Լիբանանեան

Մուսթաքպալ-Հըզպալլա  Երկխօսութեան 20-րդ Նիստ

Մուսթաքպալ-Հըզպալլա Երկխօսութեան 20-րդ Նիստ

Հըզպալլայի եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ երկխօսութեան 20-րդ նիստը նախանցեալ երեկոյեան տեղի ունեցաւ Այն Թինէի մէջ: Նիստին ներկայ գտնուեցան նաեւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի քաղաքական հարցերու օգնական Հիւսէյն Խալիլ, ճարտարարուեստի նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան, Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա, Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սաատ Հարիրիի խորհրդատու Նատեր Հարիրի, ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք, Մուսթաքպալ պլոքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր, ինչպէս նաեւ ելեւմուտքի...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ատեանին մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչ, դատաւոր Սաքըր Սաքըր 5 անհատներ, որոնցմէ երեքը ձերբակալեալ, ամբաստանեց ահաբեկչական կազմակերպութեան մը անդամակցելու յանցանքով: Ամբաստանեալներուն թղթածրարները փոխանցուեցան Զինուորական ատեանի աւագ քննիչ դատախազ Ռիատ Ապու Ղիտայի: ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլ շեշտեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի նախագահ ընտրութիւնը անկարելի է, եւ Հըզպալլա գիտէ այդ մէկը ու կը շարունակէ խոչընդոտել...

Խորհրդարանի Դիւանի Նիստին  Քննարկուեցան Օրակարգային Նախագիծեր

Խորհրդարանի Դիւանի Նիստին Քննարկուեցան Օրակարգային Նախագիծեր

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց խորհրդարանի դիւանի նիստին, որուն ընթացքին սերտուեցաւ խորհրդարանի օրէնսդրական լիագումար նիստին քննարկուելիք օրակարգը: Հանդիպումէն ետք խորհրդարանի փոխնախագահ Ֆերիտ Մքարի հաստատեց, որ խորհրդարանի օրէնսդրական լիագումար նիստին համար ճշդուած են 19 բանաձեւեր, որոնք բոլորն ալ պետութեան ելեւմուտքին եւ վարկերուն կը վերաբերին: Ան դիտել տուաւ, որ ազգային գիտակցութիւնն ու պատասխանատուութիւնը պարտք կը դնէ բոլորիս ուսերուն`...

Փոփոխութիւն Եւ Բարեկարգում  Երեսփոխանական Պլոքի Ժողովէն Ետք.  «Եթէ Աղբերու Թղթածրարի Քննարկման  Ու Կառավարութեան Նիստ Գումարուի,  Մեր Լուծումներով Պիտի Մասնակցինք»  Կ՛ըսէ Ժրէյսաթի

Փոփոխութիւն Եւ Բարեկարգում Երեսփոխանական Պլոքի Ժողովէն Ետք. «Եթէ Աղբերու Թղթածրարի Քննարկման Ու Կառավարութեան Նիստ Գումարուի, Մեր Լուծումներով Պիտի Մասնակցինք» Կ՛ըսէ Ժրէյսաթի

Նախկին նախարար Սելիմ Ժրէյսաթի Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում երեսփոխանական պլոքի երէկուան նիստէն ետք յայտարարեց, որ պլոքի նախագահ երեսփոխան Միշէլ Աուն երկխօսութեան նիստին ընթացքին արծարծած է շարք մը հարցեր, որոնց կարեւորագոյնը հանրապետութեան նախագահին յատկանիշներն ու ընտրական օրէնքն են` բացատրելով, որ նախագահին կարեւորագոյն յատկանիշը ժողովրդային մեծ յենարան մը ունենալն է: Ան նշեց, որ Ազգային ազատ հոսանքի նախարարները ներկայ պիտի գտնուին միայն աղբերու թղթածրարի...

Ներքին Գործոց Նախարարին Այցելելէ Ետք.  «Լիբանանեան Արդարադատութեան Նկատմամբ  Վստահութիւն Ունինք Եւ  Կը Գնահատենք Անոր Պարկեշտութիւնը»  Յայտարարեց Սէուտական Արաբիոյ Դեսպանը

Ներքին Գործոց Նախարարին Այցելելէ Ետք. «Լիբանանեան Արդարադատութեան Նկատմամբ Վստահութիւն Ունինք Եւ Կը Գնահատենք Անոր Պարկեշտութիւնը» Յայտարարեց Սէուտական Արաբիոյ Դեսպանը

Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատունը հաղորդագրութեամբ մը յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրի երէկ այցելած է ներքին գործոց եւ քաղաքապետութիւններու նախարար Նուհատ Մաշնուքի եւ անոր հետ քննարկած ներքին զարգացումները, մասնաւորաբար երկխօսութեան եւ ապահովական սպառնալիքներուն առնչուող հարցեր: Հանդիպումէն ետք դեսպանը լրագրողներուն յայտնած է, որ իր այցելութիւնը արդիւնք է Լիբանանի անվտանգութեան եւ կայունութեան նկատմամբ Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն...

Սալամ Շհայէպի Եւ Ապու Ֆաուրի Հետ  Արծարծեց Աղբերու Թղթածրարին  Վերաբերող Հարցեր

Սալամ Շհայէպի Եւ Ապու Ֆաուրի Հետ Արծարծեց Աղբերու Թղթածրարին Վերաբերող Հարցեր

Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ կէսօրին վարչապետարանին մէջ հանդիպում ունեցաւ երկրագործութեան նախարար Աքրամ Շհայէպի եւ առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրի հետ, որոնց հետ քննարկեց աղբերու ճգնաժամի կարգաւորման առնչուող հարցեր: Հանդիպումէն ետք լրագրողի մը հարցումին պատասխանելով` Շհայէպ յայտնեց. «Հինգշաբթին մօտ է, երէկ վարչապետը երկխօսութեան սեղանին վրայ մեծ դերակատարութիւն ունեցաւ, սակայն հիմա կը սպասենք տեսնելու, թէ արձագանգը դրակա՞ն պիտի ըլլայ, թէ՞ ոչ: Կը...

Ա. Նազարեան Այցելեց  Պըքաաթա Քանաանի Ամբարտակը

Ա. Նազարեան Այցելեց Պըքաաթա Քանաանի Ամբարտակը

Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Արթիւր Նազարեան երէկ այցելեց Պըքաաթա Քանաանի ամբարտակը, ուր իր կատարած յայտարարութեան ընթացքին հաստատեց, որ իր կատարած այցելութեամբ կը վստահեցնէ, որ նախարարութեան ծրագիրները ի զօրու են եւ պիտի իրականացուին` անկախ երկրին մէջ տիրող կացութենէն: Նախարար Նազարեան շեշտեց ջրամբարներու կառուցման անհրաժեշտութիւնը` շրջանին մէջ տիրող ջուրի տագնապի ժամանակաշրջանին: Նախարարը ըսաւ նաեւ, թէ Լիբանան ջրային հարստութիւնը պահպանելու ճիգ պէտք...

Բանակն Ու Ապահովութեան Ուժերը  Կը Շարունակեն Ձերբակալել Ահաբեկչական  Խմբաւորումներու Անդամներ

Ձերբակալութիւններ` Ահաբեկչական Գործունէութիւն Տանելու Յանցանքով

Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշեց, որ պահանջուածներու հետապնդման ծիրին մէջ լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը Լապուէ - Արսալ մայրուղիին վրայ ձերբակալած է սուրիացիներ Զիատ Ապտէլ Ղաֆար Ռային եւ Ապտալլա Մարհի Մասրին` Արսալի բարձունքներուն վրայ գործող ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն մաս կազմելու կասկածով: Լիբանանեան բանակը Այրուն - Թրիփոլի շրջանին մէջ եւս կատարած է ձերբակալութիւններ. Ահմետ Ալի Համատն ու Ահմետ...

Թուրքիոյ Դեսպանը  Այցելեց Միքաթիի

Թուրքիոյ Դեսպանը Այցելեց Միքաթիի

Թուրքիոյ նորանշանակ դեսպան Շաղաթայ Էրճիէս երէկ կէսօրին այցելեց նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի եւ անոր հետ քննարկեց Լիբանանի եւ շրջանային զարգացումները: Թուրքիոյ դեսպանը հանդիպումէն ետք յայտարարեց, որ նախկին վարչապետին տուած իր «բարեկամական» այցելութեան ընթացքին քննարկուած է Լիբանանի եւ շրջանային զարգացումները` աւելցնելով. «Հանդիպումը շատ արդիւնաւէտ էր»:  

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ շեշտեց, որ իրենք մնայուն կերպով դրական պիտի վերաբերին առկայ կացութիւններուն հետ` լիբանանեան պետութեան կառուցման եւ անոր ապահովական կայունութեան ի խնդիր: «ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք խորհրդակցութիւններ կը կատարէ Հըզպալլայի հետ երկխօսութեան մասնակցելու առումով: ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ պաղեստինեան զինեալ թեւի նախկին պատասխանատու Մահմուտ Իսա (ծանօթ իբրեւ Լինօ) յայտնեց, որ Այն Հելուէ եւ...

«Պուրճ Համուտի Աղբանոցը Քննարկման  Առարկայ Չէ, Անիկա Կարմիր Գիծ Է»  Յայտարարեց Յակոբ Բագրատունի

«Պուրճ Համուտի Աղբանոցը Քննարկման Առարկայ Չէ, Անիկա Կարմիր Գիծ Է» Յայտարարեց Յակոբ Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի երէկ յայտարարեց. «Պուրճ Համուտի աղբանոցի հարցը քննարկման առարկայ չէ»` ընդգծելով. «Այդ հարցը կարմիր գիծ է»: Յ. Բագրատունի երէկ ազգային երկխօսութեան նիստի աւարտէն ետք լրագրողներուն յայտնեց. «Պուրճ Համուտի մէջ աղբերու բեռը քսան տարի կրեցինք, եւ ան, որ այդ բեռը չէ կրած ցարդ ի՛նք պէտք է լուծում մը փնտռէ»: Հարցումի մը...

Երկխօսութեան 8-րդ Նիստին Ընթացքին  Քննարկուեցան Հանրապետութեան Նախագահին  Յատկանիշները, Իսկ Հպանցիկ  Ակնարկ` Աղբերու Տագնապին

Երկխօսութեան 8-րդ Նիստին Ընթացքին Քննարկուեցան Հանրապետութեան Նախագահին Յատկանիշները, Իսկ Հպանցիկ Ակնարկ` Աղբերու Տագնապին

26 հոկտեմբերին գումարուած եւ երեք ժամ տեւած ազգային երկխօսութեան 8-րդ նիստին ընթացքին շարունակուեցաւ քննարկուիլ հանրապետութեան նախագահին յատկանիշները, իսկ վերջին կէս ժամուան ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ շուրջ հարիւր օրէ ի վեր երկիրը կլանող աղբերու տագնապին: Երկխօսութեան նիստին ներկայ գտնուեցան խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի եւ անոր քաղաքական խորհրդատու, ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ, վարչապետ Թամմամ Սալամ եւ ընկերային հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս, Հայկական...

Ուսուցիչներու Բողոքի Ցոյց

Ուսուցիչներու Բողոքի Ցոյց

Պետական պաշտօնեաներու եւ ուսուցիչներու աշխատավարձի յաւելման թղթածրարի վաւերացումը պահանջելու շրջագիծին մէջ Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը 26 հոկտեմբերին ընկերային հարցերու նախարարութեան կեդրոնին առջեւ բողոքի ցոյց մը կատարեց` պահանջելով խորհրդարանին օրէնսդրութեան նիստին ընթացքին  վաւերացնել ուսուցիչներուն յաւելումները ճշդող օրինագիծը: Ցուցարարները յայտարարեցին, որ իրենց պահանջներուն նկատմամբ անտարբեր ըլլալու պարագային յաւելեալ մագլցողական քայլերու պիտի դիմեն, դասադուլ պիտի կատարեն եւ կրթական կեանքը անդամալուծեն:

«Հարկ Է Աղբերու Հարցի Թղթածրարին Գծով  Գոյացնել Վճռական Որոշում Մը»  Ըսաւ Կենսոլորտի Նախարարը

«Հարկ Է Աղբերու Հարցի Թղթածրարին Գծով Գոյացնել Վճռական Որոշում Մը» Ըսաւ Կենսոլորտի Նախարարը

Լիբանանի կենսոլորտի նախարար Մոհամետ Մաշնուք երէկ խորհրդաժողովի մը ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց. «Այսօր ականատես կը դառնանք, թէ ամէն բան ենթակայ է հակասական քաղաքական տրամադրութեանց ու որոշումներու, ինչպէս նաեւ քաղաքական ուժերու շանթաժին, մասնաւորաբար աղբերու թղթածրարին մէջ: Հարկ է այդ թղթածրարին գծով գոյացնել վճռական որոշում մը, այդ ալ այսօ՛ր եւ ոչ թէ վաղը: Ճգնաժամը կրնան լուծել բոլոր լիբանանցիները միասնաբար, ի...

Օդակայանին Մէջ Սէուտցի Իշխանի Մը  Օդանաւէն 2 Թոն Թմրեցուցիչ Յայտնաբերուեցաւ

Օդակայանին Մէջ Սէուտցի Իշխանի Մը Օդանաւէն 2 Թոն Թմրեցուցիչ Յայտնաբերուեցաւ

Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ ապահովական մարմինները ձախողութեան մատնեցին դէպի Սէուտական Արաբիա թմրեցուցիչի հսկայական քանակ մը մաքսանենգելու փորձ մը, երբ սէուտցի Ապտելմուհսեն պըն Ուալիտ պըն Ապտելազիզ իշխանի անձնական օդանաւին մէջ յայտնաբերեցին 2 թոն «Քափթակոն» տիպի թմրեցուցիչի դեղահատեր: Աղբիւրներ լիբանանեան «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեցին, որ 280 միլիոն տոլար արժողութեամբ 12 միլիոն դեղահատերը զետեղուած էին 25 տուփերու եւ 6 պայուսակներու մէջ: Աղբիւրները նշեցին,...

Ժահժահ-Թուրքիոյ Դեսպան  Ծանօթացման Հանդիպում

Ժահժահ-Թուրքիոյ Դեսպան Ծանօթացման Հանդիպում

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ երէկ Մեհրապի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ նոր դեսպան Շաղաթայ Արիեսը: Ծանօթացման բնոյթի հանդիպումին ներկայ էր Լիբանանեան ուժերու արտաքին յարաբերութեանց պատասխանատու Փիեռ Ապու Ասի: Հանդիպումին մասնակիցները արծարծեցին Լիբանանի եւ շրջանին մէջ տիրող քաղաքական կացութեան վերաբերող հարցեր: Թուրքիոյ դեսպանը այս առիթով Ս. Ժահժահի յանձնեց յուշանուէր մը:

Աղբի Գետերը Ողողեցին Պէյրութը,  Իսկ Վարչապետ Սալամ Հինգշաբթին Ժամկէտ  Կը Ճշդէ Իր Պաշտօնէն Հրաժարման

Աղբի Գետերը Ողողեցին Պէյրութը, Իսկ Վարչապետ Սալամ Հինգշաբթին Ժամկէտ Կը Ճշդէ Իր Պաշտօնէն Հրաժարման

Ձմեռնային ժամանակացոյցը կիրարկելու առաջին վայրկեաններէն իսկ լիբանանցին վկայեց ձմեռը` տեղատարափ անձրեւներ, ողողուած մայրուղիներ եւ փողոցներ, ուր պարզուած պատկերը այս տարի իւրայատուկ էր, որովհետեւ աղբերը կը ծփային հոնկէ հոսող գետերուն վրայ: Այս ահաւոր ու սարսափելի պատկերը առաւել եւս լուսարձակի տակ առաւ Լիբանանի մէջ յամեցող աղբի տագնապին սպառնացող զանազան վտանգները: Լիբանանեան տարբեր շրջաններուն մէջ տիրական դարձած աղբի գետերու պատկերներուն լոյսին տակ, վարչապետ...

Նաամէ Մահֆուտ Կոչ Կ՛ուղղէ Անձնական  Դպրոցներու Ուսուցիչներուն`  Այսօր Ընդհանուր Գործադուլ Կատարելու

Նաամէ Մահֆուտ Կոչ Կ՛ուղղէ Անձնական Դպրոցներու Ուսուցիչներուն` Այսօր Ընդհանուր Գործադուլ Կատարելու

Անձնական դպրոցներու մէջ դասաւանդող ուսուցիչներու սենտիքայի նախագահ Նաամէ Մահֆուտ երէկ կոչ ուղղեց անձնական բոլոր դպրոցներուն ուսուցիչներուն` այսօր կատարելու ընդհանուր գործադուլ մը եւ մասնակցելու լիբանանեան տարբեր նահանգներուն մէջ տեղի ունենալիք բողոքի նստացոյցերուն: Իր խօսքը ուղղելով Լեռնալիբանանի եւ Պէյրութի մէջ գործող անձնական դպրոցներու ուսուցիչներուն, Մահֆուտ կոչ ուղղեց անոնց` երթալու ընկերային հարցերու նախարարութեան կեդրոն, Պատարօ, մասնակցելու համար հոն տեղի ունենալիք բողոքի նստացոյցին: Մահֆուտ...

«Լիբանանի Մէջ Երկխօսութեան  Այլընտրանք Չկայ»  Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

«Լիբանանի Մէջ Երկխօսութեան Այլընտրանք Չկայ» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

Անցեալ շաբաթ կէսօրին Հարաւային արուարձաններու մէջ Հըզպալլայի կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ Աշուրայի բազմամարդ քայլարշաւ մը, որուն աւարտին Ռայա դաշտին վրայ անձամբ ներկայացաւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա: Սէյիտ Նասրալլա իր խօսքին մէջ կոչ ուղղեց` չսպասելու շրջանային իրադարձութիւններուն` հաստատելով, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը պէտք է նախաձեռնեն երկրին տագնապին լուծման, իրենց աշխուժ մասնակցութիւնը բերելով երկխօսութեան, որուն այլընտրանք գոյութիւն չունի: «Ոչ ոք...

Խալիլ. «Կոչ Պիտի Ուղղենք Գումարելու  Օրէնսդրական Նիստ Մը, Որուն Ընթացքին  Կը Վաւերացուին Հիմնական Օրէնքները»

Խալիլ. «Կոչ Պիտի Ուղղենք Գումարելու Օրէնսդրական Նիստ Մը, Որուն Ընթացքին Կը Վաւերացուին Հիմնական Օրէնքները»

Ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ շաբաթավերջին, Աշուրայի առիթով կատարուած քայլարշաւէն ետք արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ ան հաստատեց, որ լիբանանեան ներքին քաղաքական տագնապը խոր է եւ ունի ճիւղաւորումներ, որոնց լուծման կարելի է սկսիլ ընտրական նոր օրէնք մը մշակելով եւ նախագահական ընտրութիւն կատարելով: Խալիլ շեշտեց, որ իրենք կոչ պիտի ուղղեն` գումարելու օրէնսդրական նիստ մը, որուն ընթացքին պիտի վաւերացուին տնտեսական եւ ելեւմտական մարզին...

Page 891 of 986 1 … 890 891 892 … 986

Արխիւներ