձաւ շարք մը իրողութիւններու, որոնց շրջագիծին մէջ շեշտեց, որ Սէուտական Արաբիա պատասխանատու է շրջանին մէջ գործուող սպանութիւններուն` աւելցնելով, որ յուլիսեան պատերազմին ընթացքին Սէուտական Արաբիա սպաննած է զիրենք: «Մենք չենք ուրանար, որ մեր թշնամին Իսրայէլն է, սակայն նաեւ...

Հարիրի. «Սէյիտ Նասրալլա Աշուրայի  Յիշատակը Կը Շահագործէ  Սադրանքներ Հրահրելու»

Հարիրի. «Սէյիտ Նասրալլա Աշուրայի Յիշատակը Կը Շահագործէ Սադրանքներ Հրահրելու»

Սաատ Հարիրի Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի խստիւ դատապարտեց Սէուտական Արաբիոյ դէմ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի կատարած ամբաստանութիւնները` յուլիսեան պատերազմին «մեղսակցելու» առումով: Հարիրի ընդգծեց, որ սէյիտ Նասրալլա Աշուրայի յիշատակը կը շահագործէ սադրանքներ հրահրելու նպատակով: Հարիրի հետեւեալ խօսքը ուղղեց սէյիտ Նասրալլային. «Լիբանանի մէջ Իրանի քաղաքական եւ օրինական ներկայացուցիչը ըլլալու հանգամանքդ չ՛արտօներ, որ դառնաս նաեւ լիբանանցիներուն շահերը ոտնակոխող ներկայացուցիչ մը»:

5 Զինուորականներ Վիրաւորուած Են

5 Զինուորականներ Վիրաւորուած Են

Երէկ Պաալպեքի մէջ վիրաւորուեցան լիբանանեան բանակի 5 զինուորներ, որոնց կեդրոնը թիրախ դարձած էր ռմբակոծումի: Նախնական տեղեկութիւններուն համաձայն, Թալլեթ Համրա-Մահալլեթ Ժարաշի բարձունքին վրայ գտնուող բանակին կեդրոնը ռմբակոծումի ենթարկուած էր ահաբեկչական խմբաւորումներու անդամ զինեալներուն կողմէ:  

Պասիլ Ընդունեց Իրանի Դեսպանը

Պասիլ Ընդունեց Իրանի Դեսպանը

Պասիլ եւ Ֆաթհալի Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ Պուսթրոս պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ֆաթհալին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-իրանեան յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային զարգացումները: Հանդիպումէն ետք Ֆաթհալի Մինայի աղէտին մասին հարցումի մը պատասխանելով շեշտեց, որ այդ աղէտը իրենց համար սրտի խոր ցաւ պատճառած է` աւելցնելով, որ իրենք կը ջանան, որ Սէուտական Արաբիա...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՆԱԽԱՆՑԵԱԼ օր կէս գիշերին Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի օգնականի տեղակալ Կրեկորի Քոսնըր այցելեց Լիբանան: «ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, կառավարութիւնը հաւանաբար այսօր գումարէ իր նիստը, որուն ընթացքին պիտի որդեգրէ յստակ որոշումներ` գործադրելու աղբի տագնապին լուծման ծրագիրը: ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան համաձայն, պենզինի թիթեղին սակը նուազած է 300 լ. ոսկիով, մազութինը` 200 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազը` 100 լ. ոսկիով: ՊԱԱԼՊԵՔԻ մէջ...

Ազգային Երկխօսութեան Նիստը Գումարեց  Իր Չորրորդ Եւ Հինգերորդ Նիստերը.  Այսօր Աշխատանքը Կը Շարունակուի

Ազգային Երկխօսութեան Նիստը Գումարեց Իր Չորրորդ Եւ Հինգերորդ Նիստերը. Այսօր Աշխատանքը Կը Շարունակուի

Երէկ կէսօրուան ժամը 12:00-ին, խորհրդարանին մէջ գումարուեցաւ երկխօսութեան Դ. նիստը, որուն ներկայ գտնուեցան խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի եւ անոր քաղաքական խորհրդատու, ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ, վարչապետ Թամմամ Սալամ եւ ընկերային հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Արթիւր Նազարեան, նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա եւ երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի, նախկին վարչապետ...

Վարչապետ Սալամ Նախագահեց Աղբի  Տագնապին Լուծման Յատուկ Նիստին

Վարչապետ Սալամ Նախագահեց Աղբի Տագնապին Լուծման Յատուկ Նիստին

Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ առաւօտեան ժամը 10:30-ին, վարչապետարանին մէջ նախագահեց աղբի տագնապին լուծման յատուկ նիստի մը, որուն ներկայ գտնուեցան երկրագործութեան նախարար Աքրամ Շեհայէպ, ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեան հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուք, ինչպէս նաեւ Վերաշինութեան եւ բարգաւաճման խորհուրդի նախագահ Նեպիլ Ժսըր: Հանդիպումէն ետք Շեհայէպ յայտնեց, որ Սրարի մէջ աղբանոցի կառուցման աշխատանքները ընթացքի մէջ են` աւելցնելով, որ ժողովուրդը իրաւունք ունի մերժելու, «սակայն մեր...

«Երկխօսութիւնը Ընթացքի Մէջ Է,  Եւ Յոյսով Ենք, Որ Անկէ Դրական  Արդիւնքներ Բխին »  Շեշտեց Զօր. Աուն

«Երկխօսութիւնը Ընթացքի Մէջ Է, Եւ Յոյսով Ենք, Որ Անկէ Դրական Արդիւնքներ Բխին » Շեշտեց Զօր. Աուն

Զօր. Միշել Աուն Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ կէսօրէ ետք, Ռապիէի մէջ նախագահեց համախմբումին ընթացիկ նիստին, որմէ ետք ան մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ըսաւ, որ երկխօսութիւնը ընթացքի մէջ է` յոյս յայտնելով, որ անկէ դրական արդիւնքներ կը բխին: Միւս կողմէ, զօր. Աուն բարձր գնահատելով լիբանանեան բանակին զոհողութիւնները եւ խոնարհելով բանակին նահատակներուն յիշատակին առջեւ կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն...

Առեւանգուած Բանակայիններուն Ընտանիքները Փակեցին Ռաուշէ-Այն Մրայսէ Ճամբան

Իբրեւ բողոք իրենց զաւակներուն թղթածրարին նկատմամբ լիբանանեան իշխանութեան ցուցաբերած անտարբերութեան դէմ, առեւանգուած բանակայիններուն ընտանիքները երէկ կէսօրուան ժամը 12:00-ին փակեցին Ռաուշէ-Այն Մրայսէ ճամբան եւ զայն փակ պահեցին երեք ժամուան համար: Ռաուշէէն արտասանած իրենց խօսքին մէջ անոնք շեշտեցին, որ իրենց նստացոյցով կը պահանջեն երկխօսութեան նիստին օրակարգի կէտերէն մէկը նկատել իրենց զաւակներուն թղթածրարը: Ապա անոնք ուղղուեցան Այն Թինէ, ուր խորհրդանշական ցոյց մը կատարեցին...

Ընդհանուր Ապահովութեան Ուժերը  Կը Ձերբակալեն ՏԱՀԵՇ-ի Անդամ Լիբանանցի Մը

Ապահովութեան Ուժերը Ձերբակալեցին Շարք Մը Յանցագործներ

Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ իր ուժերը Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ ձերբակալած են 15 իրաքցիներ, որոնք կեղծուած անցագիրներ կը կրէին: Միւս կողմէ, ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքը Թրիփոլիի մէջ ձերբակալեց երկու յանցագործներ, որոնք կ՛ապահովեն Թրիփոլիի նաւահանգիստէն Թուրքիա եւ ապա Ռաքքա գացող ու հոն ահաբեկչական խմբաւորումներու անդամակցող երիտասարդներուն փոխադրութիւնը:  

Փոխվարչապետը Այցելեց  Իրանեան Դեսպանատուն

Փոխվարչապետը Այցելեց Իրանեան Դեսպանատուն

Մուքպել եւ Ֆաթհալի Փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել երէկ այցելեց իրանեան դեսպանատուն, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ֆաթհալիի հետ: Հանդիպումէն ետք Մուքպել յայտնեց, որ իր այցելութեան նպատակն էր Մինայի մէջ զոհուած իրանցի ուխտաւորներուն սուգին առիթով ցաւակցութիւն յայտնել դեսպանին, յատկապէս նկատի ունենալով, որ զոհուած մեծ թիւով իրանցիներ Լիբանանի բարեկամներ են, յատկապէս Լիբանանի մէջ նախկին դեսպան Ղատանֆար Ռքըն...

Զաայթեր. «Ահաբեկչութեան Դէմ  Պայքարը Առաջնահերթութիւն Է»

Զաայթեր. «Ահաբեկչութեան Դէմ Պայքարը Առաջնահերթութիւն Է»

Ղազի Զաայթեր Հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Զաայթեր Հերմելի Շըրպին գիւղաքաղաքին մէջ ներկայ գտնուեցաւ Դիմադրութեան եւ իմամ սէյիտ Մուսա Սատըրի նուիրուած ձեռնարկի մը, որուն ընթացքին շեշտեց, որ Հըզպալլա եւ Ամալ շարժումը, ինչպէս նաեւ ազգային եւ իսլամական կուսակցութիւնները պիտի չընդունին երկրին եւ քաղաքացիներուն շահերուն հաշուոյն սակարկութիւն կատարել: Ան ընդգծեց Դիմադրութեան ուղեգիծը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը` շեշտելով, որ լիբանանեան բանակին կողքին Դիմադրութիւնը...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ մարտիկները նախանցեալ գիշեր ռմբակոծած են Զապատանիի արեւելեան բարձունքները եւ Ռանքուսի հովիտը` ուղղակի թիրախ դարձնելով հաւատադրժողական ահաբեկիչները: «ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայէլ Պոկտանով վերահաստատեց Ռուսիոյ կողմէ նախագահական ընտրութիւն կատարելու կարեւորութիւնը: ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլ երէկ այցելեց հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանի, շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալանի եւ ներքին գործոց նախարար...

Հանրօգուտ Շինութեանց Խորհրդարանական Յանձնախումբի Նիստը Վերածուեցաւ Կռիւի Առիթի Մը

Հանրօգուտ Շինութեանց Խորհրդարանական Յանձնախումբի Նիստը Վերածուեցաւ Կռիւի Առիթի Մը

Հանրօգուտ շինութեանց խորհրդարանական յանձնախումբի նիստը երէկ առաւօտեան ժամը 10:30-ին գումարեց նիստ մը` նախագահութեամբ երեսփոխան Մոհամետ Քապպանիի: Նիստին ներկայ գտնուեցան նաեւ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Արթիւր Նազարեան, ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ եւ Հաշուեքննիչ ատեանի նախագահ, դատաւոր Խալիլ Համտան: Նիստին սկիզբը Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխաններուն միջեւ արձանագրուեցաւ բանավէճ մը, որուն շրջագիծին մէջ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան...

Վարչապետարանին Մէջ.  Աղբի Տագնապի  Լուծման Նիստ Եւ Հանդիպումներ

Վարչապետարանին Մէջ. Աղբի Տագնապի Լուծման Նիստ Եւ Հանդիպումներ

Քազզի եւ Սալամ Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ երեկոյեան վարչապետարանին մէջ նախագահեց աղբի տագնապին լուծման յատուկ նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան երկրագործութեան նախարար Աքրամ Շեհայէպ, ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուք, ինչպէս նաեւ այդ թղթածրարի լուծման պատասխանատուներ: Նիստէն ետք Շեհայէպ յայտնեց, որ աղբի տագնապին լուծման առումով աշխատանքները դրական են` աւելցնելով, որ այսօր առաւօտեան ժամը 10:30-ին պիտի գումարուի նաեւ այլ ժողով մը:...

Շթորա-Ժտիթա Ճամբուն Վրայ  Ական Մը Պայթեցաւ

Շթորա-Ժտիթա Ճամբուն Վրայ Ական Մը Պայթեցաւ

Լիբանանեան բանակի ընդհանուր հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ երէկ կէսօրուան ժամը 12:00-ին Շթորա-Ժտիթա ճամբուն վրայ պայթած է 4 քիլոկրամ «Թի. Էն. Թի.» պայթուցիկ նիւթ կրող ական մը, երբ անոր մօտէն անցած է քաղաքացիներ փոխադրող մինի-վան մը: «Պայթումը մարդկային վնասներ չէ պատճառած», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ` աւելցնելով, որ բանակի շրջուն զօրամաս մը անմիջապէս փութացած է դէպքին վայրը, շրջափակումի...

Page 898 of 986 1 … 897 898 899 … 986

Արխիւներ