Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ կէսօրին վարչապետարանին մէջ հանդիպում ունեցաւ երկրագործութեան նախարար Աքրամ Շհայէպի եւ առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրի հետ, որոնց հետ քննարկեց աղբերու ճգնաժամի կարգաւորման առնչուող հարցեր:
Հանդիպումէն ետք լրագրողի մը հարցումին պատասխանելով` Շհայէպ յայտնեց. «Հինգշաբթին մօտ է, երէկ վարչապետը երկխօսութեան սեղանին վրայ մեծ դերակատարութիւն ունեցաւ, սակայն հիմա կը սպասենք տեսնելու, թէ արձագանգը դրակա՞ն պիտի ըլլայ, թէ՞ ոչ: Կը յուսանք, որ դրական ըլլայ: Յամենայն դէպս հինգշաբթի կը տեսնուինք»: