
Անձնական դպրոցներու մէջ դասաւանդող ուսուցիչներու սենտիքայի նախագահ Նաամէ Մահֆուտ երէկ կոչ ուղղեց անձնական բոլոր դպրոցներուն ուսուցիչներուն` այսօր կատարելու ընդհանուր գործադուլ մը եւ մասնակցելու լիբանանեան տարբեր նահանգներուն մէջ տեղի ունենալիք բողոքի նստացոյցերուն:
Իր խօսքը ուղղելով Լեռնալիբանանի եւ Պէյրութի մէջ գործող անձնական դպրոցներու ուսուցիչներուն, Մահֆուտ կոչ ուղղեց անոնց` երթալու ընկերային հարցերու նախարարութեան կեդրոն, Պատարօ, մասնակցելու համար հոն տեղի ունենալիք բողոքի նստացոյցին:
Մահֆուտ նշեց, թէ այս քայլերով իրենք կը փորձեն պարտադրել, որ խորհրդարանին կատարելիք անհրաժեշտութեան օրէնսդրութեան նիստին ընթացքին կարելի ըլլայ վաւերացնել ուսուցիչներուն յաւելումները ճշդող օրինագիծը:
«Գործադուլը երկրին սահմանադրութեամբ ճշդուած իրաւունք է, եւ այդ մէկը արգիլելու որեւէ ճնշումի պարագային մենք պիտի դիմենք դատական իշխանութեան», ըսաւ Մահֆուտ` շեշտելով, որ իրենք յանձնառու են իրենց աշակերտներուն ուսման եւ շահերուն:
Միւս կողմէ, կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապ կոչ ուղղեց պետական եւ անձնական դպրոցներու ծնողներուն, աշակերտներուն եւ ուսուցիչներուն` զօրակցելու Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդին եւ անոր ձեռնարկելիք քայլերուն, եթէ խորհրդարանի օրէնսդրական նիստին ընթացքին ուսուցիչներուն յաւելումի օրինագիծը օրակարգէ զանց կացուցուի:
Ապու Սաապ յայտնեց, որ ինք այս իմաստով կը զօրակցին Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդին եւ անոր պահանջներուն:
Ապու Սաապ շեշտեց նաեւ, որ ինք խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է, եւ վերջինս անոր խոստացած է ամէն ջանք ի գործ դնել այդ կէտը անհրաժեշտութեան օրէնսդրութեան նիստին օրակարգին վրայ նկատի ունենալու համար:
Նշենք, որ Կաթողիկէ դպրոցներու ընդհանուր քարտուղար հայր Պութրոս Ազար շեշտեց, որ դպրոցները իրենց դռները պիտի չփակեն` յոյս յայտնելով, որ կրթական առումով այսօր դպրոցական սովորական օր մը ըլլայ:
Ան շեշտեց, որ գործադուլը ուղղուած է պետութեան դէմ եւ ոչ դպրոցներուն: «Ինչո՞ւ գործադուլը կէսօրէ ետք կարելի չէ կատարել», հարց տուաւ ան:


