Զօր. Քահուաժի. «Երկրին Ապահովութիւնը Կայուն Է, Սակայն Նախընտրելի Է Գոյացնել Քաղաքական Համաձայնութիւն»
Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի շաբաթավերջին Եարզէի մէջ ընդունեց խմբագիրներու եւ լրագրողներու սենտիքաները ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որոնց ներկայութեան ան շեշտեց, որ Միջին Արեւելքը կը դիմագրաւէ փոխանցման շրջան մը, որուն ընթացքին ան մէկ դարէն միւսը կ՛անցնի: Զօր. Քահուաժի հաստատեց, որ Լիբանան կրնայ այս հանգրուանը նուազագոյն վնասներով աւարտել, եթէ ան միասնական դառնայ, «սակայն եթէ Լիբանանը շարունակէ իր ներքին տարակարծութիւններուն կառչիլ, ապա...


















