
Երկրագործութեան նախարար Աքրամ Շեհայէպ երէկ երեկոյեան հանդիպում մը ունեցաւ ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի հետ, որուն հետ քննարկեց աղբի տագնապին հարցը:
Հանդիպումէն ետք Շեհայէպ յայտնեց, որ նկատի ունենալով, որ վարչապետ Թամմամ Սալամ վերադարձած է Լիբանան, այսօր ինք եւ ներքին գործոց նախարարը հանդիպում մը պիտի ունենան վարչապետին հետ, որպէսզի զայն տեղեակ պահեն աղբի տագնապին լուծման առումով կատարուած խորհրդակցութիւններուն արդիւնքէն եւ հետեւաբար քննարկեն տագնապին լուծման ծրագիրին գործադրութեան եղանակը:
Շեհայէպ յայտնեց, որ քաղաքացիական շարժումին կողմնակից կենսոլորտի մասնագէտներուն կողմէ ցարդ պատասխան չէ ստացած աղբի տագնապին լուծման ծրագիրին մէջ կատարուած փոփոխութիւններուն առումով:
«Մենք ասեղով ժայռը կը փորենք: Աղբի տագնապը բարդ է, սակայն պիտի չյուսալքուինք, մինչեւ այդ հարցին առումով լուծման յանգիլը», ըսաւ Շեհայէպ: